Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Կ՛այցելէ Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան
Հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան: Ան դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանին, թեմի Ազգային երեսփոխանական եւ Ազգային վարչութեանց անդամներուն կողմէ, ներկայութեամբ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետին եւ խուռներամ բազմութեան: Այցելութեան սկիզբը ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած յուշարձան-խաչքարին դիմաց, ապա Սրբոց Նահատակաց...




















