Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութիւններու Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան Մշակութային Միութեան»

December 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

tekeyan-cultural-assoc-1_121016

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, կազմակերպութեամբ «Թէքէեան մշակութային միութեան» Լիբանանի տեղական վարչութեան, շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2016-ին «Պեթանիա Հարիսա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը` «Հայաստանը Լիբանանի սիրտին մէջ» խորագիրով:

dxsxmqumju

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի կողքին ձեռնարկին ներկայ էին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Պապական նուիրակ եպիսկոպոս Կապրիէլ Քաչիա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Արամ Ա. ի ներկայացուցիչ Մեղրիկ եպս. Բարիկեան, Հարիսսայի եկեղեցւոյ պատասխանատու Հայր Եունան Ուպայտ, հազարապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ, լիբանանեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

«Թէքէեան մշակութային միութեան» Լիբանանի տեղական վարչութեան անունով անգլերէն լեզուով բացման խօսքը արտասանեց Վիգէն Ասիլեան: Ներկաներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղելէ ետք ան յայտնեց, թէ ոչ ոք կրնայ կասկածի տակ առնել այն իրականութիւնը, թէ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները միշտ բարեկամական եղած են վերջին երկու հազար տարիներու ընթացքին: Ան շարունակեց, թէ 1991-ին` Հայաստանի անկախութենէն ետք, այդ կապը շատ աւելի ամրապնդուեցաւ` շեշտելով, որ որեւէ երկու պետութիւններու բարեկամութիւնները ընդհանրապէս կերտուած կ՛ըլլան փոխադարձ շահերու վրայ, սակայն Լիբանան եւ Հայաստան յայաբերութիւնը մեկնած չէ շահերէ, այլ աւելի գերազանց է` ըլլալով զուտ բարեկամական: Ասիլեան աւելցուց, թէ երկու ազգերը` լիբանանցին ու հայը, ունին ընդհանուր յայտարարներ` արժէքներ, որոնք զիրենք կը դարձնեն աւելի կառչած իրենց բարեկամութեան: Այդ արժէքներն են` ազատասիրութիւնը, հայենասիրութիւնը, ստեղծագործական ոգին, մշակոյթի հանդէպ սէրը եւ ժողովրդավարութեան ձգտումը:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւս իր խօսքին մէջ  անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի երկարամեայ ու ամուր բարեկամութեան, որուն փաստը եւ արդիւնքը արդէն տեսանելի եւ շօշափելի է:

Ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն մը, որ կ՛անդրադառնար Հայաստանի պատմութեան մասին:

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք իր սրտի խօսքը ուղղեց հազարապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդէն սորվեցանք, որ խոնարհութիւնը, միասնականութիւնը եւ համայնքին ծառայելը առաջնահերթ են եւ շատ աւելի անհրաժեշտ, քան դիրքերու եւ պաշտօններու տիրանալը: Մենք սորվեցանք հայութենէն, որ միացում եւ համագործակցութիւն չի նշանակեր «լուծուիլ» ու ոչնչանալ կամ չէզոքանալ: Սորվեցանք նաեւ, թէ օրէնքի հանդէպ յարգանքն ու կացութիւններուն յարմարիլը երբեք ինքնամոռացութիւն կամ նուաստացում: Սորվեցանք նաեւ, թէ մշակոյթի, լեզուի եւ աւանդութեան պահպանումը երբեք չի նշանակեր յետամնացութիւն կամ սահմանափակութիւն չեն: Այդ պատճառով հայութիւնը իր բոլոր գաղութներու մէջ կերտած է դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ: Ան վերյիշեց Յովհաննէս Պետրոս պատրիարք Գասպարեանի խօսքը, որ կ՛ըսէր, թէ Լիբանանը այն հայրենիքն է, որուն փոխարէնը կարելի չէ գտնել` իր իւրայատուկ ապրելաձեւով ու համակարգով, որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները եւ հրապուրիչ ըլլան արտաքին տուեալները: Զօրավար Ռուքոզ խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ Սուրբ Ծնունդի նախօրեակին կը պնդենք, որ Հայկական հարցը իր լուծումը գտնէ ու յաղթանակէ եւ Թուրքիան ընդունի յստակ ձեւով Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցէ հայ ժողովուրդին իրաւունքները` նիւթական, մարդային եւ բարոյական, որպէսզի այս սեւ էջը գոցուի, եւ նահատակները հանգստանան խաղաղութեամբ:

Զօրավար Ռուքոզի խօսքէն ետք Հրանուշ Յակոբեանին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ, ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց նախարար Յակոբեան:

Ապա տեղի ունեցաւ խաչակերտ քանդակի մը բացումը եւ օրհնութիւնը` Կապրիէլ եպս. Քաչիայի,  Մեղրիկ եպս. Բարիկեանի եւ Հայր Եունան Ուպայտի ձեռամբ:

Քանդակի բացման ընթացքին արաբերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ Ռիթա Աղտամլեան-Ասիլեան:

Խաչակերտ քանդակը գործն է արուեստագէտ Անաթոլի Աւետեանին, որուն այլ գործերու ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ ձեռնարկէն անմիջապէս ետք:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Գիրութիւնը Եւ Անկէ Խուսափելու Ընդհանուր Ձեւեր»

Յաջորդը

ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրում

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.