Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հայ հանրութեան ներկայացուց իր հայերէն «Ցեղասպանագիտական Հանդէս» եւ անգլերէն «International Journal of Armenian Genocide Studies» ամսագիրներուն անդրանիկ թիւերը:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան իրադարձութիւնը պատմական նկատելով` նշեց, որ ամսագիրներէն օրինակներ առաջին հերթին պիտի առաքուին թրքական համալսարաններուն:
«Հրապարակ բերելով Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնների առաջին միջազգային հանդէսը` լուրջ յայտ ենք ներկայացնում ցեղասպանագիտութեան ասպարէզում: Թանգարանը եւս մէկ այցեքարտով է հանդէս գալիս միջազգային հանրութեանն իր անգլալեզու հանդէսով, որն այլեւս իրականութիւն է: Իսկ հանդէսի առաջին հասցէատէրերը կը լինեն մեր հարեւան երկրները, եւ այս ամսագրերի օրինակներն առաջինը կ՛ուղարկուեն թուրքական համալսարաններ», յայտնեց Դեմոյեան:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան իր կարգին նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կար գիտական հանդէսի պակաս, որ պիտի ունենար նեղ մասնագիտական, գիտական ուղղուածութիւն: «Նաեւ հաշուի առնելով հարիւրամեայ տարելիցի նկատմամբ հետաքրքրութեան աճը` որոշում կայացուեց հրապարակել հայալեզու «Ցեղասպանագիտական Հանդէս»-ը: Հայ եւ արտասահմանցի երիտասարդ գիտնականները կարող են իրենց հետազօտութիւնները հրապարակել այս ամսագրում: Իսկ անգլերէն ամսագիրը միջազգային ակադեմական գործունէութեան կարեւորագոյն քայլ է», ըսաւ Սուրէն Մանուկեան:
Անոր համաձայն, Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններուն նուիրուած ցարդ աշխարհի մէջ հրապարակուող երեք հեղինակաւոր ամսագիրները միայն որոշ չափով կը ներկայացնեն Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Անգլալեզու հանդէսը հնարաւորութիւն կը տայ Հայաստանի հայագիտական միտքը աշխարհին ներակայացնել, ինչպէս նաեւ կը նպաստի միջազգային մակարդակի հայկական ցեղասպանագիտական դպրոցի ձեւաւորմանը», դիտել տուաւ ան:
«Ցեղասպանագիտական Հանդէս»-ը լոյս տեսած է 2013-ի աւարտին, իսկ «International Journal of Armenian Genocide Studies» ամսագիրը` 2014-ի վերջաւորութեան:
Ամսագիրին մէջ լոյս պիտի տեսնեն հայ եւ օտար հեղինակներու յօդուածներն ու աշխատութիւնները: Ամսագիրներէն օրինակներ պիտի ուղարկուին աշխարհի նշանաւոր համալսարաններուն: