Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի Նկարներու Ցուցահանդէս

Մարտ 7, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_Panossian3-(4)3 մարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ, Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ, «Ազդակ»-ի Երեւանի լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի վերացական լուսանկարներու ցուցահանդէսին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց թանգարանի տնօրէնութեան` սփիւռքի տաղանդաւոր արուեստագէտներէն մէկը անգամ մը եւս իր երդիքին տակ հիւրընկալելու եւ անոր աշխատանքներու ներկայացման առիթ ընձեռելու համար:

Այնուհետեւ նախարարը անդրադարձաւ լիբանանահայ լուսանկարիչին աշխատանքներուն` վկայելով, որ Գ. Փանոսեան Հայաստան եկած եւ հաստատուած է «Արի տուն» ծրագիրի կանչով: Ապա աւելցուց. «Գաբրիէլը, որպէս իսկական այնճարցի, կրցած է Մերձաւոր Արեւելքէն բերել եւ մեզի հասու դարձնել այնտեղի հայ գաղութին ազգային հզօր շունչը եւ հաղորդակցիլ հայկական լրատուամիջոցներէն մէկուն` «Ազդակ»-ի հետ: Անոր լուսանկարներուն ընդմէջէն Լիբանան ապրող մեր հայրենակիցները կը ծանօթանան հայրենի իրականութեան եւ հայաստանեան կեանքին: Ան իր ամէնօրեայ աշխատանքով կարողութիւն ունի հայկական ոգին հաղորդել ո՛չ միայն Լիբանանի տարածքին ապրող հայորդիներուն, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան: Բացի ատկէ, ան կը նկարէ ամէն ինչ, որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ, որպէսզի «Ազդակ»-ը դառնայ նաեւ մեր հայկական իրականութեան ժամանակագիրը, ինչ որ շատ մեծ եւ կարեւոր գործ է»:

Սփիւռքի նախարարը արուեստագէտին աշխատանքները գնահատեց որպէս շնորհաշատ հայու զգացողութիւններու եւ միտքի արտայայտման ինքնատիպ դրսեւորումներ, որոնք  դարձած են ժամանակակից արուեստ:

Ան արուեստագէտին մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ եւ յուսաց, որ ցուցահանդէսը նոր ազդակ դառնայ անոր ստեղծագործական հետագայ յաջողութիւններուն համար:

3-3-15_Panossian1-(6)Իբրեւ լիբանանահայ` Գաբրիէլ Փանոսեան լուսանկարիչին կեանքին եւ գործունէութեան մասին արժեւորող խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարոնը, որ նկատել տուաւ, թէ Գաբրիէլ Փանոսեան իր ծնունդով ու գործունէութեամբ կենդանի կամուրջ դարձած է երկու բարեկամ երկիրներուն` Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ: Ան դիտել տուաւ, որ Գաբրիէլ Փանոսեանի նկարներուն մէջ կ՛երեւին Աստուած, Հայաստանն ու Լիբանանը:

Այնուհետեւ Գ. Փանոսեանի աշխատանքները գնահատեցին արուեստաբան, արուեստի վաստակաւոր գործիչ, հալէպահայ Շահէն Խաչատրեանը, նկարիչ, Երեւանի գեղարուեստի ակադեմիոյ փրոֆեսէօր Սարօ Կալենցը եւ արուեստաբան Մարինա Ստեփանեանը:

Արժեւորելով աշխատանքները` թէ՛ իբրեւ վերացական, եւ թէ լուսանկարչական արուեստի դրսեւորումներ, բոլոր խօսք առնողները կարեւոր նկատեցին արուեստագէտին մտածելակերպն ու գոյներու հետաքրքրական դրսեւորումները: Անոնք հաստատեցին, որ Գ. Փանոսեանի լուսանկարներու մէջ միաժամանակ առկայ են գեղարուեստական տարրեր, պատկերային շարժումներ եւ լսելի երաժշտութիւն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան ու անձամբ նախարարին` իր աշխատանքներու ցուցադրութեան նախաձեռնելու եւ կազմակերպելու համար, Գաբրիէլ Փանոսեան նշեց. «Հոս ցուցադրուած են վերջին երեք տարիներու իմ շուրջ 50 լուսանկարներս, որոնք հանդիսատեսին կը ներկայացուին առաջին անգամն ըլլալով: Անոնց մեծ մասը ծնած են «Արի տուն» ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի տարբեր շրջաններ կատարուած այցելութիւններուն ընթացքին: Նկարներս չունին անուանումներ, որովհետեւ կ՛ուզեմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը դիտէ եւ իր ընկալման համապատասխան անուանում տայ անոնց»:

Լուսանկարիչը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին եւ թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեանին:

Գ. Փանոսեան նախարար Հրանուշ Յակոբեանին նուիրեց տարբեր այցելութիւններու ընթացքին «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն հետ նախարարին հանդիպումներու իր կողմէ առնուած նկարներով պատրաստած լուսանկարներու ալպոմը:

Նախորդը

Կիներու Միջազգային Օր. «Կինը Քաջ Կեցուածք Ունի, Համբերատար Է, Հնարամիտ, Յամառ Եւ Արդար Աշխատող Եւ Իբրեւ Այդպիսին` Ան Պէտք Է Որոշում Տալու Իրաւունք Ունենայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սօսի Փոլատեան

Յաջորդը

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (8). Նկարագիրի Դարբնոց

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?