Հայ աւետարանական քոլեճի բարեզարդման աշխատանքներու ծիրին մէջ չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին քոլեճի դահլիճին մէջ, դպրոցին եւ Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ պատասխանատուներու ու բարեկամներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանի նուիրած քանդակին վիճակաձգութիւնը: Վիճակահանութիւնը կազմակերպուած էր ի նպաստ Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի բարեզարդումին: Ինչպէս իր բացման խօսքին մէջ նշեց տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, քոլեճը ո՛չ միայն գոյապահպանման, այլ նաեւ` յառաջդիմութեան վճռակամութեամբ կը գործէ, եւ այդ առումով արտաքին բարեզարդումը մեծ կարեւորութիւն ունի: Իսկ նիւթական ներդրումի կարօտ այդ աշխատանքը կարելի է իրականացնել բարեկամներու աջակցութեամբ, որուն համար Հայ աւետարանական քոլեճը շնորհակալ է լիբանանահայ դպրոցի յարատեւման ջատագով Ր. Թոքաթլեանին եւ վիճակահանութիւնը քաջալերած բոլոր բարեկամներուն: