Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութենէն Փրկուած Բացառիկ Նմուշներու Լուսանկարներու Գիրքը` Պահանջատիրութեան Վկայարան

February 20, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

0212khacherianԱնուանի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանը հանրութեան ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նոր պատկերագիրք-ուսումնասիրութիւնը: Գիրքը հայկական մշակութային պահանջատիրութեան հիմնական վկայարաններէն մէկը պիտի ըլլայ:

«Ես հայոց պատմութիւն չեմ գիտցած: Երեխայ եղած ատենս դպրոցին մէջ լաւ չեմ սորված, եւ հիմա ժամանակն է տարիներու ընթացքին սորվածս փոխանցելու նախ իմ աղջիկներուս, ապա առհասարակ` հայութեան», կէս կատակ, կէս լուրջ ըսած է լուսանկարիչը` ընդգծելով, որ իր նպատակն է Հայոց ցեղասպանութիւնը աշխարհին ներկայացնել ոչ թէ որպէս ողբերգութիւն, այլ` ցոյց տալ հայ ժողովուրդին հարուստ մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը:

22015_Hrair2«100 (1915-2015)» խորագիրով, 3.5 քիլոկրամ ծանրութեամբ հաստափոր պատկերագիրքը կը ներառէ Հրայր Խաչերեանի 17 տարուան աշխատանքները` ընդգրկելով Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիներու եւ վանքերու, աշխարհի տարբեր երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի, Իտալիոյ, Աւստրիոյ թանգարաններուն մէջ պահուող` Ցեղասպանութենէն փրկուած բացառիկ նմուշներու լուսանկարներ: Անոր տպաքանակը 2500 է եւ բաղկացած է 516 էջերէ: Հրայր Բազէ ըսած է, որ հատորին մէջ ներկայացուած է հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը` Նոյեան ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը` հայկական արքաներու դրամներ, թագաւորներ պատկերող ձեռագիրներ, գահին բազմած Լեւոն Երկրորդի մանրանկարը, որ կը պահուի Վենետիկի վանքին մէջ, Կիլիկեան Հայաստանի բերդերը եւ այլն:

Առաջին կապը եղած է Արեւմտեան Հայաստանի հետ, երբ 1992 թուականին գալով Հայաստան` նկարած է Արարատ լեռը: «1988 թուականին Մոնրէալի մէջ Խորհրդային Միութեան հիւպատոսութեան առջեւ ցոյց տեղի ունեցաւ, հոն հաւաքուած հայերը կը գոռային. «Ղարաբաղը մերն է»: Այն ատեն կը հարցնէի` ի՞նչ է Ղարաբաղը, բայց ոչ ոք պատասխան կրցաւ տալ: 1992-ին այցելեցի Արցախ` իմ աչքերով տեսնելու անոր ի՛նչ ըլլալը», յայտնած է լուսանկարիչը` նշելով, որ այդտեղէն ալ սկսած է իր մասնագիտական «ճանապարհորդութիւնը», որուն ընթացքին լոյս ընծայած է 15 գիրք:

Մատենադարանի ձեռագրատան գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեանը գիրքի շնորհահանդէսին առիթով յայտնած է, որ եռալեզու պատկերագիրքը մեծապէս պիտի նպաստէ հայ հոգեւոր ու նիւթական ժառանգութեան հանրահռչակման: «Սա հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան վերարտադրութիւնն է: Ա՛յն ժառանգութեան, որը, թէեւ այս պահին կորսուած է, սակայն յաւիտենապէս կորսուած չի կարելի համարել: Տարուայ խորհրդի կարեւորագոյն հրատարակութիւններից մէկն է, որտեղ մեր մշակութային ժառանգութեանը տէր կանգնելու պահանջատիրութիւնն է ներկայացւում», հաստատած է Տէր Վարդանեան:

Պատկերագիրքէն օրինակներ պիտի ուղարկուին` Ճափոն, Գերմանիա, Իտալիա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկրներ: Գիրքէն պիտի տրամադրուի այդ երկիրներու համալսարաններուն եւ խորհրդարաններուն:

Նախորդը

Սկսած Է Գործել Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Կայքը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Գագաթնակէտը 22-24 Ապրիլին Է

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.