ՀՅԴ 126-Ամեակի Նշումը Փրովիտընսի Մէջ
Շաբաթ, դեկտեմբեր 3-ին, Փրովիտընսի մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 126-ամեակը` տեղւոյն «Քրիստափոր» կոմիտէի կազմակերպութեամբ: «Հարպըր լայթ մարինա»-ի մէջ կատարուած այս ձեռնարկին ներկայ էին 150 հայորդիներ: Օրուան հանդիսավարն էր Հրակ Առաքելեան, որ բեմ հրաւիրեց «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Տոնոյեանը: Առաջին հերթին, վայրկեան մը լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը վերջերս մահացած ընկերներ Թոմ Վարդապետեանի (տարիներ շարունակ ծառայած «Հայրենիք»-ի անգլերէն բաժինի` «Արմինիըն Ուիքլի»-ին) եւ Արա Տեմիրճեանի (ՀՅԴ...




















