Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Միայն Լիբանանի Մէջ

August 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Այս առաւօտ ինքնաշարժով կ՛անցնիմ ներքին թաղամասէ մը: Յանկարծ խանութպանները դուրս կը վազեն, եւ բոլորին հայեացքները կ՛ուղղուին դէպի երկինք: «Սկսան», կը բացագանչէ մէկը: Կանգ կ՛առնեմ, կ՛իջնեմ ինքնաշարժէն` իմանալու համար եղելութիւնը: Երկու պայթումի ձայն լսուած է: Ի յայտ կու գայ, որ իսրայէլեան օդուժը խզած է ձայնի պատը: Թէեւ հեռաձայնիս վրայ նոյն վայրկեանին կը կարդամ իրականութեան հետ աղերս չունեցող գրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի, թէ շրջանի մը մէջ պայթում եղած է: Այսպէս կ՛ապրինք այսօր Լիբանանի մէջ:

Պատերազմի, աւերի, մահուան եւ անորոշութեան ընդհանուր սպառնալիքի ու արհաւիրքի մթնոլորտին մէջ, երբ մարդ կը սպասէ, սակայն չի գիտեր, թէ ինչի՞ կը սպասէ, իսկապէս մոլորեցնող ու ճնշող ապրում է: Բոլորը դարձած են պարզապէս գուշակ կամ գուշակներու կանխատեսումներուն հետեւորդ:

Սպասողական իրավիճակի լռութեան պատը քանդող իւրաքանչիւր պայթումի ձայն, զարհուրելի ու քստմնելի պաստառ մը կը պարզէ իւրաքանչիւր անհատի մտապատկերին մէջ:

Ամբողջ աշխարհը կլանուած է այս պատերազմով: Դեսպանատուներու` իրենց քաղաքացիներուն ուղղուած Լիբանանէն անմիջապէս հեռանալու կոչերը եւ պահանջները կը կրկնուին սուր կերպով:

Սպասողական ճմլիչ այս հոգեվիճակին մէջ սակայն, անբնական ու անհասկնալի երեւոյթ մը կը պարզուի: Կը տեսնենք, թէ կեանքը բնականոն ու ընթացիկ կերպով շարունակելու վճռականութիւնը դարձած է պայքարի նոր ոճ եւ ընկալում ու պատերազմի հաւանականութիւնը չտեսնելու եւ անտեսելու տրամադրութիւն: Ծրագրուած ձեռնարկները, երգահանդէսներն ու ամառնային փառատօները տարբեր շրջաններու մէջ, նկատառելի թիւերով չեն յետաձգուիր ու կը շարունակուին:

Նոր տեսակի պատերազմ եւ ժողովուրդին կողմէ նոր տեսակի հակադարձութիւն: Այս է այսօրուան լիբանանեան խճանկարը:

Այս ալ պիտի անցնի վստահաբար ու դարձեալ վերապրումի եւ վերականգնումի խանդավառութիւնը լեցնէ լիբանանցի քաղաքացիին առօրեան:

Մինչ այդ մաղթենք, որ մարդկային կորուստի դառն կսկիծը հեռու մնայ եւ զոհասեղանը դարձեալ չթարմացուի:

Համբերութիւն` սպասման այս նոր տեսակի պատերազմին մէջ:

 

 

Նախորդը

Քլաար. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ակնկալէ, Որ Ղարաբաղի Հայերը Պաքուի Հետ Ուղիղ Կը Բանակցին Հայրենի Շրջան Անվտանգ Ու Արժանապատիւ Վերադարձին Շուրջ»

Յաջորդը

Խմբագրական. Փոթորիկներ, Լիբանանեան Նաւն Ու Պէյրութի Չխաղաղող Նաւահանգիստը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.