Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
12-15 նոյեմբերին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած են Հայկական մշակոյթի օրեր: Մշակոյթի օրերու պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Գահիրէի օփերայի թատրոնի «Ժումհուրիա» սրահին մէջ` Հայաստանի պարի պետական եւ «Շողակն» համոյթներու ելոյթով: Ելոյթներ տեղի ունեցած են նաեւ Աղեքսանդրիա եւ Տամանհուր քաղաքներուն մէջ: Ելոյթներուն զուգահեռ տեղի ունեցած է նաեւ Հայկական ժապաւէններու շաբաթ:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան ղեկավարած է հայաստանեան պատուիրակութիւնը: Գահիրէի մէջ Ն. Տէր Վարդանեան հանդիպումներ ունեցած է Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Հելմի Նամնամի, Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան նախարար Եհիա Ռաշիտի եւ Հնութիւններու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Ամին Մուսթաֆայի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումներ կատարուած են ժապաւէններու միացեալ արտադրութեան, գրական թարգմանութիւններու, գրադարաններու թուայնացման, թանգարաններու կրթական ծրագիրներու, հնագիտական պեղումներու եւ այլ մարզերու մէջ համագործակցութեան հարցերու շուրջ:
Հայաստանեան պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդարան: Այցելութեան ծիրին մէջ վերջին տարիներուն պետական պատուէրով եւ աջակցութեամբ հրատարակուած գիրքեր յանձնուած են Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան` եգիպտահայ համայնքին տրամադրուելու համար: