Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Ընդհանուր Գիտելիքներ Խոհանոցին Մէջ»

Դեկտեմբեր 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

dsc06270

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի,  30 նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ընդհանուր գիտելիքներ խոհանոցին մէջ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուցին խումբ մը ուսանողներ` Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի կենսոլորտի բաժինի:

Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց ատենապետ Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան յիշեցուց յանձնախումբին նշանաբանը` «Մեր նպատակն է առողջ-հիւանդութիւններէ զերծ ընկերութեան մը ապահովումը» եւ  ըսաւ ներկաները, թէ մաս կազմելով այդ ընկերութեան, տուեալ դասախօսութիւններու շարքը կը ծառայէ վերոնշեալ նշանաբանին: Ս. Վարդապետեան նշեց, թէ եթէ որեւէ ցաւ, անհանգստութիւն կամ այլ առողջապահական մտահոգութիւնները չունինք, այս ցոյց կու տայ, որ մենք ֆիզիքապէս առողջ ենք, բայց ասիկա մեր իրականութեան մէկ բաժինն է, որովհետեւ յաճախ օդը, ջուրը, շրջապատը, տունը երբ մաքուր չեն, ապականած են, կրնան զանազան հիւանդութիւններ պատճառել:

Բնապահպանութեան ուսանողները դասախօսութեան սկսան ներկաներուն բաժնելով հարցաթղթիկներ, ճշդելու թէ ներկաները որքան գիտելիքներ ունին վերոնշեալ նիւթին մասին: Անոնք նաեւ թերթիկներ բաժնեցին դասախօսութեան աւարտին` գիտնալու, թէ ներկաները դասախօսութենէն ետք որքանով բարելաւեցին իրենց գիտելիքները:

Առաջին բաժինով ուսանողները խօսեցան խոհանոցին մէջ պահպանման սնունդի ու մաքրութեան մասին: Անոնք նշեցին, որ անհրաժեշտ է լաւապէս տեղեակ ըլլալ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է մաքուր կերպով պատրաստել, եփել, պահել ճաշը, ինչպէս նաեւ գիտնալ խոհանոցի, մեր անձնական մաքրութիւնը, եւ այլ տուեալներու մասին, որոնք կապ ունին ճաշի պատրաստութեան ու մաքրութեան հետ:

Ուսանողները, սահիկներու ցուցադրութեամբ, բացատրեցին այն զանազան մանրէներուն եւ ժահրերուն մասին, որոնք կրնան պատճառել տարբեր հիւանդութիւններ, եւ որոնք գլխաւորաբար կը փոխանցուին սնունդի, ճաշի ճամբով:

Շարունակելով, ուսանողները ներկայացուցին այն ազդակները, որոնք կը նպաստեն մանրէներու բազմացման:

1.- Ճաշը/ սնունդը- Ինչպէս ճաշը մեզի սնունդ կը հայթայթէ, այնպէս ալ` մանրէներուն:

2.- Թթուն (ասիտը) – Ճաշերը կը պարունակեն թթու. որքան բարձր ըլլայ անոնց քանակը ճաշի մէջ, այնքան կը նուազի մանրէներու քանակը եւ բազմացման հաւանականութիւնը:

3.- Ժամանակը- Այն ժամանակն ու տեւողութիւնը, երբ ճաշը պահպանուած է սառնարանէն դուրս, ուր մանրէներու բազմացման կարելիութիւնը բաւական կը բարձրանայ:

4.- Թթուածինը – Թթուածինի բարձր համեմատութիւնը ու գոյութիւնը նպաստաւոր ազդակ է մարէներու աճման:

  1. -Խոնաւութիւնը- Խոնաւութիւնը կրկին նպաստաւոր ազդակ է մանրէներու աճման, ինչպէս հացը, եթէ խոնաւ է կը բորբոսի:

Բնապահպանութեան ուսանողները փոխանցեցին նաեւ զանազան առողջապահական գիտելիքներ, օրինակ, ինչպէ՛ս ստուգել հաւկիթին թարմ ըլլալը, լուացարանին մէջ սպունքի մաքուր ու մանրէներէ զերծ պահպանումը եւ ինչպէս զանազան ճաշեր դասաւորել սառնարանին մէջ եփած ճաշերը վեր,  իսկ հում ճաշերը վարի դարակին վրայ զետեղելով:

Աւարտին, ուսանողները ներկայացուցին զանազան միջոցներ, աղբերը բաժնելու ու տարբեր ձեւերով զանոնք օգտագործելու գործնական, ծրագիրներու ու աշխատանքներու վերաբերեալ:

Ուսանողները պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն` զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով:

 

 

Նախորդը

Գնահատական Խօսք

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Գիրութիւնը Եւ Անկէ Խուսափելու Ընդհանուր Ձեւեր»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?