Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դաշնակցութիւն Յանուն Արցախի». Դաշնակցութեան 124-Ամեակի Նշում Ասկերանի Մէջ

Մարտ 11, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-06-15_asgeran«Դաշնակցութիւն յանուն Արցախի» խորագիրը կրող եւ ՀՅԴ-ի 124-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շարքին մաս կազմող ձեռնարկ մը 6 մարտին տեղի ունեցաւ Արցախի Ասկերան քաղաքին մէջ:

Պաշտօնական հանդիսութենէն առաջ ներկաները այցելեցին Ասկերանի յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Արցախեան պատերազմին նահատակուած ազատամարտիկներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն: Յատկանշական է, որ Արցախի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ՀՅԴ-ի շարքերը համալրեց ազգութեամբ ոչ հայ` ֆրանսացի, հայ ազգի բարեկամ, այժմ արդէն Արցախի քաղաքացի Միշել Թանքրեզը:

Դաշնակցութեան 124-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ասկերանի շրջանային վարչակազմի մեծ դահլիճին մէջ:

Ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Ասկերանի քաղաքապետ Ալէօշա Գաբրիէլեան, Ասկերանի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Սերգէյ Գրիգորեան, պաշտօնատար այլ անձեր:

Շնորհաւորելով ներկաները` «Բերդ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գեղամ Գրիգորեան նշեց, որ հայ ազգի ճակատագրական պահերուն Դաշնակցութիւնը միշտ սատար կանգնած է հայրենիքին` ոչինչ խնայելով:

«Աւելի քան 124 տարի ՀՅԴ-ն պարզած է իր կռուի դրօշը յանուն Միացեալ Հայաստանի: Դաշնակցութեան շարքերը համալրողներուն միշտ ընկերակցած է գաղափարը: Անոնց համար Դաշնակցութիւնը բանակ է, կարգապահութիւնը` անշեղելի օրէնք», յայտնեց Գրիգորեան:

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան` անդրադառնալով Դաշնակցութեան առաքելութեան, նշեց, որ հարիւրամեակէ մը աւելի է արդէն, որ Դաշնակցութիւնը կոչուած է իր ուսերուն տանելու հայ մարդուն հոգը, որպէսզի հայոց երկրին մէջ` Մեծ Հայքի տարածքին, ըլլայ պետականութիւն, հայ մարդը ունենայ արժանավայել կեանք:

«Կ՛ըսեն` Դաշնակցութիւնը եւ Արցախը բանական դաշնակիցներ են: Ասիկա, իրօք, այդպէս է, ատիկա կու գայ ոչ թէ այսօրուան իրողութենէն, այլ` հին ժամանակներէն: Արցախահայութեան մէջ նստած է պետականութիւն ունենալու, ազգային- ազատագրական պայքար ծաւալելու, երկիր շէնացնելու գաղափարը», ըսաւ Վահրամ Բալայեան:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ տօնական համերգով:

Նախորդը

Տասնապետ Կարօ Գիւրէճեան Քափիթենի Աստիճան Ստացաւ

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?