Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է թուրք պատմաբան Քատիր Մըսըրօղլուի` «Հայկական հարցը եւ բռնութիւնները» վերնագրով գիրքը, որուն առանցքային նիւթն ու նպատակը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս «փոխադարձ ջարդեր» ներկայացնելն է: Իր տեսակէտները թուրք պատմաբանը (իբր թէ) հիմնաւորած է փաստաթուղթերով:
Ինչպէս կը յայտնէ թրքական «haberleriz.com» լրատու կայքէջը` Մըսըրօղլուն իր գիրքը ձօնած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին` հետեւեալ գրութեամբ.
«Ես մեծ հպարտութիւն կը զգամ` ձօնելով այս գիրքը մեր ժողովուրդին կողմէ ընտրուած առաջին նախագահին` Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանին, որ ցաւակցական խօսք յղելով 1915-ի տեղահանումներու ժամանակ զոհուած հայերու յիշատակին, մէկ օրինակով եւս համալրեց մեր օսմանցի պապերու վեհանձնութեան` շարքը»: