Գաղութային

«Դպրեվանքը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Հայ Սփիւռքին Մարդուժ Հայթայթող Նուիրական Կեդրոն»

«Դպրեվանքը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Հայ Սփիւռքին Մարդուժ Հայթայթող Նուիրական Կեդրոն»

Այսպէս յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի բացման հանդէսին: Երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ ուսուցիչներու, պաշտօնական հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ Դպրեվանքի 86-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին: Այս առիթով, դպրեվանեցիներ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ աստուածաշնչական հատուած, երգուեցան օրուան խորհուրդը պատմող...

Քոլեճի Աշակերտութեան Մէկական Գիրք Նուիրելով`  Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճը Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Կը Պանծացնէ Հայ Գիրքն Ու Հեղինակը

Քոլեճի Աշակերտութեան Մէկական Գիրք Նուիրելով` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճը Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Կը Պանծացնէ Հայ Գիրքն Ու Հեղինակը

Ուրբաթ, 9 հոկտեմբերի կէսօրին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը աշակերտական հանդիսութեամբ մը նշեց Թարգմանչաց տօնը` պանծացնելով հայ գիրքն ու հեղինակը: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց քոլեճին Աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչ Նայիրի Թերզեան, որ Թարգմանչաց տօնի իմաստն ու խորհուրդը ներկայացնելով` ըսաւ, որ աշխարհի վրայ դժուար թէ գտնուի ժողովուրդ մը, որ թարգմանիչներու տօն ունենայ: Մենք ունինք, որովհետեւ կը հաւատանք մեր գիրին եւ գրականութեան...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան.  Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

Ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 2015-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը յատուկ հանդիսութեամբ նշեց ոսկեդարու անմահանուն կերտիչներու յիշատակը: Արդարեւ, ձեռնարկը սկիզբ առաւ բացման խօսքով, որ կատարեցին հինգերորդ դասարանէն Յովիկ Պահարեան եւ Մեղրի Աղազարեան: Անոնք նշեցին, որ հայ ժողովուրդը, այլ տօներու շարքին, ունի իր մայրենի լեզուին եւ մշակոյթի տօնը: Յովիկ Պահարեան ներկայացուց հինգերորդ դարու իրավիճակը եւ հայոց տառեր գտնելու հրամայականը: Իսկ Մեղրի Աղազարեան ներկայացուց...

«Քունհատի» Մեսրոպեանի Մէջ.  Ապահով Ճանապարհներու Համար

«Քունհատի» Մեսրոպեանի Մէջ. Ապահով Ճանապարհներու Համար

6 հոկտեմբեր, 2015-ին, Լիբանանի մէջ ճանապարհային ապահովութեան գիտակցութիւն տարածող Քունհատի կազմակերպութեան աշխատակիցները Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներուն դասախօսեցին ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններուն եւ ճանապարհային արկածներու պատճառներուն ու անոնց հասցուցած վնասներուն մասին: «Քունհատի»-ի աշխատակիցները աշակերտներուն դիտել տուին, որ ճանապարհային ապահովութեան համար անընդունելի պէտք է նկատուի ոգելից խմիչք օգտագործած վիճակի մէջ ինքնաշարժ վարելը, որ Լիբանանի մէջ առաջնային պատճառներէն մէկն է ինքնաշարժի  արկածներուն:...

Գործակցաբար Bizkidz Կազմակերպութեան.  Մեսրոպեանի Մէջ Բացուեցաւ Ուսումնառութեան Նոր Ծրագիր

Գործակցաբար Bizkidz Կազմակերպութեան. Մեսրոպեանի Մէջ Բացուեցաւ Ուսումնառութեան Նոր Ծրագիր

1 հոկտեմբեր 2015-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ մեկնարկեց յետ դպրոցական պարապմունքներու (after school) նորահաստատ ծրագիրը` գործակցաբար BizKidz կրթական միջազգային կազմակերպութեան: Ծրագրի բացման հաւաքոյթին հրաւիրուած  էին մասնակից աշակերտներն ու անոնց ծնողները: Վերոնշեալ կազմակերպութեան Լիբանանի ներկայացուցիչներն ու պարապմունքներու պատասխանատուները ներկայացուցին ծրագիրը, որ կը նախատեսէ օգնութիւն տրամադրել աշակերտներուն` դասերու պատրաստութեան մէջ, ինչպէս նաեւ զարգացնել անոնց մարզական, գեղարուեստական եւ գիտական հետաքրքրութիւնները: Ծրագիրը...

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Աշակերտներ Այցելեցին Պօղոս Սնապեանի Տուն-Թանգարան

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Աշակերտներ Այցելեցին Պօղոս Սնապեանի Տուն-Թանգարան

Վերջերս, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտները, իրենց հայոց լեզուի դասատուին` Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանին հետ այցելեցին նորաբաց Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը, զանոնք դիմաւորեց գրագէտին կինը`  Աղաւնի Սնապեան: Ան ողջունեց աշակերտները, որոնք խանդավառ էին այս այցելութեամբ եւ եկած էին մօտէն ծանօթանալու այնտեղ ցուցադրուած առարկաներուն եւ Պ. Սնապեանի գրական ստեղծագործութիւններուն: Աշակերտներէն ոմանք այցելած ըլլալով հայրենիքի մէջ տուն-թանգարաններ, Այնճար հայաւանի մէջ նորակառոյց այս...

Հունձքի Տօն Եւ Քոյր Հետուիկ Անիսհենզլինի Նուիրուած Յիշատակի Պաշտամունք

Կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հունձքի տօն եւ քոյր Հետուիկ Անիսհենզլինի   նուիրուած պաշտամունք` ներկայութեամբ պատուելիներ Յակոբ Ագպաշարեանի եւ Սեպուհ Թերզեանի, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ՔԱՀԼ-ի տարեցներուն, ՀՄԸՄ Այնճարի սկաուտներուն, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու: Պաշտամունքի ընթացքին պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան ներկայացուց քոյր Հետուիկի կենսագրականը` ընկերակցութեամբ նկարներու ցուցադրութեան: Ան յիշեց քոյր Հետուիկին դերակատարութիւնը Այնճարի հիմնադրութեան...

Հայկական Վարժարաններու Տնօրէններու Հաւաք` «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

Հայկական Վարժարաններու Տնօրէններու Հաւաք` «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

Ուսման եւ կրթութեան կողքին հայ մանուկը խաղաղ միջավայրի մէջ պահելու եւ անոր Ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան առողջ աճ ապահովելու միտումով «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութիւնը չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ կազմակերպեց ժողով-հաւաք մը: Այս ժողով-հաւաքին հրաւիրուեցան Լիբանանի տարածքին գործող 23 հայկական վարժարաններու տնօրէններն ու պատասխանատուները: Ներկայ գտնուեցան Ազգային առաջնորդարանի գործավարուհին եւ ընկերային ծառայողը, ՀԲԸՄ-ի Կրթական խորհուրդի...

Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճի Վերամուտ

Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճի Վերամուտ

Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ին, Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճը, 31-րդ վերամուտի սեմին, գրկաբաց ընդունեց իր մեծ ընտանիքը: Տարեսկիզբի ազդանշանը տուող առաջին զանգին  աշակերտները բակին մէջ հաւաքուեցան, հաւաքաբար «Տէրունական աղօթք»-ը արտասանեցին եւ քոլեճին քայլերգը երգեցին, որմէ ետք  բեմ բարձրացաւ քոլեճի տնօրէն  Զոհրապ Ղազարեան: Ան բարի վերամուտ մաղթեց ներկաներուն իրենց հարազատ տան մէջ, ապա կարդաց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի` վերամուտի առիթով...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան.  Նոր Թափով Եւ Խանդավառութեամբ Սկիզբ Առաւ 2015-2016 Տարեշրջանը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Նոր Թափով Եւ Խանդավառութեամբ Սկիզբ Առաւ 2015-2016 Տարեշրջանը

Երկուշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը իր դռները լայնօրէն բացաւ դիմաւորելու համար 2015-2016 կրթական տարեշրջանը: Հին ու նոր աշակերտներու ներկայութեամբ կրթական նոր տարեշրջան մը սկիզբ առաւ վարժարանի շրջափակին մէջ: Խմբային աղօթքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներուն երգեցողութիւնը: Ապա խօսք առաւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, նոր աշակերտներուն մաղթելով նաեւ,...

Մեսրոպեանի Աշակերտները Ստացան Delf Քննութիւններու Յաջողութեան Վկայականները

Մեսրոպեանի Աշակերտները Ստացան Delf Քննութիւններու Յաջողութեան Վկայականները

Ինչպէս ծանօթ է, անցած տարեշրջանին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սկիզբ դրած էր DELF քննութիւններու մասնակցութեան: Սոյն քննութիւններով, աշակերտները կը պատրաստուին Ֆրանսայի եւ ֆրանսախօս երկիրներու մէջ դիւրացուած կարգով համալսարաններ ընդունելութեան: Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ DELF քննութիւններուն Մեսրոպեան վարժարանէն առաջին մասնակցողները եղած էին Դ. Եւ Զ. դասարաններու աշակերտները, 2014-2015 տարեշրջանին:  Յաջողութիւն արձանագրած էին բոլոր մասնակիցները,...

Տարեցներու Օր ՔԱՀԼ-ի Ծերունիներուն

Տարեցներու Օր ՔԱՀԼ-ի Ծերունիներուն

1 հոկտեմբերը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ճշդուած է որպէս Համաշխարհային տարեցներու օր: Այս առիթով, 26 սեպտեմբեր 2015-ին Հայ տարեցներու տան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը: ՔԱՀԼ-ի մամիկներն ու պապիկները համախմբուեցան սրահին մէջ եւ մեծ ուրախութեամբ վայելեցին իրենց համար պատրաստուած յայտագիրը: Յայտագիրին սկիզբը ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան խօսք առաւ եւ շնորհաւորեց տարեցները իրենց տօնին առիթով: Ապա բացատրեց, թէ ինչպէս...

Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողով.  Դպրաց Վկայագիրներու Բաշխում` Ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողով. Դպրաց Վկայագիրներու Բաշխում` Ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 2015 տարուան Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ մայիս ամսուան ընթացքին դպիրի ձեռնադրութիւն ստացած անհատներու վկայագիրներու բաշխումը: Սոյն ձեռնարկը կազմակերպած էր Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային կրօնական ժողովը եւ կը հովանաւորէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կրօնական ժողովի անդամ Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան: Ան...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Նուիրուած Տարբեր Նախաձեռնութիւններ Հայաստանի Մէջ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Նուիրուած Տարբեր Նախաձեռնութիւններ Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի մէջ կը շարունակուին Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւնները: 18 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մուսալեռցիք բարձրացան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ Ճորճ Գէորգեանի «Ֆրանսական ռազմածովային նաւատորմի օգնութիւնը հայերուն» գիրքի շնորհահանդէսը, ինչպէս նաեւ բացումը կատարուեցաւ մուսալեռցիներու կենցաղին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցահանդէսին: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան...

«100 » Հրայր Բազէի Լուսանկարչական Գիրքի Շնորհահանդէս

«100 » Հրայր Բազէի Լուսանկարչական Գիրքի Շնորհահանդէս

Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կազմակերպած Հրայր Խաչերեանի «100» պատկերագիրքի շնորհահանդէսը: Գրական յանձնախումբին անունով Անահիտ Պալեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց գրասէր ներկաները եւ ապա ներկայացուց հեղինակին հակիրճ կենսագրականը: Հրայր Բազէ Խաչերեան ծնած է 1961-ին Լիբանան: 1984-էն ի վեր հաստատուած է Քանատա: 1988-ին սփիւռքի մէջ իր մասնակցութիւնը...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 16-23 օգոստոս 2015-ին, Այն Զհալթայի յառաջդիմական-ընկերվարներու բանակավայրէն ներս, մասնակցութեամբ 183 սկաուտներու: Տեղին է նշել, որ այս տարի բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի նորաստեղծ մասնաճիւղի քոյրերն ու եղբայրները: Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետութեան կողմէ կազմակերպուած բանակումը նուիրուած էր մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակին, իսկ ընդհանուր թեմա ընտրուած էր աշխարհի եօթը նոր հրաշալիքները: Սկաուտական...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում-2014-2015 Տարեշրջան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում-2014-2015 Տարեշրջան

Կիրակի, 30 օգոստոս 2015-ի յետմիջօրէին վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի 2014-2015 տարեշրջանի Քոռնայել գիւղի Տհուր Սալիմա շրջանին մէջ կայացած բանակումը, որուն  թեման էր`  «Կատարեալ աշխարհի մը տեսլականով»: 9-օրեայ այս բանակումը եղաւ շատ յատկանշական, իր թեմայով, իր նախապատրաստական աշխատանքներով, իր յատուկ կազմակերպութեամբ, իր աննախընթաց 207 մասնակցողներով, իր կշռոյթով եւ սքանչելի բարձր սկաուտական ոգիով: Մասնաճիւղային դրօշակի կայմ Այս յատուկ առիթով, մասնաճիւղը պատրաստած էր...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Անձնակազմին Առաջին Հանդիպումը` Վերամուտի Նախօրեակին

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Անձնակազմին Առաջին Հանդիպումը` Վերամուտի Նախօրեակին

Շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմին տարեկան հանդիպումը, որ ամէն տարի կը կատարուի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը` վերամուտի նախօրեակին: Այս տարուան հանդիպումը կը զուգադիպէր վարժարանի անուանակոչութեան` Խաչվերացի տօնին, որուն նուիրուեցաւ նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագը, որուն համապատարագեցին գերապատիւ հայրեր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանն ու Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը: Իր փոխանցած քարոզին...

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսուցչական Կազմը Գումարեց Նոր Տարեշրջանի Անդրանիկ Ժողովը

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսուցչական Կազմը Գումարեց Նոր Տարեշրջանի Անդրանիկ Ժողովը

11 սեպտեմբեր 2015-ին կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու միացեալ ընդհանուր ժողովը, որ ազդանշանը տուաւ 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտին: Ժողովը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ` աղօթքի արարողութեամբ, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ շեշտեց, որ ուսուցիչներ եւ կրթական պատասխանատուներ հրաւիրուած են արժանի ուշադրութիւն շնորհելու յատկապէս այն մանուկներուն,...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Տիկնանց Ընկերային Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ Այցելութիւն «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի տիկնանց ընկերային յանձնախումբին, երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր  2015-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրեր: Պտոյտին իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտաւորապէս 100 անձեր, որոնք վարժարանի ծնողներ էին, աշակերտներ, ինչպէս նաեւ քոլեճի բարեկամներ եւ հիւրեր: Առաջին վայրը, ուր կանգ առին մարդատարները, Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանն էր: Մասնակիցները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յուզումով շրջագայեցան  թանգարանին մէջ մօտէն ծանօթանալու...

Page 59 of 68 1 58 59 60 68

Արխիւներ