Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Գիրութիւնը Եւ Անկէ Խուսափելու Ընդհանուր Ձեւեր»

December 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

dsc06370

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գիրութիւնը եւ անկէ խուսափելու ընդհանուր ձեւեր» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց` տոքթ. Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան:

Բացման խօսքը ներկայացուց առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նշեց, թէ անհրաժեշտ է մեր մարմինը լաւապէս խնամենք որպէսզի աւելի յառաջացած տարիքին, նուազ տառապինք զանազան հիւանդութիւններէն: Թէեւ բժշկական ախտաճանաչումները, բուժումները կը բազմանան, կը զարգանան, բայց զուգահեռ զանազան հիւանդութիւններէ մահացողներուն թիւը կը բարձրանայ:

Տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան սկսաւ բացատրելով, թէ ի՛նչ է գիրութիւնը, ճարպակալութիւնը: Անոր համաձայն, առողջութիւնը իւրաքանչիւրին իրաւունքն է, տրուած ծնունդէն, իսկ աւելորդ կշիռքը արդէն իսկ անառողջ վիճակ է:

Տոքթորը յայտնեց, որ արհեստագիտութիւնը եւ անոր զարգացումը պատճառ կ՛ըլլան նստակեաց կեանքի, իսկ երբ այս վիճակին կ՛ուղեկցի նաեւ սխալ սննդառութիւնը, ապա այս բոլորը կը պատճառեն գիրութիւն:

Աւելորդ քիլոկրամները մէկ օրուան մէջ չեն կուտակուիր, հետեւաբար անոնցմէ ձերբազատուիլն ալ երկար ժամանակի կը կարօտի:

Ճարպակալումը պատճառ կը դառնայ շաքարախտի, սրտանօթային հիւանդութիւններու, արեան մէջ քոլեսթերոլի եւ թրիկլիսերիտի քանակի բարձրացումին, ընկճուածութեան եւ քաղցկեղի:

Բժշկուհին նշեց նաեւ այլ պատճառներ ու վիճակներ, երբ մարմնին մէջ կը կուտակուին ճարպերը: Երբեմն անձը կ՛ունենայ գաղտնի ճարպակալում, այսինքն` գիրութիւնը բացայայտող ցուցանիշը բնական կ՛ըլլայ, սակայն մարմնի մէջ կը գերակշռեն ճարպային հիւսուածքները: Այս պարագային կարգաւորելով սննդակարգը, հետեւելով ֆիզիքական վարժութիւններու կարելի է  հասնիլ սպասուած արդիւնքին:

Ան մատնանշեց նաեւ այլ պատճառներ, երբ ստացուած սննդային ջերմուժը քիչ է, քան անհատին սպառածը, բայց անձին մօտ առկայ է ճարպակալումը, այդ պարագային հաւանականութիւն կայ գեղձային հիւանդութիւններու:

Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան յայտնեց, որ վերջին տարիներու հետազօտութիւններէն պարզուած է, թէ Տ. կենսանիւթով հարուստ սնունդը մարմինը զերծ կը  պահէ ճարպի կուտակումէ, քանի որ «Օմեկա 3»-ի ճարպաթթուները յատուկ էնզայմներու օգնութեամբ կը նպաստեն կշիռքի նուազումին:

Դասախօսը յաջորդ բաժինով խօսեցաւ նաեւ այն մասին, թէ ինչպէս ձերբազատիլ աւելորդ կշիռքէն: Նիհարնալը ո՛չ միայն աւելորդ քիլոկրամները կամ ջուրը կորսնցնելն է, այլ յաւելեալ ճարպի քանակը պակսեցնելը: Անոր համաձայն, միայն ծանր մարզանքը, 45 վայրկեաններ կատարելէ ետք, ինչպէս քալելը, որ նաեւ կը բարելաւէ երակներու աշխատանքը, կը նուազեցնէ ընկճուածութիւնը, կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը, մեր մարմնին մէջ կը սկսի փոփոխութիւն յառաջանալ: Մարմնի բարեձեւութիւնը պահպանելու համար  պէտք է դանդաղօրէն նուազեցնել կշիռքը: Սննդականոն մը ընտրելէ առաջ, նախընտրելի է կատարել ընդհանուր արեան քննութիւն:

Վերջին բաժինով, տոքթ. Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան թուեց շարք մը համեմունքներ, որոնք կը նպաստեն եւ կ՛աշխուժացնեն մարսողական գեղձերու աշխատանքը:

Ան յիշեց հետեւեալները` դիտել տալով սակայն, որ անձի համաձայն անոնք նաեւ կրնան այլ հետեւանքներ ունենալ, մանաւանդ եթէ անհաշիւ գործածուին:

Քիմիոն.- Կ՛աշխուժացնէ ստամոքսի եւ աղիքներու աշխատանքը: Կը նուազեցնէ ստամոքսի նեխման եւ խմորման երեւոյթները:

Մանանեխ (Մութարտ).–  Կը գրգռէ ախորժակը, կը նպաստէ մարսողութեան` աւելցնելով ստամոքսահիւթի արտադրութիւնը:

Անիսոն.– Անիսոնի հիմքի վրայ պատրաստուած դեղերը ունին ախորժաբեր, միզամուղիչ, կազամուղ եւ ստամոքսը թուլցնող յատկութիւն:

Թիւրմերիք.- Կը համարուի համեմունքներու թագուհին, ան կը պարունակէ օքսիտանթ, հակաբորբոքային, ինչպէս նաեւ ունի հակաուռուցքային եւ միզամուղ յատկութիւն: Ան կ՛արագացնէ նիւթափոխանակութիւնը:

Քարրի.- Հնդկական ծագումով համեմունք է, անոր բաղադրութեան մէջ կայ քրքում, կարմիր եւ սեւ պղպեղը:

Կծու պղպեղ.- Հարուստ  է Սի. կենսանիւթով եւ փոթասիումով: Կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը, կը հանդիսանայ ուժեղ հակաբորբոքիչ, կ՛արագացնէ մարսողութիւնը:

Սեւ եւ սպիտակ պղպեղ.- Կ՛օգտագործուի աղացած եւ հատիկներու ձեւով: Կը պարունակէ եթերաիւղեր, ալքալոիտներ, որոնք կը խթանեն մարսողութիւնը:

Համեմներու շարքին նաեւ դասախօսը թուեց հէլը, կասիան, դափնետերեւը եւ այլն:

Քացախներու մէջ խնձորի քացախի մասին խօսելով, տոքթ. Վարդանեան նշեց, թէ խնձորի մաքուր քացախը կը պարունակէ խնձորաթթու, մակնէզիոմ, ծծումբ, երկաթ, պղինձ: Խնձորի քացախը կը համարուի օրկանիզմի թթուային հակազդեցութիւնը համակարգող միջոց: Ան կը կանոնաւորէ մարսողութիւնը, նիւթափոխանակութիւնը:

Մարմնի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու եւ զգայնութիւնները նուազեցնելու նպատակով բժշկուհին յանձնարարեց ամէն առաւօտ խմել 1 գաւաթ ջուր, 2 թէյի դգալ խնձորի քացախով:

Աւարտին դասախօսը զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Ընդհանուր Գիտելիքներ Խոհանոցին Մէջ»

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութիւններու Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան Մշակութային Միութեան»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.