Գաղութային

Երգեհոնի Շաբաթ «Էն.Տի.Եու.» Համալսարանին Մէջ

Երգեհոնի Շաբաթ «Էն.Տի.Եու.» Համալսարանին Մէջ

29 յունուարէն 5 փետրուարին «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին կազմակերպութեամբ երկրորդ տարին ըլլալով տեղի պիտի ունենայ «Երգեհոնի լիբանանեան շաբաթ»` նախորդ տարի արձանագրած յաջողութենէն ետք: Նման շաբթուան մը կազմակերպման նախաձեռնած է վերոյիշեալ համալսարանի երաժշտական դպրոցը` «Թերրա Սանքթա օրկըն ֆեսթիվըլ»-ին եւ փառատօնը հիւրընկալող եկեղեցիներուն հետ համագործակցաբար, մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ: «Երգեհոնի լիբանանեան շաբթուան» վերաբերող մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ 12 յունուարին, Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան մէջ:...

Արեւմտահայ Գրականութեան Վերլուծում Դպրեվանքին Մէջ

Արեւմտահայ Գրականութեան Վերլուծում Դպրեվանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 17 յունուար 2017-ի առաւօտեան, դպրեվանք իր անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց, արեւմտահայ գրականութեան մասնագէտ, Հայաստանէն հիւրաբար եկած Սուրէն Դանիէլեան: Բացման խօսքէն եւ կենսագրականի ներկայացումէն ետք Արին սրկ. Աբրահամեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը, որ ներկայացուց արեւմտահայ գրականութեան խորին գաղտնիքները, հեղինակներու պայքարը, նորանոր մտայնութիւններու խուժումը եւ հինի ու նորի բախումը գրականութեան հանրածանօթ կտորներուն ընդմէջէն: Դասախօսութեան ներկայ էին դպրեվանքի տեսչութեան անդամները, ուսուցչական կազմն ու...

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ.  Աշակերտական Գեղարուեստական Յայտագիր` Կաղանդի Ու Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօներուն Առթիւ

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Աշակերտական Գեղարուեստական Յայտագիր` Կաղանդի Ու Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօներուն Առթիւ

2016 տարին չբոլորած, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի աշակերտութիւնը գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` Կաղանդի ու Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առթիւ: Ներկայ էին գիւղին հոգեւոր պետերն ու ազգային երեսփոխանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» ու «Արամ» կոմիտէներու, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ու տիկնանց միութեան, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարանին խնամակալութիւնը, տնօրէնը, ծնողներ ու հարազատներ:...

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Յայտագիրներ

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Յայտագիրներ

2016-ին Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը (ՃՅՁ) արժանավայել կերպով նշեց Լիբանանի մէջ իր գործունէութեան 50-ամեակը: 50 տարուան ծառայութիւնը իր անջնջելի դրոշմը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ: Այդ գործունէութեան մէջ իրենց օժանդակ ներդրումը ունեցած են նաեւ նուիրատու անհատներ, որոնք հաւատացած են կառոյցին դերակատարութեան կարեւորութեան: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներէն Լիւսի Ճանճիկեան`գիտակցելով Ճինիշեան հաստատութեան նիւթական դժուարութիւններուն, նաեւ կարիքաւորներուն անսահման պէտքերուն, յատկացուց գումար...

Արժանթինահայ Համայնքային Հաստատութիւններու Համագործակցութիւնը Կազմակերպական Կառոյցի Կը Վերածուի

Արժանթինահայ Համայնքային Հաստատութիւններու Համագործակցութիւնը Կազմակերպական Կառոյցի Կը Վերածուի

(Agencia Prensa Armenia).- Պուէնոս Այրես Արժանթինահայ համայնքի հաստատութիւններու համագործակցութիւնը ունի երկար պատմութիւն: 27 դեկտեմբեր 2016-ին, սակայն, համայնքային քաղաքական, ընկերային, բարեսիրական, մարզական, կրօնական եւ մշակութային հաստատութիւնները սկիզբ դրին այդ համագործակցութիւնը կազմակերպական կառոյցի վերածելու գործընթացին: Այդ օր, ժամը 19:00-ին, Պուէնոս Այրեսի Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի, համայնքի ութ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ստորագրեցին Համայնքային հաստատութիւններու համակեցութեան, համագործակցութեան եւ համակարգումի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպի Մէջ Կ՛այցելէ Ազգային Եւ Հոգեւոր Կառոյցներ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպի Մէջ Կ՛այցելէ Ազգային Եւ Հոգեւոր Կառոյցներ

Հինգշաբթի, 5 յունուար 2017-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. իր շքախումբի անդամներով հասաւ Հալէպ, շնորհաւորեց Հալէպի ազատագրումը եւ ոգեւորեց հալէպահայութիւնը: Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ան դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, Ազգային երեսփոխանական ժողովին, ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէին, Հալէպի մէջ Հայաստանի փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեանին, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանին,...

Պատանեկան 5 Միութիւններ՝ Ֆրենժիյէ Ընտանիքին Հիւրը

Պատանեկան 5 Միութիւններ՝ Ֆրենժիյէ Ընտանիքին Հիւրը

Շաբաթ, 7 յունուար 2017-ին ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան 5 միութիւններ Պնաշյիի մէջ հիւրը դարձան Ֆրենժիյէ ընտանիքին: Արդարեւ, ՀՅԴ  «Ա. Ջամալեան», «Զաւարեան», «Հրայր Դժոխք», «Գ. Չաւուշ» եւ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւններու անդամ 80 կրտսեր պատանիներ իրենց վարիչներուն, Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամներուն, ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէի եւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին ընկերակցութեամբ մեկնեցան Պնաշյի: Ռիմա Ֆրենժիյէ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ լիճին շրջակայքը գտնուող ճաշարանին մէջ կազմակերպած իր ...

Ամանորեան «Շրջապտոյտ» Պուրճ Համուտի Թաղերուն Մէջ

Ամանորեան «Շրջապտոյտ» Պուրճ Համուտի Թաղերուն Մէջ

Շաբաթ, 31 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը ազգային, հայրենասիական եւ ծննդեան երգերու նուագակցութեամբ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերը` Արաքս, Մարաշ, Արմենիա պողոտայ եւ զանազան այլ թաղամասեր, ուր արժանացաւ ժողովուրդին բարձր գնահատանքին: Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ նախաձեռնուած ամանորեան շրջապտոյտը գեղեցիկ առիթ մըն էր թէ՛ ՀՄԸՄ-ականներուն, եւ թէ՛ ժողովուրդին համար, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ականներ իրենց հոգեկան գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը գտան ժողովուրդին ուրախութեան ու գնահատանքի...

Հինգ Տարուան Տարագրութենէն Ետք, Ճեմարանականները Այցելեցին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան

Հինգ Տարուան Տարագրութենէն Ետք, Ճեմարանականները Այցելեցին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան

2012-ին, Հալէպի պատերազմական վիճակի վատթարացումով, Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի թաղամասը շարունակական հրթիռակոծումներու թիրախ դարձաւ: Ճեմարանականները ստիպուած հեռացան իրենց վարժարանէն եւ ուսումնական իրենց կեանքը շարունակեցին համեմատաբար աւելի ապահով շրջանի` Սուլէյմանիէի մէջ գտնուող Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ: Հալէպի խաղաղութեան վերահաստատումով Ճեմարանի թաղամասը ապահով դարձաւ, եւ 5 տարի շարունակ Ճեմարանի կարօտով ապրող ճեմարանականները 31 դեկտեմբերի առաւօտուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ...

Գամիշլիահայութիւնը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց ՀՅ Դաշնակցութեան 126-Ամեակը

Գամիշլիահայութիւնը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց ՀՅ Դաշնակցութեան 126-Ամեակը

«Յաւերժական երթ` նորանոր յաղթանակներ նուաճելու հեռանկարով» կարգախօսով շաբաթ, 24 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 126-ամեակի տօնակատարութինը, ներկայութեամբ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի, պատկան մարմինին, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներու: Հանդիսավարներ` բժշկհ. Մարի Մելքոնեան եւ Յակոբ Մանուկեան ձեռնարկին բացումը յայտարարեցին` ներկաները հրաւիրելով մէկ...

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

ԼՕԽ-ի «Արազ» Մասնաճիւղի 40-Ամեակ Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40-ամեակի ձեռնարկը, «Նահր էլ Քալպի» «Նահր էլ Ասրար» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Սօսի Արամեանի, մասնաճիւղի մօտ ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեանի, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Լենա Արամ իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց...

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ` Ս. Ծննդեան Պատարագը

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ` Ս. Ծննդեան Պատարագը

Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը սիրոյ ծնունդն է, փրկութեան ծնունդն է, եւ ի վերջոյ անիկա այն բոլորին ծնունդն է, որ կ՛ազատագրէ մարդս սատանայի ստրկական կապանքներէն եւ հաշտութեան հող կը պատրաստէ մարդուն եւ Արարիչին միջեւ` զայն ուղղելու դէպի աստուածային փրկարար շնորհ: Քրիստոսի ծնունդով մարդը վերստին ծնաւ եւ անոր առջեւ ադամական մեղքին իբրեւ հետեւանք փակուած դրախտի դռները կրկին անգամ բացուեցան: 25 դեկտեմբերին Տիրամայր Զմմառու...

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ.  Կրթական Եւ Ընկերային Բեղուն Գործունէութեամբ Ամիս Մը

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ. Կրթական Եւ Ընկերային Բեղուն Գործունէութեամբ Ամիս Մը

Դեկտեմբերը կրթական եւ ընկերային-բարեսիրական գործունէութեամբ բեղուն ամիս մը եղաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին համար: Ազգային Միացեալ վարժարան փոխադրութեան նախօրեակին, քոլեճը բնականոն թափով շարունակեց իր ընթացիկ աշխատանքները` նորանոր յաջողութիւններ եւ իրագործումներ աւելցնելով դպրոցավարական իր հարուստ փորձառութեան վրայ: Կրթական Գործունէութիւն Դեկտեմբերին ընթացք առին միջնակարգի աշակերտութեան յետմիջօրէի դասընթացքները` անգլերէնի, արաբերէնի եւ ուսողութեան նիւթերու դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու համար: «Ժպիտ» ընկերակցութեան կողմէ հովանաւորուող...

Լիբանանահայ Վարժարաններու Շուրջ  300 Աշակերտներ Մասնակցեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի  «Անսխալ Գրենք» Մրցումին

2016 «Անսխալ Գրենք» Մրցումին Արդիւնքները

Այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2016-ին`  երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Դ. Դասարան Անսխալ - Քրիստ Դարբինեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) 2 սխալ - Եղիկ Ունճեան (Հայ Կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարան) - Լորա Սայիլեան (Հայ Աւետարանական քոլեճ) -  Արամ Աղասարգիսեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան) - Ժուլիանա Թրթռեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ....

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

  Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ 11-րդ դասարանէն Լէա Հապիպեան, որ մասնակցեցաւ Կոկիկեան հիմնարկին կազմակերպած միջհայկական երկրորդական վարժարաններու արաբերէն մրցանքին, հանդիսացաւ առաջին: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Այս մրցանքը կը կազմակերպուի 2012-էն ի վեր եւ երեք կրթական տարեշրջաններ վարժարանս գրաւած է առաջին դիրքը, որուն համար մրցանակը դարձաւ վարժարանիս սեփականութիւնը:...

«Գուսան» Երգչախումբը Մուսա Լեռ Այնճարի Մէջ

«Գուսան» Երգչախումբը Մուսա Լեռ Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ համերգ մը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Այս համերգով արդէն իր տարեկան աւանդութիւնը կը շարունակէր Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` այցելելով փոքր Հայաստան` Այնճար: Ներկայ էին Այնճարի տարբեր մարմիններու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետը, «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներ,  եկեղեցականներ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ գիւղի բնակիչներ, որոնք...

Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ Երգչախումբերն Ու Երկու Թենորներ Տօնական Համերգով Աւետեցին Քրիստոսի Ծնունդը

Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, հովանաւորութեամբ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի` օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» դատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ մը` կատարողութեամբ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի` փոխժողովրդապետ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեանի, ինչպէս նաեւ` մասնակցութեամբ «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» երգչախումբերուն` ղեկավարութեամբ Մանուէլ...

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Հաղորդակցութեան Կազմակերպութեան Տնօրէնը Տեսակցութիւն Ունեցած Է  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Հաղորդակցութեան Կազմակերպութեան Տնօրէնը Տեսակցութիւն Ունեցած Է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն դոկտ. Իպրահիմիի հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեանի, Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան եւ պետական ու...

Սիրոյ Սեղան Ի Պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Սիրոյ Սեղան Ի Պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան ու վեհափառ հայրապետի ընդունելութեան յանձնախումբի, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» դահլիճին մէջ սիրոյ սեղան պատրաստուեցաւ ի պատիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Սիրոյ սեղանին վեհափառին սեղանակից դարձան` Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ  Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Թեհրանի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան, Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ....

«Վեհափա՛ռ Տէր, Դուք Մեր Սիրելի Հայրն Էք Եւ Օրինակելի Հայրապետը»

«Վեհափա՛ռ Տէր, Դուք Մեր Սիրելի Հայրն Էք Եւ Օրինակելի Հայրապետը»

Վերոյիշեալ բառերով իրանահայ երիտասարդութիւնը դիմաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Հայոց հայրապետին Իրան այցելութեան ծիրէն ներս, շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, «Սիփան» միութեան «Նորայր Էլսայեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` նորին սրբութեան եւ շրջանի հայ երիտասարդութեան միջեւ: Երիտասարդութեան անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անի Մանուէլեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ ընդհանուր գիծերով խօսելէ ետք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգանուէր...

Page 40 of 68 1 39 40 41 68

Արխիւներ