Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուտեստեղէնի Եւ Ձեռային Աշխատանքներու Վաճառքի Բացում

December 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

z-001-68

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան մտքով թերաճ հայ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոնին եւ հովանաւորութեամբ Ալիս Պօղոսեանին, հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ ուտեստեղէնի եւ ձեռային աշխատանքներու վաճառքի բացումը «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ, Թրատ, Պուրճ Համուտ:

z-001-88

Հանդիսութեան սկիզբը բացման խօսքը արտասանեց «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տաքէսեան-Տապաղեան: Ան իր խօսքը սկսաւ` ողջունելով ներկաները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Ալիս Պօղոսեանին, որ ընդառաջելով միութեան առաջարկին` հովանաւորած է այս վաճառքի կայացումը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի «Զուարթնոց» կեդրոնի յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ գոյատեւման: Տապաղեան նշեց նաեւ, որ աւանդութիւն դարձած ուտեստեղէնի եւ ձեռային աշխատանքներու վաճառքը ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ համատեղելու համար հանրութեան եւ միութեան ուժերը` նպատակ ունենալով աւելի սերտ կապեր ստեղծելու վերջինիս եւ հանրութեան միջեւ եւ բաժնեկցելու հաստատութեան տաղանդներն ու կարողականութիւնը:

Ապա «Զուարթնոց»-ի սաներէն մէկուն ձեռամբ հաստատութեան կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Ա. Պօղոսեանին, որ ըսաւ. «Այս պահուն ինքզինքս կը զգամ դրախտի մէջ` հրեշտակներով շրջապատուած»: Ապա Տապաղեան իր խօսքը շարունակեց` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր նուիրատու հաստատութիւններուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օժանդակութիւնը բերին այս ձեռնարկին իրագործման համար:

Ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան օրհնութեան աղօթքով պաշտօնական բացումը կատարեց օրուան վաճառքին: Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ ըսաւ, որ  բոլորս այս տօնական շրջանին կը փնտռենք պահ մը` համախմբուելու եւ ուրախ տօնական վայրկեաններ ապրելու, իսկ այս պահը իւրայատուկ է, նկատի ունենալով, որ կը գտնուինք ձեռնարկի մը, որուն կազմակերպիչ մարմինը շատ մեծ զոհողութիւն կը կատարէ հայ ժողովուրդին համար:

z-001-129

Սրբազան հօր խօսքէն ետք բեմ բարձրացան «Զուարթնոց» կեդրոնի խումբ մը սաներ, որոնք առաջին հերթին ներկայացուցին Յ. Հելվաճեանի հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ կենդանի պատկեր մը, ապա երգերով ու պարերով ժպիտ մը ստեղծեցին ներկաներուն դէմքերուն վրայ:

Նախորդը

Քարլա Եարտըմեան-Հաժ՝ Սննդագիտութեան Դոկտոր

Յաջորդը

Ազրպէյճանամէտ Եւ Թրքամէտ Գրողները Կը Վարկաբեկեն Հայաստանն Ու Սփիւռքը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.