Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Այցելոիթիւն Քեսապ Օծում Նորակերտ Ս. Խորանի Տապանակի

Դեկտեմբեր 23, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր`  Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, վաղ առաւօտեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Քեսապ` ընկերակցութեամբ Զմմառու միաբանութեան դպրեվանքի փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի: Քեսապի մէջ «Ս. Միքայէլ» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Նարեկ վրդ. Լուիսեան դիմաւորեց այցելու պատրիարքական փոխանորդն ու հայր Մաշտոցը:

kessab-2_121816

Նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, զոր մատուցեց Գաբրիէլ թ.ծ.վ.  Մուրատեան` առընթերակայութեամբ Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի: Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին ՀԿՄ պատանեկան միութեան անդամները: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ազգային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը: Իր պատգամին մէջ հայր  Գաբրիէլ առաջին հերթին հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի հայրական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեց: Ապա աւելցուց. «Քեսապը պատմական Կիլիկիոյ թագաւորութեան մէկ մասնիկն է, որ մինչեւ այսօր հայութեամբ կ՛ապրի: Իսկ դուք, սիրելինե՛ր, հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան հերոսներն էք, որ դիմացաք եւ յաղթահարեցիք պատերազմի արհաւիրքները եւ ձեր հաւատքը ամուր եւ հաստատուն պահեցիք, եւ որուն համար պատմութեան առջեւ մենք մեզ հպարտ կը զգանք»: Այնուհետեւ ան քաջալերեց ժողովրդապետն ու հաւատացեալները` ըսելով. «Դուք աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն համար օրինակելի եւ տիպար ժողովուրդ էք»:

kessab-3_121816

Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ խորանին նորակերտ տապանակի օծումը: Յիշատակութեան արժանի է այն, որ այս մարմարակերտ եւ պղնձեայ քանդակներով զարդարուած տապանակը Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան նուէրն է: Ապա Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին տօնին առիթով պատարագիչ հայրը Յակոբ անունը կրող հաւատացեալներուն վարդարաններ նուիրեց: Նարեկ վրդ. Լուիսեանը, իր հերթին,  խորին շնորհակալութիւն յայտնեց մեծաւոր հօր ներկայութեան համար` շեշտելով, որ այս պահը որքա՜ն խորհրդանշական եւ յուզիչ է Քեսապի հայութեան համար, որովհետեւ յոյս, սէր եւ երջանկութիւն կը ներշնչէ իւրաքանչիւրին սրտին ու հոգիին: Այս պատմական այցելութեան առթիւ հայր Նարեկ ձեռագործ խաչ մը նուիրեց գերապայծառ հօր:

kessab-4_121816

Պատարագի աւարտին հոգեւորական դասն ու բոլոր ներկաները ուղուեցան «Բարեյուսոյ» հայ կաթողիկէ վարժարանին սրահը, ուր տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն: Այնուհետեւ Քեսապի հայ կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ պաշտօնական ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ`  Նարեկ Ա. քհն. Զերենցեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի` Ժիրայր Ղազարեան, Քեսապ հայաւանի գիւղապետ Վազգէն Չափարեան եւ զանազան միութիւններու պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ: Ճաշի ընթացքին  բաժակաճառեր արտասանուեցան հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ: Հուսկ այս պատմական այցելութիւնը վերջ գտաւ կիրակի երեկոյեան, որմէ ետք պատրիարքական փոխանորդը հրաժեշտ տուաւ Քեսապի ժողովուրդին եւ վերադարձաւ իր նստավայր Զմմառի վանք:

kessab-1_121816

 

 

Նախորդը

Սաթենիկ Թելֆեջեան Ժառանգութիւն Ստացած Հողատարածքը Նուիրած Է Խարբերդի Մանկատան

Յաջորդը

Հրայր Մարուխեան` Հայութեան Բոլորանուէր Մարտիկը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?