Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Մինաս Արսէնեանի Արտասանած Խօսքը

Դեկտեմբեր 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

holanda-6_121916

Հոլանտայի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէին անունով կ՛ողջունենք ձեր ներկայութիւնը այս դահլիճին մէջ` միասին տօնելու ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 126-ամեակը:

Պատիւ է մեզի` ձեզ ողջունել այս հզօր  կուսակցութեան անունով. պատիւ, որ իրեն հետ կը բերէ ծանր պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն:

Այս օրերուն աշխարհասփիւռ հայութիւնը սիրով ու յարգանքով կը նշէ մեր կուսակցութեան 126-ամեակը` խոնարհելով անոր նուիրագործուած հարուստ պատմութեան իւրաքանչիւր էջի առջեւ:

Ո՛չ մէկ ազգի պատմութեան մէջ  եղած  է կուսակցութիւն մը, որ այսքան սէր, վստահութիւն, համընդհանուր ժողովրդականութիւն եւ յարգանք վայելած է, որքան` ՀՅԴ-ն, որ սակայն միաժամանակ  հալածանքներու ենթարկուած, բարդութիւններով, խոչընդոտներով լեցուն ճամբաներէ անցած է, բայց միշտ մնացած է կառչած իր սկզբունքներուն եւ հաւատարմօրէն ծառայած` իր ազգին:

126 երկար ու ձիգ տարիներ անդադար գործած, ամէնուրեք գործած, երկրագունդի բոլոր ծայրերուն, իր ժողովուրդի զաւակներուն հետ, իր ժողովուրդին իրաւունքներուն համար պայքարած է`  հայապահպանութեան համար, Հայ դատի լուծման համար:

Բայց ի՛նչ է գաղտնիքը այս երկարակեցութեան:  Գաղտնիքը շատ պարզ է:

1.- Ազգային վեհ գաղափար,
2.- Անսահման անձնազոհութիւն եւ
3.- Կազմակերպական խիստ կարգապահութիւն:

Այս է գաղտնիքը, որ կուսակցութիւնը ո՛չ միայն  126  տարուան կեանք ունեցաւ, այլ սերունդէ սերունդ անցնելով` յառաջընթաց ունեցաւ եւ աւելի մօտեցաւ իր նպատակներուն:

126 տարի առաջ ընդունուած մանիֆեստի հիմնական ոգին` «Հայե՛ր, եկէք` համախմբուենք եւ քաջութեամբ առաջ տանենք հայրենիքի ազատութեան գործը», մինչեւ այսօր ալ ուժի մէջ է, քանի դեռ Արցախի եւ բռնագրաւած մեր հողերու ամբողջացման հարցը ունինք եւ մեր սերունդներուն ճանապարհը վերջնականօրէն դեռ չենք հարթած:

Դաշնակցութիւնը միշտ մեծցած ու հզօրացած է իր նախորդներուն ներդրումով, եւ ամէնէն լաւ եւ արդի օրինակն ու փաստը ինքնին «Արամ Մանուկեան» կոմիտէին գոյութիւնն է Հոլանտայի մէջ:

22  տարի առաջ խումբ մը նուիրուած ընկերներ,  դեռ նոր հաստատուած այս օտար երկրին մէջ, իրենց մէջ ունենալով ազգային ոգին,  հաւատարիմ` Դաշնակցութեան գաղափարին, իրենց հետ բերելով Իրաքի մէջ ձեռք բերած կազմակերպական փորձը, անմիջապէս անցան գործի` թէ ինչպէ՛ս հիմնադրել Դաշնակցութեան կորիզ մը այս նոր համայնքին մէջ: Ձեռքի մատի վրայ համրուող ընկերները դեռ նոր փոխադրուած էին Հոլանտա, դեռ ապրուստի միջոցներ չապահոված, համոզուած ըլլալով, թէ «ուր որ հայութիւն, հոն ալ` Դաշնակցութիւն»,  յաջողեցան կեանքի կոչել Դաշնակցութեան մարմին մը, որ շուտով անցաւ իր պարտականութիւնները կատարելու` հայապահպանութիւն եւ Հայ դատի հետապնդում: Կազմուեցան խումբեր, Հայ դատի յանձնախումբեր, երիտասարդական միութիւն, ՀՄԸՄ` նպատակ ունենալով պատրաստել երիտասարդ սերունդ, սերունդ մը, որ կը հաւատայ, թէ ինք իրաւունքի տէր է եւ ամէն գնով պիտի շարունակէ պայքարը` հայ մնալու եւ հասնելու ողջ հայութեան իրաւունքներու իրականացման:

Դաշնակցութիւնը Հոլանտայի մէջ միշտ նեցուկ կանգնած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, դպրոցներուն, մշակութային միութիւններուն, պատրաստ եղած է համագործակցելու Հայաստանի դեսպանատան եւ անխտիր բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն կամ անհատներուն հետ` ի նպաստ հայ համայնքին եւ ողջ հայութեան իրաւունքներուն եւ նպատակներուն:

Դաշնակցութիւնը նեցուկ կանգնած է իր ուղեկից  կազմակերպութիւններուն, Հոլանտայի մէջ ՀՄԸՄ-ի երեք մասնաճիւղերուն, իր վրայ վերցուցած է պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը Հոլանտայի մէջ հիմնելու հայկական ամէնօրեայ դպրոց:

Ինչպէս ամէնուրեք սփիւռքի մէջ, այս երկրին մէջ եւս Դաշնակցութեան գլխաւոր գործերէն է Հայկական հարցը: ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը 15 տարի է  կը գործէ` հետապնդելով ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման  հարցը, այլ նաեւ` անկախ Արցախի ապահովութեան հարցը:

«Արամ Մանուկեան» կոմիտէն կը շնորհաւորէ ձեզ, մեզ եւ ողջ հայութիւնը այս փառաւոր յոբելեանին`  ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով:

Դաշնակցութիւնը կը մնայ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի կուսակցութիւն:

Դաշնակցութիւնը  իր գործով եւ գաղափարով  հաստատեց, որ ինք ոչ թէ պարզ կուսակցութիւն մըն է` աշխարհի մէջ գործող միւս կուսակցութիւններուն պէս, այլ` իր ժողովուրդին ներկայի ու ապագայի, անոր ճակատագիրին տէրը: Դաշնակցութիւնը հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը  տէր ունի, որուն անունն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն:

 

Նախորդը

Շահան Գանտահարեանի Խօսքը ՀՅԴ 126-Ամեակին Առիթով. Հոլանտան` Իրաւաքաղաքական Թիրախային Միջավայր

Յաջորդը

Սուարեզ Մինչեւ 2021 Պարսելոնայի Հետ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?