Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինարի Արժեւորում

March 19, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

16567008288_06b06e539e_oԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան  Քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական միօրեայ սեմինար` «Հայ երիտասարդը եւ կամաւոր հասարակական գործը» խորագիրով:

Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր լիբանանահայ համայնքի հասարակական կեանքին մէջ հայ երիտասարդին դերակատարութեան կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնել, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ կամաւոր աշխատանքի ունեցած դրական ազդեցութեան` երիտասարդին հոգեմտաւոր զարգացման վրայ:

Սեմինարին մասնակցեցան լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու ներկայացուցիչներ, նաեւ 12 համալսարաններու հայկական ակումբներու ներկայացուցիչներ:

Սեմինարին դասախօսներն էին`

Թամար Հաշէօլեան, որ ներկայացուց  «Կամաւոր հասարակական գործի օգուտները երիտասարդներուն համար» նիւթը, Ռազմիկ Ազէզեան անդրադարձաւ «Առողջութեան մարզում»-ը նիւթին, իսկ

Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան ներկայացուց «Ղեկավարութեան հմտութիւնը երիտասարդութեան մօտ» նիւթը:

Ձեռնարկի աւարտին մասնակից աշակերտներուն եւ համալսարանականներուն բաժնուեցան արժեւորման թերթիկներ, որոնք կը բովանդակէին սեմինարին վերաբերող հարցումներ: Անոնց ընդմէջէն յստակացաւ, որ երիտասարդները ընդհանուր առմամբ գոհ էին սեմինարին նիւթերէն, հետաքրքրական գտած էին զանոնք, դրական կը նկատեն երիտասարդին մասնակցութիւնը նման գործնական սեմինարներու: Անոնք նաեւ առաջարկած են յառաջիկային աւելի ընդարձակ սրահներու մէջ կազմակերպել նման սեմինարներ:

ԼՕԽ-ի Քարոզչական յանձնախումբին համար խրախուսիչ է երիտասարդ ուսանողներու ներկայութիւնը, յանձնառութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը: Մենք մեր կարգին մեր գործունէութեան մէջ առաջնահերթ պիտի նկատենք երիտասարդը ներառել մեր աշխատանքներուն մէջ:

Նախորդը

Մանուկը

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի 35-Ամեակի Նշում

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.