Հալէպի Մէջ ՀՅԴ 126-Ամեակի Տօնակատարութեան Ընթացքին Արտասանուած Գրիգոր Տունկեանի Խօսքը.
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան առիթով, հայատրոփ Հալէպ քաղաքի մէջ այս համախմբումը, այս բեմի վրայ զետեղուած եւ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհին մէջ Դաշնակցութեան գործով խարսխուած` Յարատեւ Յանձնառութիւն արժէքին նուիրականացումն է անկասկած: Արժէք, որ կու գայ մեր ժողովուրդի փառահեղ պատմութենէն, ներկայ է նուիրական գործով, ուղենշումն է ապագայի:
Ազգային ազատագրական պայքարով ծնունդ առած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 126 տարիները` Ազատ Հայ մարդու գոյատեւումին եւ սեփական անկախ հայրենիքի կերտումին եւ կայացումին յաղթերգութիւնն են, ազգային իրաւունքներու վերատիրացումին եւ բռնագրաւեալ հողերու ազատագրումին հաստատակամութիւնն են, Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումին ու հատուցումին համար մղուած յարատեւ եւ շարունակուող պայքարի տարիներուն աւանդն են: Մարտադաշտերէն մինչեւ քաղաքական թատերաբեմեր, հայրենազրկումէն մինչեւ անկախ պետականութեան կերտում, միացեալ Հայաստանի եւ միացեալ հայութեան գաղափարախօսութեան նուիրականացում, սփիւռքի կազմակերպում, ապա` խորհրդային իրաւակարգէն վերանկախացում, Արցախեան գոյապայքար եւ անկախութիւն, հասնելով հայկական անկախ պետականութեան հզօրացումին եւ անոր ազգային քաղաքականութեան ձեւակերպումին:
Դաշնակցութեան յենարանն ու ուժը սեփական ժողովուրդն է ու անոր կազմակերպուածութիւնը, իսկ նուաճելի հորիզոնը տնտեսապէս բարգաւաճ, ընկերային արդարութեան վրայ յենած եւ ժողովրդավար կարգերով օժտուած Հայաստանի կերտումն է` որպէս գերխնդիր, որպէս հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացումին, լիարժէք անկախութեան եւ անոր գոյերթի անվտանգ շարունակման երաշխիք:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ցեղին եւ հողին ձայնին հաւատարիմ գործեց եւ կը շարունակէ գործել յանձնառութեամբ: Հայ մարդն ու անոր քրտինքով ու արեամբ նուիրագործուած հողը դաւանելով սրբութիւն, հայրենիքի եւ ժողովուրդի բարօրութեան ու հզօրացումի իրականացումը` առաքելութիւն, բռնագրաւեալ իրաւունքներու վերատիրացումը` սրբազան կտակ:
Հարթ ու ծաղկաւէտ չեղաւ ու չէ Դաշնակցութեան ճամբան, այնպէս` ինչպէս զինք ծնող ժողովուրդինը: Հազարամեակներու խորքերէն եկած պատմութեան բնական շարունակութիւնն է ան` հասած մեր օրերուն, որուն այսօրուան տնօրինումը եւ վաղուան ուղենշումը կատարելու պարտականութիւնը կը հանգչի մեր ուսերուն: Պ. Սեւակի բառերով` «Անկատար տենչեր ունենք դեռ շատ», իսկ նուաճելի մարտահրաւէրներ նորանոր` Հայաստան, Արցախ, սփիւռք եռամիասնութեամբ, յանուն միեւնոյն նպատակներուն, որոնց ամփոփումը մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի գոյերթի անխափան շարունակումն է:
Դաշնակցութեան վերջին քսանհինգ տարիները այդպէս ալ պատահական չէ, որ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան, ազատագրուած ու պետականութիւն դարձած Արցախի Հանրապետութեան արդէն նուաճուած քսանհինգ տարիներուն հետ ունին հասարակաց գիծեր, շաղախուած են իրարու` էութեամբ, աղերսուած են` սփիւռքեան իրավիճակի տուեալներուն փոխներգործութեամբ:
Արդ, հանդիսաւոր այս պահուն, առաջնային կերպով կը շնորհաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակները: Հպարտութեամբ կ՛ողջունենք նուիրական եռագոյնը, անվտանգութեան երաշխիք հայոց քաջարի բանակը եւ կը ջրդեղենք Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը: Երեւան, Ստեփանակերտ թէ Հալէպ` միեւնոյնն է մեզի համար, պարտական ենք բոլորին եւ տէրն ենք յանձնառութեան:
Տագնապալի մեր այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր կողքին էր իր դիւանագիտական, մարդասիրական թէ քաղաքացիական հնարաւորութիւններով: Դո՛ւք էք վկաները: Արցախը մեր կողքին էր, փաստ` ամիսներ առաջ այս բեմէն Արցախի խորհրդարանական մեր ընկերոջ հանդիպումը հալէպահայութեան: Մենք Հայաստանի ու Արցախի հետ էինք քառօրեայ պատերազմին անմիջական արձագանգումով, կամաւորներու օժանդակութեամբ եւ «Մենք ենք Արցախը» նախաձեռնութեամբ:
Ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան նուիրական գաղափարախօսութեան դաշնակցական շունչն է այս, ուր լաւագոյնս կը դրսեւորուին համայն հայութեան դիմագրաւած խնդիրները, դժուարութիւնները, տագնապները համազգային կերպով դիմագրաւելու Դաշնակցութեան խօսքին ու գործին հնչեղութիւնը:
Յարգելի՛ ներկաներ,
Հակառակ համաշխարհային անօրինակ տագնապի մը կիզակէտին վրայ յայտնուած ըլլալու մեր կացութեան` անմասն չենք այս բոլորէն: Անցնող շուրջ վեց տարիներուն ալ մեր համազգային առաջադրանքները մնացին հնչեղ, առաջնահերթութիւնն է, որ պարտադրեց ինքզինք: Առաջնահերթութիւն`
– Պահելու հայը հնարաւոր կարելիութիւններով, որոնք այնքան ալ լայն չէին`
– Ներդաշնակելու քաղաքացիական պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը եւ մեր իւրայատկութիւնները,
– Ինչպէս բոլոր քաղաքացիներուն, այնպէս ալ մեզի վիճակուած տագնապի, անապահովութեան, տնտեսական հերթաբար ծանրացող կացութեան եւ ընկերային յարաճուն կարիքներու դիմագրաւման խնդիրներու լուծումը եւ կարգաւորումը,
– Ժողովրդային երբեմն հասկնալի պատճառներով տեղաշարժերու եւ արտագաղթի մերթ ընդ մերթ սաստկացող ալիքներու ուղենշումը:
Առաջնահերթութիւն դարձան`
– Ակամայ բախումնային գօտիներու վրայ յայտնուած ըլլալու պատճառով մահու կենաց հարցերու դիմաց խելամիտ որոշում կայացնելը,
– Ընդհանրապէս Սուրիոյ տագնապին եւ երբեմն ալ յատկապէս սուրիահայութեան նպատակաուղղուած ապատեղեկատուական քարոզչութեան հետեւանքներու վերացման գործը:
– Մեր համազգային կրթական, միութենական կառոյցները կանգուն պահելով, կազմակերպ մնալու դիմադրողականութիւն կուտակելով յարատեւելու ծրագրումը,
– Կենցաղային բազմապիսի կարիքներու ապահովման, եւ ստեղծուած յաճախ անկանխատեսելի իրավիճակներու հետ վերաբերման հարցերու հնարաւորինս տնօրինումը:
Տակաւին տասնեակ մը նման վերնագրումներով կարելի է բնորոշել անցնող ժամանակաշրջանը:
Հալէպի մէջ յատկապէս, վերջին տարուան գրեթէ հանապազօրեայ հրթիռակոծումները հայ քաղաքացիի եւ զինուորի արեամբ որոգեցին սուրիական հողը: Խոնարհեցան հայկական երդիքներ:
Ահա անցեալ տարուն մեծագիր ուրուագիծը:
Այս պահուն մեծարանքով կը յիշենք այն անձնուրաց ու հերոս տղաքը, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին ժողովուրդին անվտանգութիւն եւ անդորր ներշնչելու համար:
Խաղաղութի՛ւն, պարտականութեան պատնէշի վրայ նահատակուած հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան մեր հրամանատար հերոս ընկերոջ փոթորկայոյզ հոգիին: Ամբողջական զօրակցութի՛ւն եւ Աստուած պահապա՛ն իրենց պարտականութիւնը յանձնառութեամբ կատարող անանուն, բայց իրենց գործով աշխարհին ծանօթ նուիրեալներուն:
«Եթէ հարկ ըլլայ, նա՛եւ կեանքիս գնով ծառայելու Հայաստանին եւ հայութեան…» դաշնակցական ուխտի կատարման վկաներն ենք բոլորս եւ կը մնանք պարտական` Հալէպէն մինչեւ Արցախ:
Հայրենիքի եւ ազգի ծառայութեան հանգանակին մէջ կը նոյնանան մեր հաւաքական գոյութեան սպառնացող վտանգներու դիմագրաւման ճիգերը եւ ազգային նպատակներ իրականացնելու պարտականութիւնները:
Աշխարհաքաղաքական նոր քարտէսներ կը գծագրուին, ուր հայրենիքներ կրնան տրորուիլ եւ ազգեր իրաւազրկուիլ: Պարտաւոր ենք պատմութեան թելադրութեամբ սրբութեամբ պահել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք մեր երրորդութիւնը` արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ հաւասարապէս, ղեկավարուած ազգային սեփական քաղաքականութեամբ, միասնութեան ոգիով եւ ներդաշնակ գործով: Ազգի եւ պետականութեան դիմագրաւած բոլոր հարցերը ամէնուր, Հայաստանի մէջ պետութեան ամրակայում, Արցախի մէջ պաշտպանական մարտ, Հալէպի մէջ անվտանգութեան անհրաժեշտ միջոցառում, անժամանցելի պահանջատիրութիւն… Այս նժարով է, որ կը կշռադատենք եւ, առ այդ, կը հունաւորենք մեր աշխատանքները:
Յարգելի՛ ներկաներ,
Անցնող շուրջ վեց տագնապալի տարիներուն Սուրիոյ մէջ դիմագրաւեցինք ու կը շարունակենք դիմագրաւել մարտահրաւէրներ եւ առաջնահերթութիւններ, որոնք հանգրուան առ հանգրուան կրեցին փոփոխութիւններ, ունեցան աւերիչ հետեւանքներ:
Համազգային իմաստով, սփիւռքի մեր մայր գաղութի ակամայ շարժը սուր կերպով առաջ մղեց սփիւռքի մէջ քաղաքական օրակարգի նորովի մշակման անհրաժեշտութիւնը:
– Ինքնանպատա՞կ է, սփիւռքի ո՛ր շրջանի մէջ ալ ըլլայ, մեր գոյութեան շարունակումը:
– Անհրաժեշտութի՞ւն են, թէ՞ հնարաւորութիւններու մսխում` տրամադրուած կարելիութիւններն ու օժանդակութիւնները:
– Հայրենիքէն դուրս, որպէս մեր ապրած երկիրներու լիիրաւ քաղաքացիներ եւ հայ ազգի զաւակներ, ինչպէ՞ս պէտք է համատեղել քաղաքացիական պարտաւորութիւնն ու ազգային առաջադրանքներու մեր յանձնառութիւնները: Ո՞ր մէկն է գերակշիռը, իրողապէս քաղաքացիութի՞ւնը, թէ՞ էապէս ազգային պատկանելիութիւնը:
– Արդեօք միանշանա՞կ կը մտածենք եւ գործադրութեան մէջ կ՛աղաւաղենք մեր սկզբունքները…
– Յատկապէս հայաստանամերձ շրջաններուն մէջ, աշխարհաքաղաքական նոր գծագիրներու առկայութեան պայմաններուն եւ զարգացող գործողութիւններուն մէջ ու՞ր կը տեղադրուինք ե՛ւ որպէս ազգ, ե՛ւ որպէս հայրենիք…
– Մեկնած ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան գաղափարական հանգանակէն` համահո՞ւնչ են Հայաստան-սփիւռք քաղաքական մեր օրակարգերը:
– Մեր ապրած կացութեան մէջ հայրենադարձութի՞ւնն է փրկութիւնը… Պատրա՞ստ ենք իրականացնել զայն հոգեպէս եւ առարկայականօրէն` միաժամանակ ստանձնելով անոր հետեւանքներու պատասխանատուութիւնը:
Եւ կամ`
Այսօր այս տագնապէն դուրս գանք որեւէ կերպով եւ վերջը կը մտածենք®
Իսկ այդ վերջը`
– Մայր գաղութի տարանջատո՞ւմն է անհեռանկար, լոկ մարդասիրական աշխատանքներով…
– Հայրենադարձութի՞ւնն է` անբաւարար պատրաստուածութեամբ…
– Սփիւռքի մէջ բախտի լքուած, կամայ թէ ակամայ մնա՞լն է…
Ահաւասիկ` բաժին մը այն տուայտանքէն, որ թաքնուած է մեր ապրած հանապազօրեայ տագնապի ետին:
Անճար չէի՛նք ու չե՛նք, ինչպէս ոմանք կ՛ուզեն ներկայացնել մեզ եւ անտէր մնացած սուրիահայութեան տիրութիւն կատարել` կա՛մ շատ բարեմտութեամբ եւ կա՛մ մարդասիրական պիտակի տակ ապազգային քաղաքական ծրագիրներու ծառայութիւն մատուցելով:
Անպատասխան չե՛ն այս հարցադրումները:
Մենք, նման անտառի ծառերուն, որոնք փոթորիկներուն դէմ կը դնեն ո՛չ թէ իրենց ճիւղերը երկարելով, այլ` իրենց արմատները հողին մէջ խորասուզելով, որոշեցինք ծառանալ: Մնալ իրատես` միշտ ուղենիշ ունենալով մեր սեփական առաջադրանքները եւ, որպէս հայութիւն, յարգելով ժողովուրդի բազմերանգ տրամադրութիւնը, ձեռքէ չհանելով ոչ մէկ հնարաւորութիւն:
Պահել հայն ու ազգայինը: Այս եղաւ տագնապին հետ վարուելու մեր ընդհանուր գործի ուրուագիծը:
– Հոս հնարաւորութիւններ տրամադրելով եւ ստեղծելով: Լիիրաւ կատարելով քաղաքացիական պարտաւորութիւնները, հաւատարիմ մնալով ծննդավայրի հողին, օրինականութեան, պետականութեան, համակեցութեան: Տէր կանգնելով մեր ազգային իրաւունքներուն` որպէս Սուրիոյ ժողովրդային հիւսուածքի բաղադրիչ:
– Իսկ եթէ ա՛յլ է ընտրանքը, ապա նպատակաուղղել տեղաշարժը մայր հայրենիք` Հայաստան, հոն եւս հետամուտ ըլլալով, որ ներգաղթի մշակոյթը գործէ եւ ո՛չ թէ գաղթականութեան:
Յարգելի՛ ներկաներ,
Քաղաքական ու ազգային օրակարգերով փոթորկած այս օրերուն դարձեալ առաջնային նշանակութիւն ունի հողին ու ցեղին ձայնին կառչած մնալու ունակութիւնը: Պէտք է չկորսնցնել այդ կողմնացոյցը` թերեւս սուղ գին վճարելով, այնպէս` ինչպէս վճարեցինք բոլորս:
Սուրիոյ երկնակամարէն տակաւ առ տակաւ չքացող մթագնած ամպերը նոր արշալոյսի գալուստը կը յուշեն: Նոր օրեր, նոր իրավիճակներ, նոր գործ:
Ճիշդ է, որ այն չենք, ինչ որ էինք: Կայ թուային նահանջ, սակայն կայ իր ազգային ու քաղաքացիական արմատներուն ամուր կառչած հաւաքականութիւն:
Աշխարհ սարսող ահաբեկչութեան եւ Թուրքիոյ դաւադիր ծրագիրներու ջախջախումը մեր իսկ նահատակներու արիւնով շաղախուած հողին վրայ` մեզի իրաւունք եւ յոյս կը ներշնչեն:
Ապագան անցեալը պիտի չըլլայ, բայց պիտի ըլլանք նաեւ մենք:
Քաղաքականօրէն կայանալիք երկրի գործընթացին մէջ սուրիահայութիւնը` որպէս պարզ քաղաքացի, կամ Սուրիոյ խորհրդարանի կարեւոր մէկ մասնիկ, ներկայ է: Մեր պատկերացումներն ու տեսակէտները յաճախ յարգուած են ու նկատի կ՛առնուին:
Տարածաշրջանի քաղաքական զարգացումներու հոլովոյթին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման հարցով դրական ձեռքբերում ունենալու խայծեր ունինք, կայ ծրագրուած աշխատանք` օրին բացայայտելի:
Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ դրական հորիզոններ կը գծագրուին, ուր կը յուսանք լիարժէք դերակատարութիւն ունենալ:
Հակառակ տագնապալի շուրջ վեց տարիներուն, ծանր հետեւանքներու բարեշրջումի դժուարութիւններուն դիմաց չխոնարհուող կամքով` այստեղ է Դաշնակցութիւնը:
Կազմակերպ են ու պիտի մնան մեր բոլոր կառոյցները, ուղեկից միութիւնները, հաստատութիւնները:
Վերականգնումի եւ վերանորոգումի գործը յառաջ պիտի տանինք համազգային միասնութեամբ:
Շնորհակալ պիտի մնանք մեզի շտապ օգնութեան ձեռք երկարող, սրտակցող աշխարհասփիւռ կառոյցներուն, հայութեան:
Սուրիական քաղաքացիական իրաւունքով պիտի պահենք մեր իւրայատկութիւնն ու ազգային դիմագիծը` միշտ հաւատալով, որ սփիւռքը ինքնանպատակ չէ: Հայաստանի ու հայութեան, հայրենիքի եւ ազգի նպատակները կարելի կը դառնայ իրագործել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ազգային, քաղաքական ներդաշնակ ռազմավարութեամբ:
Բախտաւոր օր մը արժանի դառնալու համար լուսէ պսակին կամ դափնեպսակին` պիտի ընթանանք յարատեւ յանձնառութեամբ: