Յունուար 30-ին սկսաւ գործել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախաձեռնութիւններուն նուիրուած պաշտօնական կայքը` Armeniangenocide100.org-ը: Անիկա պատրաստուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին որոշումով:
Կայքը հասանելի է երեք լեզուներով` հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: Բաղկացած է քանի մը բաժիններէ` Ցեղասպանութիւն, Ճանաչում, Պատմիր քո կեանքը, Նորութիւններ եւ Գրադարան: