Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարարին Այցելութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին

Դեկտեմբեր 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hripsimyantz-4_121316

2016 տարուան աւարտը յատուկ յիշատակութեամբ արձանագրուեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի ոսկեայ մատեանին մէջ:

Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամերուն պաշտօնական այցելութեամբ վարժարան ժամանեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը` ընկերակցութեամբ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի:

Նախարարը եւ պաշտօնական հիւրերը դիմաւորուեցան տնօրէնութեան, ծնողաց վարչութեան եւ ուսուցիչներուն կողմէ, պաշտօնական հիւրերու շարքին էին Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ այլ կղերականներ, ինչպէս նաեւ` վարժարանի բարերար անձնաւորութիւններ:

Առաջին հերթին Հ. Յակոբեան պաշտօնական հիւրերուն հետ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած խաչքարին, ապա ան իր կարգին վառեց ոգեղէն կեանքի յաւերժալոյս մոմը եւ զետեղեց խաչքարին դիմաց, որմէ ետք կղերական դասը կատարեց օրհնաբանական աղօթք` առ Ս. Խաչ, անոնք ուղղուեցան վարժարանի հանդիսասրահը, մուտքին դիմաւորուեցան աւարտական դասարանի աշակերտներուն կողմէ հաց ու աղով:

hripsimyantz-6_121316

Այս առիթով տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան քայլերգով եւ Հայաստանի օրհներգով, ինչպէս նաեւ` վարժարանի քայլերգով, որմէ ետք, յանուն վարժարանի աշակերտներուն, բարի գալստեան խօսք արտասանեց աւարտական դասարանէն Ժան Փոլ Մալեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ.

«Մենք մեզ բախտաւոր կը զգանք, որ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի մեր աշակերտութեան տարիներուն պատիւը կ՛ունենանք հիւրընկալելու Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը` ընկերակցութեամբ մեծարգոյ դեսպանին:

«Այո՛, պատուուած կը զգանք նաեւ, որովհետեւ մեր սիրելի վարժարանին մէջ զետեղուած խաչքար ունինք, որ պատրաստուած է Հայաստանի ջուրէն, հողէն ու քարէն:

«Այս խաչքարը մեզի համար բազում իմաստներ ունի, մենք անոր ճաճանչներուն ընդմէջէն նաեւ կը տեսնենք մեր հայրենիքը, որ մեզ իրեն կը կապէ անքակտելի լարով մը»:

Ապա 5-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները կատարեցին Աստուածամօր նուիրուած «Ողջոյն քեզ, Անարատ Յղացեալ» օրհներգը. բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ իր խօսքը ներկաներուն ուղղելով` ըսաւ.

hripsimyantz-5_121316

«Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի ընտանիքին համար մեծ ուրախութիւն է իր երդիքին տակ հիւրընկալել Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը` ընկերակցութեամբ մեծարգոյ դեսպանին»:

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը արդէն 95 տարեկան է. ան կը համարուի Լիբանանի առաջին հայկական վարժարաններէն մէկը, որ հիմնուած է Անարատ յղութեան հայ քոյրերու վսեմ կոչումին ու առաքելութեան շնորհիւ. ան իրերայաջորդ սերունդներու ջամբած է քրիստոնէական, ազգասիրական, մարդկային եւ գիտական դաստիարակութիւն. ան ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը հանդիսանայ հայկական ու լիբանանեան փառքին ու պատիւին մէկ փարոսը եւ պիտի շարունակէ մնալ յաջորդող սերունդներուն ճանապարհորդութեան լոյսի աղբիւրը:

Սիրելի՛ ներկաներ,

Ճակատագիրի բերումով դարձած ենք սփիւռք. պատմութիւնը վկայ: Այսօր արդէն ունինք վերանկախացած 25-ամեայ հզօր հայրենիք մը, որ ամրակուռ հիմերու վրայ հաստատուած` պետական վարչական ամրապինդ կարգերով ի վիճակի է դիմակալելու ամէն փորձութիւն:

Շնորհիւ սփիւռքի նախարարութեան ռազմավարութեան` ոսկեայ կամուրջով զօդուած են հայրենիքն ու սփիւռքը, եւ մենք մեծ հաճոյքն ունինք անձամբ վայելելու Հրանուշ Յակոբեանին ներկայութիւնը` որպէս երաշխիք իր ջերմ սիրոյն ու աջակցութեան:

Սիրելինե՛ր,

Այս խաչքարը պատահականօրէն Հայաստանէն հոս չէ բերուած: Այս խաչքարը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հաստատուած է հոս` բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Շահէ Պոյաճեաններու, եւ օրին անոր արարողութեան հովանաւորութիւնը վայելած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարը, որ այսօր իր ներկայութեամբ եւս յատուկ իմաստ ու պատգամ է մեզի համար:

Ի վերջոյ իւրաքանչիւր զետեղուած խաչքար յատուկ խորհուրդ մը կը փոխանցէ. հետեւաբար այս սրբատաշ քարերով կանգնած խաչքարը կը թելադրէ`

– Մնայուն յուշ մեր պահանջատիրութեան,
– Սերունդներու հայեցի առողջ դաստիարակութեան ապացոյց,
– Ջերմացնող ճառագայթ` Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ծառայական ուխտին գրաւական, որ արդէն կը բոլորէ իր 170-ամեակը:

Առ ի գիտութիւն` 170 տարիներ հայ քոյրերը իրենց կրօնաւորական ուխտին նուիրուած են անձնուրացօրէն եւ անշահախնդիր ու պիտի շարունակեն նուիրուիլ հայ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան` ի փառս մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին:

Այս առիթով Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի ընտանիքը այս խաչքարին դիմաց կու գայ իր ծառայական ուխտը նորոգելու առ Ս. Հռիփսիմէ մայր տաճար` առյաւէտ հաւատարիմ մնալու մեր պապերու սուրբ կտակին:

Աշակերտները հերթաբար հանդէս եկան ասմունքով, նուագով ու պարով, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարը: Ան իր խօսքին մէջ դրուատիքով անդրադարձաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու առաքելութեան` ի սպաս սերունդներու հայեցի եւ հոգեմտաւոր անխոնջ դաստիարակութեան, որուն ապացոյցը Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի 95 տարիներու իրերայաջորդ սերունդներու յիշատակելի հունձքն է, որոնցմէ շա՜տ շատեր դարձած են ականաւոր դէմքեր եւ կը ծառայեն մեր ժողովուրդին:

Խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` յորդորեց  ըլլալ լաւ հայ եւ լաւ մարդ, հպարտ զգալ սեփական պատկանելիութեամբ, հզօր` Հայաստանով եւ Արցախով:

hripsimyantz-7_121316

Հ. Յակոբեանի խօսքի աւարտին քոյր Մակարոսեան դպրոցին յուշանուէրը յանձնեց սփիւռքի նախարարին, որ իր կարգին յանձնեց հատորներ եւ խտասալիկներ:

Հանդիսութեան աւարտին հիւրերը առաջնորդուեցան վարժարանին դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց եւ հիւրասիրութիւն:

2017 տարին Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին համար կը բացուի նոր շողարձակ հորիզոն մը, ուր ան բարձրաթռիչ սլացքով պիտի տօնախմբէ վարժարանի հիմնադրութեան 95-ամեակը եւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան հիմնադրութեան 170-ամեակը:

Հայ մշակին երթը օրհնաբեր ըլլայ:

Կ. Գ.

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Համպուրկեան Համախոհութի՞ւն

Յաջորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը Միշտ Արցախի Կողքին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?