Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիրամեակը` Նիւ Եորքի Մէջ

Մարտ 17, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

March-2015_Group-photo«… Այնքան ատեն որ ես ողջ եմ, պիտի չարտօնե՛մ, որ Թուրքիան մաս կազմէ Եւրոպական Միութեան»:

ԴՈԿՏ. ԷԼԵՆԻ ԹԷՈԽԱՐՈՒՍ
Եւրոպայի խորհրդարանի անդամ

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկները մեծ յաջողութեամբ կայացան Նիւ Եորք քաղաքին մէջ` 5-7 մարտ 2015-ին:

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան, հինգշաբթի, 5 մարտ 2015-ի երեկոյեան, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասեղնագործել վերապրելու համար. հայ կիներու ձեռարուեստը» խորագիրով հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը:

Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին` ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՕՄ-ի Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան, եւ Հարաւային Ամերիկայի շրջաններուն անդամներ, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, եւ օտար թէ հայ այլ հիւրեր:

Որպէս ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւոր` ցուցահանդէսին բացումը կատարեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան: Ան անդրադարձաւ հայ կնոջ նուիրումին եւ կամքին` պահպանելու հայ ընտանիքն ու մշակոյթը, հայոց պատմութեան բոլո՛ր հանգրուաններուն: «Այս ցուցահանդէսին նպատակն է ներկայացնել հայ կնոջ դերը որպէս վերապրողի, զօրաւոր եւ կամքի տէր անձի, որ ներկայ պատմութեան մէջ իր յատուկ տեղը կը գրաւէ: Այս հրաշալի իգական ուժը ծնունդ առաւ ճնշուած ժողովուրդի դաժան պայմաններուն ընդմէջէն, երբ հայ կինը ապաստան գտաւ «Նոր Աշխարհին» մէջ եւ գաղթականի հանգամանքէն դուրս ելլելով` կարողացաւ աշխատանք գտնել եւ դառնալ ինքնաբաւ», ըսաւ Մարաշլեան:

March-2015_Mnatsakanyan-and-MarachelianՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրապ Մնացականեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ցուցահանդէսին իւրայատկութեան` նշելով, թէ ան իբրեւ «խորհրդանիշ եւ իրականութիւն»` կը ներկայացնէ Ցեղասպանութենէն վերապրած կիներուն  պատմութիւնը: Մնացականեան նաեւ նշեց, թէ հայ կինը, ապաստան գտնելով օտար ափերու վրայ` կարողացաւ ուժ գտնել վերակառուցելու իր կեանքը: Խօսքին աւարտին, դեսպանը բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի ներդրումն ու գործակցութիւնը այս ձեռնարկին յաջողութեան համար եւ նշեց, թէ հայ ժողովուրդը իր կամքո՛վ է, որ կարողացեր է հայկական դրօշը բարձրացնել ՄԱԿ-ի մէջ:

DSC_4440DSC_4446Հայկական ձեռագործները կը ցուցադրուին ՄԱԿ-ի մէջ, երբ հազարաւոր ներկայացուցիչներ, աշխարհի զանազան երկիրներէ, կը գտնուին Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Կանանց իրավիճակի 59-րդ յանձնաժողովի նիստերուն:  Այս յատուկ ցուցահանդէսը կը միտի փաստելու հայ կնոջ վերապրումի եւ հզօրացման կամքը` յետցեղասպանութեան տարիներէն մինչեւ օրս:

Երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ջութակահար Տիաննա Վասիլեան, որուն գեղեցիկ երաժշտութիւնը բարձր գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Ձեռնարկին հիւրասիրութիւնը եղաւ հայկական «Մայեաս»  ճաշարանին նուիրատուութեամբ:

Ցուցադրուած իրերը յատկացուեցան Ամերիկայի հայկական թանգարանին (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեց) եւ ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանին կողմէ: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ամերիկայի հայկական թանգարանի տնօրէնութեան` ջերմ համագործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Սիւզան Լինտ-Սինանեանին, որուն ճիգերով կարելի եղաւ ցուցադրել հայկական ձեռագործները:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ հայ կնոջ նուիրուած ցուցահանդէսին գլխաւոր հովանաւորներն էին տէր եւ տիկին Յարութ եւ Վիքի Մարաշլեաններ: Շնորհակալութիւն բոլո՛ր մասնակիցներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով եւ աշխատանքով կարելի եղաւ այս ծրագիրը ի գործ դնել եւ համայն աշխարհին ներկայացնել հայ կնոջ իւրայատուկ եւ բացառիկ գործերը:

 ***

Էլենի Թէոխարուս
Էլենի Թէոխարուս

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին ծրագրած «Վերականգնել ազգութիւն մը. հայ կիներու մէկ դարու դիմադրութիւնն ու հզօրացումը» խորագիրով միօրեայ գիտաժողովը, հոծ բազմութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 6 մարտ  2015-ին, «Սելվէյշըն արմի»-ի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, ատենապետ Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խմբաւորման` դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի, Ֆրեզնոյէն` Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հայոց եւ գաղթի պատմութեանց աւագ դասախօս` փրոֆ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլի, «Արմենոյտ փրոտաքշընզ»-ի վարիչ տնօրէն` Պարետ Մարոնեանի, Սգաութ Թուֆանքճեանի` նկարիչ-լրագրող եւ «There is Only the Earth:Images from the Armenia Diaspora Project» գիրքի հեղինակ եւ Մարիան Մեսրոպեան Մաքքըրտիի` հեղինակ «Sacred Justice: The Voices and Legacy of the Armenian Operation Nemesis» գիրքին:

Քարոլին Շմաւոնեան
Քարոլին Շմաւոնեան
Փոլին Կեցոյեան
Փոլին Կեցոյեան

Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն Քարոլին Շմաւոնեան:  Յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք մեր նահատակներուն յիշատակը, Կեդրոնական վարչութեան անունով Շմաւոնեան բարի գալուստի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Իսկ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն հանդիսավար Փոլին Կեցոյեան ներկայացուց խօսք առնողները, որմէ ետք իւրաքանչիւր խօսք առնող տարբեր տեսանկիւնէ ներկայացուց հայ կնոջ դերը յետ-ցեղասպանութեան տարիներուն, ինչպէս նաեւ անոնց դերակատարութիւնը` որպէս հայ ընտանիքին հզօր մասնիկը:

Իր խօսքին մէջ դոկտ. Թէոխարուս կեդրոնացաւ հայ կիներու հզօրացման թեմային` նշելով Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ մասնաւորապէս անդրադառնալով հայ կնոջ դերակատարութեան` արցախեան պատերազմի օրերուն: Ան բարձր գնատահեց Հայ օգնութեան միութեան դերը հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ եւ նշեց, թէ իրեն համար պատիւ է մասնակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: Քաջատեղեակ ըլլալով հայու արդար իրաւունքներու պահանջատիրութեան` Թէոխարուս նշեց. «Այնքան ատեն որ ես ողջ եմ, պիտի չարտօնե՛մ, որ Թուրքիան մաս կազմէ Եւրոպական միութեան»:

March-2015_Kaprielian2
Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլ
Պարետ Մարոնեան
Պարետ Մարոնեան

Դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլի ներկայացումը կեդրոնացած էր հայկական ձեռագործներուն թեմային վրայ: Նկատի ունենալով, որ նոր սերունդը ծանօթ չէ հայկական ասեղնագործութեան,  Չըրչիլ իր ներկայացման ընդմէջէն շեշտեց կարեւորութիւնը հայկական ասեղնագործութեան` իբրեւ վերապրումի միջոցի:

Սգաութ Թուֆանքճեան
Սգաութ Թուֆանքճեան
Մարիան Սեսրոպեան ՄաքՔըրտի
Մարիան Սեսրոպեան ՄաքՔըրտի

Ցուցադրելով աշխարհասփիւռ զանազան հայ համայնքներու խորհրդանշական լուսանկարներ` Թուֆանքճեան շաղկապեց աշխարհի զանազան տարածքերու վրայ ապաստան գտած հայերը: «Ցեղասպանութեան որբերը» եւ «1915 կիները» վաւերագրական ժապաւէններուն անդրադառնալով եւ բաժիններ ցուցադրելով` Պ. Մարոնեան վերարժեւորեց հայ կնոջ դերը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներէն մինչեւ օրս:

ՄաքՔըրտի անդրադարձաւ հայ կնոջ երբեմնի լուր եւ գիտակից աշխատանքին` օրինակ տալով իր մեծ մօր դերակատարութիւնը, իբրեւ ՀՕՄ-ի հիմնադիրներէն մէկուն:

***

conference-crowdՇաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք եւ մշակութային երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութեան կողմէ, որ հովանաւորուած էր Օշական արք. Չոլոյեանի կողմէ (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի) եւ` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին` ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, Անուշաւան արք. Դանիէլեան` փոխառաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի, հոգեւոր հայրեր, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու հիւրեր, ՀՕՄ-ի Քանատայի, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Հարաւային Ամերիկաներու շրջաններէն անդամներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ՀՕՄ-ի համակիրներ:

***

Հայ օգնութեան միութիւնը այս տարի եւս կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Կանանց իրավիճակի 59-րդ յանձնաժողովի նիստերուն: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման ձեռնարկներուն ծիրին մէջ այս առիթով ՀՕՄ-ը կազմակերպեց  «Կինը եւ սփիւռքը` անցեալէն դէպի յետ-2015» խորագիրով աշխատանիստը` համագործակցելով ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի եւ Կիպրոսի մնայուն ներկայացուցչութեանց, ինչպէս նաեւ` այլ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ:

Աշխատանիստին բացումը կատարեց ՄԱԿ-ի մէջ Կիպրոսի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Նիքոլաս Էմիլիու: Աշխատանիստը վարեց «Արմինիըն ուիքլի»-ի թերթի խմբագիր Նանոր Պարսումեան, որ անդրադառնալով իր փորձառութեան, իբրեւ սփիւռքի մէջ ապրողի եւ գործող կնոջ, առիթ տուաւ խօսք առնողներուն ներկայացնելու իրենց տեսակէտը:

Հայ օգնութեան միութեան անունով սփիւռքի մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան անդրադարձաւ Նորա Սիմոնեան: Խօսելով հայ մօր մասին` որպէս հայ ընտանիքի ողնասիւնին, Սիմոնեան նշեց, թէ  որքա՛ն հիմնական եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ հայ կնոջ դերը սերունդներու հայապահպանման առաքելութեան մէջ` զանոնք շաղկապելով հայրենի հողին:

Սոյն աշխատանիստին նաեւ խօսք առին դատախազ Հարիէթ Փաւլըս Ճորճ, Հայլանտս էնտ Այլանտս համալսարանի (Սքոթլանտ) դասախօս Ճիմ ՄաքՖըրսըն, ՄԱԿ-ի Կանանց կազմակերպութենէն` Սարա Կամաժ եւ Ափրիկէի սփիւռքի կանանց ցանց կազմակերպութենէն (DAWN) Սեմրա Արէա: Փակման խօսքը արտասանեց ՄԱԿ-ի մէջվ Հայաստանի մնայուն դեսպան Զոհրապ Մնացականեան: (Մանրամասնութիւնները յառաջիկային):

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած չորսօրեայ վերոնշեալ ձեռնարկները  կու գան անգամ մը եւս ամրապնդելու հայ կնոջ կամքը եւ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն ու պատգամը որպէս կնոջ հզօրացման եւ հայ ինքնութեան պահպանման ջահակիրի` սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ:

Նախորդը

Բաց Նամակ Պարոն Ամին Ժեմայէլի

Յաջորդը

«Իսլամական Պետութիւն»-ը Կը Փորձէ Քիմիական Զէնքերու Տիրանալ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?