«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ֆրանսական «Հիսթուար Լա Փրովանս» ամսագիրը ամբողջական թիւ մը նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:
Ամսագիրի այս նորագոյն թիւը կը բաղկանայ 136 էջերէ եւ վաճառքի հանուեցաւ փետրուար 13-ին: Ամսագիրին այս թիւը խորագրուած է` «Հայերը Փրովանսի մէջ», եւ անոր էջերուն վրայ կը ներկայացուին 1915-1920 հայ ժողովուրդին ողբերգական ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ` Փրովանսի մէջ հայ գաղթականներու պատմութիւնն ու գործունէութիւնը: