Իրանահայութիւնը Մեծ Ուրախութեամբ Տօնեց Արամ Ա. Հայրապետին Գահակալութեան 20-Ամեայ Յոբելեանը
Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» դահլիճին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը: «Արարատ» մարզաւանի մուտքին վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Արարատ»-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, պետական եւ հոգեւորական ներկայացուցիչներու, «Կիլիկեան իշխան»-ներու եւ «Կիլիկեան ասպետ»- ներու, եւ ազգային բարերարներու կողմէ: Աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք, սկիզբ առաւ նորին սրբութեան գահակալութեան 20-ամեակի հանդիսութիւնը: Յոբելենական...




















