Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանահայութիւնը Մեծ Ուրախութեամբ Տօնեց Արամ Ա. Հայրապետին Գահակալութեան 20-Ամեայ Յոբելեանը

Դեկտեմբեր 23, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

aram-i-in-iran_20th-ann_121616

Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» դահլիճին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը:

«Արարատ» մարզաւանի մուտքին վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Արարատ»-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, պետական եւ հոգեւորական ներկայացուցիչներու, «Կիլիկեան իշխան»-ներու եւ «Կիլիկեան ասպետ»- ներու, եւ ազգային բարերարներու կողմէ:  Աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք, սկիզբ առաւ նորին սրբութեան գահակալութեան 20-ամեակի հանդիսութիւնը:

Յոբելենական սոյն ձեռնարկին, նորին սրբութեան կողքին, ներկայ էին նաեւ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի  առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեան, Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան, հոգեւորական հայրեր, Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական կազմը, Իրանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանը, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչը, իրանահայ երեք թեմերու պատգամաւորական Ժողովներու եւ թեմական խորհուրդներու ներկայացուցիչները, տարբեր յարանուանութիւններու հոգեւոր եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչները եւ բազմահազար հայորդիներ:

Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 20-ամեակի տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ «Տէրունական աղօթք»-ի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ` կատարողութեամբ «Անահիտ» միութեան «Զուարթնոց» երգչախումբի անդամներուն եւ ղեկավարութեամբ Էտիկ Թամրազեանի:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք նորին սրբութեան, իր Իրան կատարած հովուապետական այցելութեան համար, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 20 տարիներու ծառայութեան ժամանակաշրջանը` խօսելով նորին սրբութեան` միջեկեղեցական, Հայ դատի, եկեղեցաշինութեան եւ այլ մարզերէ ներս իր ունեցած ներդումին մասին: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ յիշեց, որ «Վեհափառ հայրապետին ապրած իւրաքանչիւր օրը, անցած աւելի քան 20 տարիներուն, կաթողիկոսական ծանր լուծի տակ` «պատերազմ» եղաւ պայքարի իմաստով: Պայքար` բոլոր ճակատներու վրայ, ներքին եւ արտաքին»:

Իրենց կարգին խօսք առին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ` Վարդան Վարդանեանը եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեանը:

Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ներկայացուց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կենսագրականն ու ազգանուէր եւ եկեղեցանուէր բազմամեայ ծառայութիւնները, իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետի հեղինակութեան համար ըսելով, որ` «Արամ Ա. կաթողիկոս իր գահակալութեան 20 տարիները ծառայութեամբ արժեւորեց: Վեհափառ հայրապետը մեր ժողովուրդին համար դարձաւ այն հոգեւոր ղեկավարը, որ մեր ազգի բոլոր զաւակները, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի զինք ընդունեցին որպէս մեծ ղեկավար, մեծ մարդ եւ մեծ հայրապետ»:

Վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակի տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժնով մեներգներով ելոյթ ունեցան «Կոմիտաս» երիտասարդական երգչախումբի անդամներէն` Վանայ Շիրվանեանը, Տիանա Մինասեանն ու Հարմա Կարապետեանը, ղեկավարութեամբ` Արմէն Ամիրխանեանի: Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Նայիրի Դիլանեանը: Պարերով ելոյթ ունեցան «Զարթօնք» եւ «Արարատ» պարախումբի սաները: Ցուցադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան լսատեսողական բաժանմունքի կողմէ պատրաստուած եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի անձին ու եկեղեցական-ազգային ծառայութեանց նուիրուած տեսերիզը:

Տօնակատարութեան աւարտին խօսք առաւ նորին սրբութիւնը, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք կազմակերպուած նախաձեռնութեան համար, կարեւոր նկատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգանուէր ու եկեղեցանուէր աշխատանքները` ըսելով. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար ազգին ու եկեղեցիին ծառայելը մի՛շտ եղած է գերագոյն արժէք, սրբազնագոյն նպատակ եւ նուիրական մարտահրաւէր»: Խօսելով Կիլիկիոյ աթոռին բազմերես ծառայութիւններուն մասին` վեհափառը յիշեցուց, որ «Անթիլիասի մէջ մենք, ազգը, եկեղեցին ու հայրենիքը իր անձէն վեր ու վեհ նկատող մարդ կը պատրաստենք: Մեր ազգը, եկեղեցին եւ հայրենիքը այս որակի մարդոցմով անցեալին իր պատմութիւնն է կերտած իսկ այժմ` իր ապագայի գոյութիւնն է, որ կ՛երաշխաւորէ»:

Յայտնենք, որ յոբելենական սոյն հանդիսութիւնը հայրապետին «Պահպանիչ»-ով իր պսակումը ունեցաւ:

 

Նախորդը

Նոր Տարին Ու Ս. Ծնունդը` Ուրախութեան Եւ Դրական Մթնոլորտի Աղբիւր

Յաջորդը

«Վեհափա՛ռ Տէր, Դուք Մեր Սիրելի Հայրն Էք Եւ Օրինակելի Հայրապետը»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?