Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի յուլիսի թիւը արդէն ընթերցողներուն հասանելի է համացանցին վրայ:
Պաշտօնաթերթի այս թիւին առանցքը դարձեալ հայութեան եւ Հայաստանի տագնապալի ներկան է եւ մտահոգիչ հեռանկարը: «Հայ դատ» խորագիրին տակ այս թեմային անդրադարձ է քաղաքագէտ Մարի Յովհաննիսեանի «Նիկոլ Փաշինեանի 2024 թուականի ապրիլքսանչորսեան ուղերձի եւ թուրք ժխտողների հռետորաբանութեան նմանութիւնները» յօդուածը: Խորագիրը կը յուշէ, թէ ինչի՛ մասին է անիկա, հեղինակն ալ իր ըսելիքը հիմնաւորած է յստակ օրինակներով եւ փաստարկներով:
«Դրօշակ»-ը այս անգամ կը ներկայացնէ նաեւ ազգային անվտանգութեան խնդիրներու մասնագետ Արփի Աբրահամեանի իրաւաքաղաքական բնոյթի երկու յօդուածները, որոնցմէ առաջինին մէջ ան կը գրէ այն մասին, թէ ազգային անվտանգութեան առումով, ինչպէս եւ հայոց պետականութեան դէմ ուղղուած ինչպիսի վտանգներ կը պարունակէ իշխանութեան նախաձեռնած նոր սահմանադրութեան ընդունման գաղափարը: Ըստ էութեան, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ պարտադրուած այս պահանջը ուղղուած է հայոց ինքնիշխանութեան, ազգային ինքնութեան եւ ռազմավարական հիմնասիւներուն դէմ:
Հեղինակին յաջորդ յօդուածը նուիրուած է վերջին շրջանին իշխանութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցին: Փորձելով սին խանդավառութեան քողածածկոյթ ստեղծել այս անորոշ ծրագիրին շուրջ` իշխանութիւնը կը փորձէ անոր ետին իրականացնել թշնամիին հերթական տարածքային զիջումներու դաւադրութիւնը:
Պատմաբան եւ քաղաքագէտ Վահէ Սարգսեան այս թիւով կը սկսի հրապարակումը հետաքրքրական յօդուածաշարի մը` «Ռուս-վրացական յարաբերութիւններն այցագրային եւ հաղորդակցութեան ոլորտներում» խորագիրով: Ան կ՛անդրադառնայ ռուս-վրացական յարաբերութիւններու վերջին տասնամեակներու հոլովոյթին` ներկայացնելով տուեալ գործընթացին կապուած բազմաթիւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ:
Տարածաշրջանի խորապատկերին Թեհրանի «Ալիք» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արամ Շահնազարեան կը վերլուծէ, թէ Իրանի մէջ ի՛նչ փոփոխութիւններ կրնան ըլլալ արտահերթ նախագահական ընտրութիւններէն ետք` դրացի հանրապետութեան արտաքին ռազմավարական դիրքորոշումներուն, մասնաւորաբար Հայաստան-Իրան փոխյարաբերութիւններու ոլորտին մէջ:
«Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ կան նաեւ ընկերային-տնտեսական, բնապահպանական եւ այլ բնոյթի հետաքրքրական նիւթեր:
Թիւը կրնաք ընթերցել` այցելելով https://www.droshak.am/?p=1211


