Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԱՐՖ-ի Զեկոյցն Ու Կոչը

Դեկտեմբեր 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sarf-logoՍուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինը (ՍԱՐՖ) կապի մէջ մտած է Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի ներկայացուցիչներուն հետ` Սուրիոյ պատերազմական վերջին կացութեան պայմաններուն ի տես, նկատի ունենալով, որ վերջին չորս տարիներուն Սուրիոյ պատերազմը խլեց մեր ժողովուրդին խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:

Իրազեկ ըլլալով Սուրիայէն հասնող վերջին տեղեկութիւններուն, որոնք մասամբ լաւատեսութիւն կը ներշնչեն Հալէպի մէջ ապրող թէ գաղթական դարձած մեր հայրենակիցներուն եւ մեզի… սակայն, նաեւ իմանալով, որ պատերազմը վերջ չէ գտած եւ հալէպահայութիւնը տակաւին կ՛ապրի ապագայի նկատմամբ անորոշութեան եւ մտավախութեան դժուարին պայմաններու մէջ`

ՍԱՐՖ-ը կը մնայ հաստատակամ իր ուխտին` օժանդակելու սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, մինչեւ այս դժուարին օրերը անցնին ու մեր հայրենակիցները ապահով վերադառնան իրենց ընտանեկան օճախները:

Կը տեղեկացնենք, որ վերջին օրերուն ՍԱՐՖ-ը 100.000 ամերիկեան տոլարի փոխանցում մը ըրաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին (ՇՏԱՊ)` նպաստելու համար Հալէպի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու դժնդակ պայմաններու մեղմացման, ինչպէս նաեւ` Երեւան հաստատուած սուրիահայ մեր հայրենակիցներու բնակարանային ծախսերուն:

Առ այդ, ՍԱՐՖ-ի օժանդակութիւնը, 2016-ի ընթացիկ տարուան մէջ, առ այսօր կը հաշուէ 784.000 տոլար:

ՍԱՐՖ-ը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ նուիրատու մեր հայրենակիցներուն, որոնք օգնութեան ձեռք երկարեցին կենաց եւ մահու մէջ ապրող սուրիահայ մեր հայրենակիցներու կեանքի ապահովութեան ի խնդիր: Վստահ ենք, որ մեր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը դեռ պիտի շարունակուի յաջորդող շաբաթներուն եւ ամիսներուն:

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք փոխանցել ՍԱՐՖի նամակատուփ` P.O.Box 1948, Glendale, CA 91209 հասցէին, կամ` ՍԱՐՖի www.syrianarmenianrelieffund.org կայքէջով:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրում

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Դեկտեմբեր Գ. – Հալէպի Ազատագրումը` Անկիւնադարձ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?