Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը Միշտ Արցախի Կողքին

Դեկտեմբեր 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

khatch-3_121316

Սփիւռքի նախարարութեան որոշումով կոչ ուղղուեցաւ 2017 թուականի սփիւռքահայ գաղութներուն կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկները նուիրել Արցախին: Այս առումով, նախարարութեան հետ իր գործակցութիւնը շարունակելով եւ հաւատարիմ մնալով քրիստոնէական, մարդասիրական ու հայրենասիրական իր սկզբունքներուն, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը չէր կրնար չընդառաջել նախարարութեան այս կոչին եւ չմասնակցիլ «2017 թուականը համայն հայութեան համար թող դառնայ Արցախի տարի» կարգախօսի գործադրութեան գործին:

Առ այդ, մեկնարկելու համար «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին, վարժարանը որդեգրեց շարք մը ծրագիրներ:  Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն մը` հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, նախագահութեամբ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի, հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, նախկին նախարար մեթր Ժաք Չուխատարեանի, հիւրերու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի լրատուական բաժինի պատասխանատու Լիւսի Տէօքմեճեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հայաստանը հայուն ոգեղէն ու հոգեւոր արժէքներու բնօրրանն է, ուրկէ կը սնանի սփիւռքի հայութիւնը: Ուստի, որպէս սփիւռքահայ, անհրաժեշտ ու էական կը գտնենք սփիւռք-հայրենիք կապը, որուն անքակտելիութեան մէջ իր մեծ դերը ունի սփիւռքի նախարարութիւնը: Ան ըսաւ. «Հայաստանն ու Արցախը կը հանդիսանան Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի ջամբած ազգային դաստիարակութեան հիմքը, հայրենասէր եւ հայրենատէր սերունդներ պատրաստելու մեր վեհ պարտականութեան կիզակէտերը: Եւ ահաւասիկ այսօր, որպէս սփիւռքահայ, ականջ կու տանք նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» կոչին` մեր ուժերը ի մի  բերելով եւ մեր կարողութիւնները ի սպաս դնելով Լեռնային Ղարաբաղի` մեր Արցախի բարօրութեան ու բարգաւաճման համար»:

khatch-1_121316khatch-4_121316Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Սերժիօ Ահարոնեան` «Ղարաբաղ» երգով, Աքասիա Ազատեան` «Արցախի հերոսներուն» ասմունքով, Արեւ Պոյաճեան` «Հէ՛յ, երգիր, Արա՛քս» ջութակի նուագով, Փաթիլ Մարաշլեան, Փաթիլ Մարգարեան եւ Ռաֆայէլ Մխսեան` «Ղարաբաղցին» երգով, իսկ Մարկրիթա Մալտոսեան, Խաչիկ Օքսազեան, Փաթիլ Աւետիսեան եւ Յակոբ Վարդանեան քառեակը` «Արցախ» պարով:

Վարժարանի եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ համագործակցութիւնը խտացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ նշեց. «29 մարտ 2010-ին, այն օրէն, երբ մեր վարժարանին մէջ առաջին անգամ հիւրընկալեցինք Հրանուշ Յակոբեանը, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ սկիզբ առած յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը օրէ օր ծաղկեցաւ, զարգացաւ ու բարգաւաճեցաւ: Տնօրէնութիւնս, առաջին օրէն իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ գործեց այն համոզումով, որ այս նախարարական կառոյցը կամուրջ կը հանդիսանայ սփիւռքի մէջ գործող հաստատութիւններու եւ հայրենիքի միջեւ: Արդարեւ, հաւատալով, որ մեր հայրենիքը կը հզօրանայ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ հաստատուած, բայց իրենց սիրտը միշտ Հայաստանով ու Արցախով բաբախող հայորդիներով, վարժարանս, այս հանդիսաւոր պահուն, կու գայ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնելու Արցախին նուիրուած համահայկական շարժումին եւ, առ այդ, հանրութեան կը ներկայացնէ այս ուղղութեամբ իր ծրագիրներու շարքը»:

«Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին կապակցութեամբ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի գլխաւոր ծրագիրը հետեւեալն է, որով ան իր համեստ լուման կը տրամադրէ` գործնական մասնակցութիւն բերելու այս հսկայական ազգօգուտ ծրագրին.

1.- Մարտակերտի հանրակրթարան 2հ/դ վարժարանը ընդունիլ իբրեւ  քոյր վարժարան եւ անոր հիման վրայ Պէյրութ հրաւիրել այդ վարժարանի յարկին տակ գործող եւ յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն հետ զբաղող 3 մասնագէտներ` դիտարկութեան շաբաթ մը անցընելու Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի ուսումնական յատուկ կարիքներու բաժանմունքին մէջ` փորձառութիւններ փոխանակելու եւ վերարժեւորման յատուկ դասընթացքներու հետեւելու համար:

Առաւել եւս, Արցախի մէջ գործող ներառական կրթութեան ծրագիր ունեցող 102 վարժարաններու մէջ զաւակ ունեցող 423 ծնողներու եւ այդ վարժարաններու մէջ գործող յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն հետ զբաղող 68 մասնագէտներուն համար ուսուցողական յատուկ սեմինարներ կազմակերպել` Պէյրութէն Արցախ գործուղելով Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի ուսումնական յատուկ կարիքներու բաժանմունքի խումբ մը մասնագէտներ:

2.- Արցախի մէջ յատուկ կարիքներ ունեցող 423 աշակերտներուն նուիրել գրենական պիտոյքներ: Այս նախաձեռնութիւնը ֆինանսաւորելու համար դպրոցին մէջ կը կատարուի հաւաքական աշխատանք մը` պատրաստելով լիբանանեան խնձորի անուշը եւ զայն վաճառելով հանրութեան, այս գործընթացին մէջ ընդգրկելով վարժարանիս անձնակազմը, ծնողները, աշակերտները եւ դպրոցին բարեկամները:

khatch-2_121316

Հայրենիք-սփիւռք կամրջող նախաձեռնութիւններուն մէջ իր անսպառ ջանքին առ ի երախտագիտութիւն եւ գնահատանք` Ռիթա Պոյաճեան  նախարարը պատուեց յուշանուէրով մը,  Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ձեռամբ: Հ. Յակոբեան խօսք առնելով` այս հանդիսութիւնը որակեց որպէս լաւագոյնը, ամենայուզիչը եւ ամենահայրենասիրականը, եւ արտասուալից աչքերով ըսաւ. «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» կոչէն անմիջապէս ետք հայկական սփիւռքը ալեկոծուեցաւ, եւ սփիւռքեան կառոյցները մէկ առ մէկ ոտքի կանգնեցան` սատար հանդիսանալու Ղարաբաղին: Այս առումով Ռ. Պոյաճեանի ներկայացուցած ծրագիրով հիացայ եւ ուրախացայ, որովհետեւ այս դպրոցը անով կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի դառնայ այս շարժման գլխաւոր մասնակիցը»: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց, որ մենք ակնդէտօրէն կը հետեւինք ու կը գործակցինք սփիւռքի նախարարութեան բոլոր ծրագիրներուն հետ: Ան գլուխ խոնարհեց այն ուսուցիչներուն առջեւ, որոնք ամէն բան կ՛ընեն այս դպրոցին մէջ հայը կերտելու եւ աշակերտը մղելու, որպէսզի սահուն խօսի ոսկեղնիկը, եւ յատուկ կերպով շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնուհին` սփիւռքի մէջ այսքան օրինակելի դպրոց պահելու համար: Նախարարը իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, որ բոլորին հայեացքը ուղղուած է հայրենիքին, որովհետեւ ան է բոլորիս իսկական թթուածինը, եւ հետեւաբար, մենք բոլորս կը սպասենք, կը կանչենք եւ կ՛ըսենք` արի տուն:

Հանդիսութեան աւարտին հիւրերը իրենց հետ տարին վարժարանիս վերոնշեալ ծրագիրը ֆինանսաւորելու համար դպրոցին մէջ հաւաքական աշխատանքով պատրաստուած լիբանանեան խնձորի անուշը:

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարարին Այցելութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին

Յաջորդը

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողով Լրատուական Համահայկական Գործելաոճի Հիմնահարցեր

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?