«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Պատմաբան Թաներ Աքչամ «Թարաֆ» թերթի իր սիւնակին մէջ ծաղրանքով կը խօսէր ԵՄԻԱ-ի բարձրագոյն ատեանին կողմէ Տողու Փերինչեքի հարցով կայացած դատավարութեան մասին:
Աքչամ կը պատմէ, որ երբ բանտարկուած էր, կը տեսնէր, որ բոլոր բանտարկեալները կը պնդէին, որ իրենք անմեղ էին, անիրաւ կերպով բանտարկուած էին: Ասոնց համար կը գործածուէր` «Մզկիթի բակէն առնուած ու բերուած» բացատրութիւնը: Այս բացատրութիւնը հիմա շատ վայել է Տողու Փերինչեքին, կը գրէ Աքչամ` ըսել ուզելով, որ Փերինչեքն ալ հիմա անմեղութիւն կը խաղայ: Աքչամ շատ կարեկցեր է, երբ տեսեր է, թէ Տողու Փերինչեք ինչպէ՛ս կը պաշտպանէր ինքզինք, նաեւ` երբ անոր ֆրանսացի փաստաբանը կը պաշտպանէր Փերինչեքը: Անոնք հետեւեալ պաշտպանութիւնը կ՛ընէին.
Մինչդեռ Փերինչեք կ՛ընդունի եղեր, որ 1915-ին ոճիրներ գործուեցան: Ան ալ ամօթ կը նկատէ եղեր այդ ոճիրները: Փերինչեք, որ այդ ոճիրները կ՛ընդունի ու կը դատապարտէ եղեր, միայն այն կարծիքը ունի եղեր, որ կարելի չէ 1915-ը ցեղասպանութիւն կոչել: Արդէն ան հայերն ալ շատ կը սիրէ եղեր:
Այո՛, սխալ չհասկցաք, կը գրէ Աքչամ ու կը շարունակէ. Փերինչեքին միակ հարցն է մերժել 1915-ը ցեղասպանութիւն կոչելը, որովհետեւ իրաւական տեսակէտէ կարելի չէ ցեղասպանութիւն կոչել 1915-ը:
Աքչամ կը գրէ, որ եթէ Փերինչեքը չճանչնայինք, պիտի կարծէինք, որ ան համալսարանի մը մէջ դասախօս մըն է, որ շատ անմեղ բան մը պնդած ըլլալով հանդերձ, պատիժի դատապարտուած է: Զուիցերիա Փերինչեքը կը բանտարկէ «ասիկա ցեղասպանութիւն չէ» ըսած ըլլալուն համար: Հիմա Փերինչեք կը սպասէ, որ դատարանն ալ զօրակցի թրքական այն տեսակէտին, ըստ որուն` 1915-ը ցեղասպանութիւն չէ:
Մինչդեռ, կը գրէ Աքչամ, ամբողջ դատավարութեան ընթացքին, գլխաւորութեամբ Փերինչեքի փաստաբանին, Զուիցերիա, նաեւ դատավարութեան կողմ կանգնած Թուրքիոյ ու Հայաստանի կառավարութիւնները շարունակ պնդեցին, թէ ԵՄԻԱ-ի պարտականութիւնը չէ ճշդել, թէ 1915-ը ցեղասպանութի՞ւն է, թէ՞ չէ: Քանի որ այդպէս է, ուրեմն այս դատավարութիւնը ի՞նչ բանի դատավարութիւնն է, հարց կու տայ Աքչամ: