Անգարայի քաղաքապետարանի աւագանին որոշում կայացուցած է Հայկական հարցի թեմայով անվճար գիրքեր եւ գրքոյկներ բաժնել ուսումնական եւ հետազօտական հաստատութիւններուն: Թրքական «haber3.com.tr» կայքէջին համաձայն, Անգարայի քաղաքապետարանը, «Նոր Թուրքիա» հրատարակչութենէն գնելով «Հայկական հարցի ժողովածու» 5 հատորեակը, «Օսմանեան նախագիծ» 12 հատորեակը եւ հայկական հարցին վերաբերեալ 20 այլ գրքոյկներ, կը պատրաստուի այդ գիրքերը անվճար բաժնել դպրոցներուն, գրադարաններուն, հետազօտական կեդրոններուն, միութիւններուն ու հիմնադրամներուն:
Նշեալ գրքերու տարածումը գիտակրթական հաստատութիւններուն մէջ ապահովելու համար լիազօրուած է Անգարայի քաղաքապետարանի մամուլի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: