Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժուսթ Լակենտիժքի Ուշագրաւ Մտածումները Փերինչեքի Դատավարութեան Մասին. «Տողու Փերինչեք Կրնայ Ուրանալ, Բայց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Պէտք Չէ Ուրանայ»

Փետրուար 20, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Լակենտիժք
Լակենտիժք

Թուրքիա-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական խառն յանձնաժողովի նախկին համանախագահ, ներկայիս «Զաման» թերթի աշխատակից Ժուսթ Լակենտիժք իր սիւնակին մէջ ուշագրաւ յօդուած մը ունի Տողու Փերինչեքի ԵՄԻԱ-ի մօտ բացուած դատավարութեան մասին:

Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք այդ յօդուածը.-

Կեանքի մէջ ամէնէն դժուար բաներէն մէկն է ընդունիլ հակառակորդի մը իրաւացի ըլլալը: Այդ զգացումն է, որ ապրեցայ անցեալ շաբաթ, երբ Տողու Փերինչեք ԵՄԻԱ-ի Վերին պալատին մէջ ինքզինք կը պաշտպանէր 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը ուրանալու առնչութեամբ իր ըսածներուն համար:

ԵՄԻԱ-ի անցեալ շաբթուան նիստը խօսքի ազատութեան եւ «Հայկական ցեղասպանութիւնը ուրանալու» իրաւունքի իրաւական պայքարի վերջին վարագոյրն էր:

Յօդուածագիրը այս մուտքը ընելէ ետք, նախ կը ներկայացնէ Փերինչեքի դատավարութեան առաջին փուլերը` յիշեցնելով, որ 2005-ին Զուիցերիոյ մէջ ան քանի մը համաժողովներու ընթացքին ելոյթ ունեցած էր ու «միջազգային սուտ» որակած էր Հայոց ցեղասպանութեան պնդումները: Յաջորդող տարիներուն իրաւական պայքար մը սկսած էր. զուիցերիական դատարանները մեղաւոր հռչակած էին Փերինչեքը` պատմական իրողութիւնները ժխտելու եւ ցեղապաշտական մօտեցումով հայերու դէմ ատելութիւն հրահրելու յանցանքով: Թուրք գործիչը արձակուած վճռին դէմ բողոքած էր Զուիցերիոյ Վճռաբեկ ատեանին մօտ, սակայն հոնկէ ալ վճիռը չէր բեկանուած:

Փերինչեք իր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար 2008-ին դիմում կատարած էր ԵՄԻԱ-ին ու հինգ տարի վերջ, դեկտեմբեր 2013-ին ԵՄԻԱ արդարացուցած էր թուրք քաղաքական գործիչը: Այս զարգացման լոյսին տակ, Զուիցերիոյ պետութիւնը դատը փոխադրեց ԵՄԻԱ-ի Վերին պալատ ու ի վերջոյ, 28 յունուար 2015-ին կայացաւ այս պայքար-գործընթացին վերջին հանգրուանը: Քանի մը ամիս ետք պիտի հրապարակուի վերջնական վճիռը, որ այլեւս անբեկանելի պիտի ըլլայ:

Փերինչեք
Փերինչեք

Բացէ ի բաց կը խօսիմ: Փերինչեք հակակրելի անձ մըն է, որ իմ կողմէ անընդունելի մտածումներ ունի: Ան անցեալի մէջ հետամուտ եղած է աղտոտ գործերու: Փերինչեք մըն էր Էրկենեքոնի դատավարութեան ծայրայեղ ազգայնապաշտ, խափանարար դատապարտեալներէն: Նոյնիսկ ան խափանարարական գործի մասնագէտն է: Բայց, միւս կողմէ, թուրք քաղաքական այս գործիչը ԵՄԻԱ-ի դատին մէջ իրաւացի է, որովհետեւ ըսած է, որ այս դատը «օրինաւոր ցեղասպանութեան դասակարգումին մաս չի կազմեր»:

Կարեւոր չէ, թէ մենք համակարծի՞ք ենք Փերինչեքի հետ, թէ՞ ոչ: 2013-ի իր վճռին մէջ ԵՄԻԱ բացէ ի բաց դիտել կու տար, որ այս կառոյցն չէ, որ կը վիճակուի 1915-ի դէպքերը որպէս «ցեղասպանութիւն» ճանչնալ-չճանչնալը: Դատարանը կը շեշտէր, որ Ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը փաստելը դժուարին ու իրաւական շատ սեղմ ըմբռնում մըն է ու կարելի է երկարօրէն բանավիճիլ այդ թեմային շուրջ: Այս տեսակէտէ, ԵՄԻԱ-ի Վերին պալատը դժուար թէ կարենայ արձակել տարբեր վճիռ մը:

Բայց կայ այլ հարց մը, որ մեծապէս կը մտահոգէ զիս: Փերինչեք Սթրազպուրկի մէջ յաղթանակի պահեր ապրեցաւ, բայց տակաւին «նշանակուած կերպար» մըն է: Իմ մտավախութիւնս այն է, որ թուրք պետութեան պաշտօնական ուրացումի քաղաքականութիւնը շատ հաւանաբար անգամ մը եւս ԵՄԻԱ-ի կողմէ ընդունելի պիտի նկատուի:

Պէտք չէ մոռնալ, որ Փերինչեքի հետ միասին թուրք կառավարութիւնն ալ, որպէս երրորդ կողմ, կը ներկայանայ այս դատավարութեան մէջ: Փերինչեքին զօրակցելու համար անցեալ շաբաթ թէ  իշխող «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութենէն եւ թէ Ընդդիմադիր ժողովրդապետական կուսակցութենէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան դատական նիստին: Կարծես, թէ դիտումնաւոր կերպով այս դատը ո՛չ թէ Զուիցերիոյ դէմ Փերինչեքի դատն էր, այլ թուրք քաղաքական կառոյցի դէմ` աշխարհի մնացեալ մասի դատը:

Այս մտածողութեամբ, Փերինչեքի յաղթանակը բազմաթիւ շրջանակներու մօտ 1915-ի դէպքերու մասին Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտին կանանչ լոյս պիտի վառէ:

Ասիկա կարեւոր սխալ մը կրնայ ըլլալ: ԵՄԻԱ-ի դատը խօսքի ազատութեան դատ է եւ չի միտիր ճշդումներ կատարել պատմական իրողութիւններու մէջ: Փերինչեք ազատ է ըսելու այն, ինչ որ կ՛ուզէ ըսել, սակայն իր ըսածները կրնան ո՛չ մէկ կարեւորութիւն ունենալ մնացեալներուն համար: Բայց Թուրքիոյ իշխանութիւնները տարբեր պատասխանատուութիւն մը ունին: Հարիւրամեակի այս տարուան թուրք ղեկավարները պէտք չէ պահուըտին ԵՄԻԱ-ի որոշումներու ետին:

Ամբողջ աշխարհ չ՛ակնկալեր, որ Թուրքիոյ Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ անակնկալ եւ անկիւնադարձային շրջադարձ մը ընէ: Բազմաթիւ անձեր կը յուսան, որ պիտի շարունակուի անցեալ տարի 24 ապրիլի նախօրեակին, ատենին վարչապետ, այժմ նախագահ Էրտողանի ցաւակցական գիրով սկսած նոր գործընթացը: 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս պատահած այս դէպքերուն համար Թուրքիա պէտք է քանի մը քայլեր առնէ` իր ցաւը յայտնելով հայերու:

 

 

Նախորդը

«ՄԻԵԴ-ի Ստորին Պալատը Աղէտալի Սխալներ Է Թոյլ Տուել Այս Գործում» «Փաստինֆօ»-ի Բացառիկ Հարցազրոյցը Հայաստանի Կառավարութիւնը Ներկայացնող Միջազգային Փաստաբան Ամալ Քլունիի Հետ

Յաջորդը

«Հիսթուար Լա Փրովանս»-ը Ամբողջ Թիւ Մը Նուիրած Է Ցեղասպանութեան

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In