Կը Վերանորոգուի Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւնը
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան 21 յունուարին Պոլսաբնակ մալաթիացիներու հայրենակցական միութեան Բ. ատենապետ Սարգիս Չիզմեճիի եւ անդամներէն Գէորգ Էօզգարակէօզի ու Սերտար Պոյաճըի ընկերակցութեամբ այցելած է Մալաթիա: Արամ սրբազան յատուկ այցելութիւն մըն ալ տուած է քաղաքի կուսակալ Սիւլէյման Քամչըի: Ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ կը տեղեկացնէ, որ յառաջիկայ յունիս ամսուան մէջ կը սկսի քաղաքի «Թաշխորան» անունով ծանօթ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը:...




















