Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արա Սարաֆեան. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Քննարկելու Համար Պետական Յանձնաժողովներու Կարիքը Չունինք»

Փետրուար 20, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

22015_Ara SarafianՆախագահ Էրտողան թրքական TRT պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ քննական երկխօսութեան կարիքը շեշտեց: Էրտողանի խօսքերը կտրուկ կերպով պիտի չմերժեմ: Իր ըսածին մէջ առատ հռետորաբանութիւն կայ, սակայն կարելի է արդիւնաւէտ կերպով անոր հակադարձել:

2007-ին փորձեցի թուրք պաշտօնակիցներու հետ քննական երկխօսութեան առիթ մը ստեղծել: Թուրք լրագրողներու ճամբով առաջարկեցի ուսումնասիրել 1915-ին Խարբերդի եւ անոր դաշտի հայերու նկատմամբ թրքական կողմի վերաբերումի հարցը:

Նկատի ունենալով, որ Խարբերդի շրջանի հայերը տեղահանուեցան առանց պատերազմի գօտիներէ անցնելու, եւ նկատի ունենալով, որ տեղահանման օրէնքները կը ճշդէին, թէ տեղահանուածներուն անունները ինչպէս պէտք է իրենց տեղահանման եւ վերաբնակեցման ժամանակ արձանագրուէին, պահանջեցի տեսնել օսմանեան արխիւներուն մէջ Խարբեդի վերաբերող արձանագրութիւնները: Նաեւ առաջարկեցի ներկայացնել անձնական աղբիւրներս, որոնք, ըստ ինծի, ցոյց կու տան, թէ խնդրոյ առարկայ անձերը սպաննուած են:

Մինչ առաջարկս ուղղուած էր ոեւէ պատմաբանի, որուն հասանելի են օսմանեան արձանագրութիւնները, Թրքական պատմական ընկերութեան ղեկավար Եուսուֆ Հալաճօղլուն արձագանգեց: Կը կարծեմ, որ Հալաճօղլուն համաձայն գտնուեցաւ այսպիսի բանավէճի մը մէջ մտնելու, որովհետեւ թուրք լրագրողները իրմէ այդ մէկը պահանջեցին: Մեր միջեւ նախատեսուած հանդիպումը մամուլի ուշադրութեան արժանացաւ: Բայց եւ այնպէս, Հալաճօղլուն հրաժարեցաւ համաձայնեցուած ծրագիրէն: Ան CNN Turk-ի մէկ յայտագրէն յայտարարեց, որ իմ խնդրած տեղահանութեան արձանագրութիւններս գոյութիւն չունին:

Ըստ «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թալէաթ փաշայի զեկուցումը» գրքին, Թալէաթին մօտ գտնուող ձեռագիր զեկուցում մը կը նշէր, որ 1914-ին, Խարբերդի 70 հազար հայերէն (օսմանեան պաշտօնական թիւեր), երեք տարի ետք,` միայն շուրջ 2000-ը տեղահանման շրջաններուն մէջ կը գտնուէին: Այս վիճակագրութիւնները հիմնուած էին 1917-ին հայերու շուրջ կատարուած օսմանեան վիճակագրութեան մը վրայ: Իսկ տարագրեալներու վախճանավայր Տէր Զօրի մէջ արդէն ոչ մէկ հայ մնացած էր:

Պէտք է նշեմ, որ երբ Խարբերդի շուրջ ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցի, ինծի օգնեցին թրքական մամուլի շարք մը աշխատակիցներ, որոնք այդ առաջարկին վրայ հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեցին: Զգացուած էի, երբ հանգուցեալ թուրք լրագրող Մեհմեթ Ալի Պիրանտը յուսախաբութիւն յայտնեց, որ Հալաճօղլու հրաժարեցաւ: Իր օրաթերթին խորագիրն էր` «Էրմենիլերտեն կոլ եիտիք» (հայերէն կոլ ստացանք):

Հեգնականօրէն, յուսախաբութիւնս հայկական կողմէն էր, որ առաջարկուած ուսումնասիրութեան նկատմամբ մասնաւոր հակազդեցութիւն մը չցուցաբերեց: Կ՛ենթադրեմ, որ ատոր պատճառը այն էր, որ Հայաստանի կառավարութեան,  քաղաքական կուսակցութեանց, քարոզչական կազմակերպութեանց առնչուած չէի:

Նախագահ Էրտողանի վերջին խօսքերը դարձեալ նոյն հարցը կ՛արծարծեն, եւ անգամ մը եւս կը կրկնեմ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը քննարկելու համար պետական յանձնաժողովներու կարիքը չունինք: Միայն պէտք է, որ թրքական կառավարութիւնը, որուն վերահսկողութեան տակ կը գտնուի կենսական փաստը, հրապարակ բերէ տեղահանման եւ վերաբնակեցման արձանագրութիւնները, որոնք, ըստ տեղահանութեան հրամանագիրներուն, պէտք էր խնդրոյ առարկայ ժամանակաշրջանի ընթացքին պահ դրուէին տեղական եւ կեդրոնական արխիւներու մէջ:

Մինչ այդ պատմաբաններ պիտի շարունակեն Թուրքիայէն դուրս գտնուող կարեւոր արձանագրութիւնները օգտագործել 1915-ի դէպքերուն մեկնաբանման համար:

ԱՐԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
Պատմաբան

Նախորդը

Անդրադարձ. Ազգային Նորագոյն Զարթօնքի Տարեթիւը` 1988 (Արցախեան Ազատագրական Պայքարի Սկզբնաւորման 27-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Թաներ Աքչամի Յօդուածը. «Փերինչեքը Մզկիթի Բակէն Առնուած Անմեղ Մարդ Է»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?