Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշ-Երեկոյ` Շարլ Ազնաւուրի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Ան Ցերեկները Թերթ Կը Վաճառէր Փարիզի Փողոցներուն Մէջ, Բա՛յց Երբեք Չէր Կրնար Երեւակայել, Որ Այդ Նոյն Թերթերը Իր Մասին Պիտի Գրէին Ապագային

December 28, 2018
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական (ԳԶՎ) Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան, Շարլ Ազնաւուրի մահուան քառասունքին առիթով տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիսութիւն մը` կիրակի, 9 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի, շրջանի կազմակերպութիւններու եւ յարակից միութիւններու ու Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը յարգողներու հոծ բազմութեան մը:

Երեկոյթին բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Ռուբինա Գասպարեանը, որ ըսաւ. «Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի եւ ԳԶՎ ազգային վարժարանին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ` ձեր ներկայութեան համար, որ արձագանգելով մեր հրաւէրին` եկած էք միասնաբար ոգեկոչելու համաշխարհային ճանաչում ստացած ֆրանսահայ երգիչ, բանաստեղծ, դերասան, դիւանագէտ, մարդասէր գործիչ եւ բարերար Շարլ Ազնաւուրի կեանքն ու վաստակը յիշատակելու համար կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին»:

Շարունակելով իր խօսքը` Գասպարեանը նշեց. «Իր երգարուեստին եւ բեմական կեանքին զուգահեռ, ան իր գործով փաստեց, որ արուեստը կարելի է օգտագործել նաեւ արդար դատերու ծանօթացման նպատակին: Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած «Իլ սոն թոմպէ» («Անոնք ինկան») երգը, իսկ 1988-ի երկրաշարժին առիթով «Փուր թուա Արմենի» («Քեզի համար, Հայաստա՛ն») երգերը մեծ ընդունելութիւն գտան համայն աշխարհին մէջ` ծանօթացնելով հայ ժողովուրդն ու Հայ դատը. իսկ 2001-էն ետք Ազնաւուր պայքարեցաւ, որ Ֆրանսա օրէնքի ուժով ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մենք այսօր կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ եւ միասնաբար պիտի տօնախմբենք իր կեանքը, որովհետեւ 1 հոկտեմբեր 2018-ին սկսաւ Շարլ Ազնաւուրի համաշխարհային շրջագայութիւնը` անմահութեան ուղիով»:

Բարի գալուստի խօսքերով հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց Սոնա Թոմոյեանը, որ ըսաւ. «Այս երեկոյ մենք հաւաքուած ենք յիշելու ու մեծարելու ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի արուեստն ու կեանքը: Ֆրանսական թերթերը իր մահէն ետք գրեցին. «Ֆրանսան կորսնցուց ֆրանսական երգի իր վերջին արքան»: Շարլը երգիչ էր, երգահան, դերասան եւ գրող: Ան գրած է 1200-էն աւելի երգեր, դերեր ստանձնած է աւելի քան 60 ժապաւէններու մէջ, վաճառուած են շուրջ 180 միլիոն իր երգերու ձայնասկաւառակներէն: Ազնաւուր, զոր յաճախ կ՛անուանեն Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրան, դարձաւ ամենամեծ միջազգային ճանաչում ստացած ֆրանսացի երգիչը: Սկիզբը Շարլը կը քննադատէին իր արտաքինին եւ «ջղաձիգ» ձայնին, բառերուն տարօրինակ անկեղծութեան համար: Ան 1956-ին մեծ յաջողութեամբ ելոյթ ունեցաւ Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ ու անկէ ետք ունեցաւ աննախադէպ յաջողութիւն ե՛ւ ֆրանսական, ե՛ւ միջազգային բեմերու վրայ: 1965-ին Ազնաւուր գրեց «Լա Պոէմ»-ը երգը, որ դարձաւ իր ամէնէն ճանչցուած եւ սիրուած երգերէն մէկը` թարգմանուելով 7-ը լեզուներու: Շարլը ի՛նք զայն երգած է 5 լեզուներով. այդպիսով, այդ երգը դարձաւ Շարլ Ազնաւուրի ստորագրութիւնը»:

Սկսելով օրուան յայտագիրին` Թոմոյեանը ըսաւ. «Այս երեկոյ պիտի փորձենք ճամբորդել Շարլ Ազնաւուրի կեանքի անցած ճանապարհով` ծնունդէն մինչեւ երկրային կեանքին աւարտը: Պիտի սկսինք «Լա Պոէմ»-ը երգին երաժշտութեամբ»:

Ան բեմ հրաւիրեց սանֆրանսիսքոցի երկու սիրուած երաժիշտներ` ջութակահար Յակոբ Նազարեանը եւ դաշնակահար Արա Քիւլլիւքեանը, որոնք մեծ հմտութեամբ կատարեցին «Լա Պոէմ»-ը` արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու:

Ապա յայտագիրը շարունակուեցաւ Շարլի մանկութեան եւ պատանեկութեան մասին տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որուն մէջ երեւցան լուսանկարներ` Ազնաւուրի մանկութենէն, եւ խօսուեցաւ Շարլի ընտանիքին ու հայկական այն միջավայրին մասին, ուր մեծցաւ ու հասակ առաւ Շարլը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Արազ» պարախումբէն անդամներ` ղեկավարութեամբ Մարալ Ստեփանեանի: Ձայնագրուած երգեցողութեամբ` Շարլ եւ Սեդա Ազնաւուրներու, Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս իմս դուն իս» երգին վրայ պարեցին պարուհիներ` Ալիք Անտոնեանը, Ալիսա Պեզճեանը, Էմիլի Աւետիսեանը եւ Շրեկըն Թիւթիւնճեանը:

Ապա Թոմոյեանը ներկայացուց Շարլի առաջին հանդիպումը Էտիթ Փիաֆի հետ, ինչպէս նաեւ` այն դժուարութիւնները, զորս ան ապրեցաւ իբրեւ երգիչ, երբ կը քննադատուէր իր արտաքինին ու ձայնին համար: Հանդիսավարը նշեց, որ Շարլը յաջողութեան հասաւ այդ շրջանին, երբ երգեց շատ նշանաւոր երգ մը` «Զիս տարէք»-ը, զոր դաշնամուրով կատարեց գաղութիս սիրուած դաշնակահարուհի Նայիրի Սարգիսը` արժանանալով հանդիսականներու բուռն գնահատանքին:

Ազնաւուրի միջազգային ճանաչումը սկսաւ, երբ ան սկսաւ համերգներ տալ Ֆրանսայէն դուրս: Շարլը 1963-ին առաջին համերգը ունեցաւ հեղինակաւոր «Քարնըկի հոլ»-ի մէջ: Ամերիկայի մէջ Ազնաւուր առաւել յայտնի դարձաւ իր «Եսթըրտէյ ուէն այ ուազ եանկ» երգով: Այդ երգը երգած են շատ մը նշանաւոր երգիչներ, բայց մեր հանդիսութեան օրը այդ երգը երգեց մեր հանդիսավարուհին` Սոնա Թոմոյեանը` խոր ապրումներով ու բացառիկ երգեցողութեամբ, արժանանալով հանդիսականներու բուռն ծափահարութիւններուն:

Ֆրանսական երգի տարածման մէջ Ազնաւուրի ներդրումին մասին խօսելէ ետք, ԳԶՎ վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանը ֆրանսերէնով կարդաց Ազնաւուրի բանաստեղծութիւններէն մէկը, իսկ հայերէնի թարգմանուած «Զիս տարէք-ը կարդաց ԳԶՎ-ի շրջանաւարտներէն Զեփիւռ Գասպարեանը:

Նշելէ ետք, որ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժէն ետք Շարլ Ազնաւուր ստեղծեց «Ազնաւուր` Հայաստանի համար» հիմնադրամը, ԳԶՎ-ի վարժարանի աշակերտները, ղեկավարութեամբ Սոնա Թոմոյեանի, երգեցին երկրաշարժի զոհերուն ի նպաստ դրամահաւաքի համար գրուած` «Քեզի համար, Հայաստա՛ն» երգը: Երգին բառերուն հեղինակն է Ազնաւուր, իսկ երաժշտութեան հեղինակը` Ժորժ Կառվարենց:

Աւարտին, Համազգայինի ատենապետ Ռ. Գասպարեանը բեմ հրաւիրեց օրուան յայտագիրին բոլոր մասնակցողները եւ իր շնորհակալական խօսքերէն ետք, մեծապէս գնահատելով անոնց մասնակցութիւնը հանդիսութեան, առ ի գնահատանք, նուիրեց մէկական ծաղկեփունջ:

Հոս կ՛արժէ նաեւ հակիրճ կերպով անդրադառնալ Ազնաւուրի մանկութեան: Ան ծնած է 22 մայիս 1924-ին, Փարիզ: Նորածինին անունը հայրը կը դնէ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան, ապա, ֆրանսացի մանկաբարձուհիին խորհուրդով, Շահնուրը կը փոխուի Շարլի: Փոքրիկն Շարլը առաջին անգամ բեմ կ՛ելլէ 5 տարեկանին. ան կ՛ուզէր դերասան դառնալ եւ սկսաւ մասնակից դառնալ մանկական թատերախումբի մը ու շատ շուտով կարեւոր դերեր ստանձնեց ներկայացումներու մէջ: Ան 9 տարեկանին կը ձգէ դպրոցը եւ կը միանայ շրջիկ թատերախումբի մը: Ան ցերեկները թերթ կը վաճառէր Փարիզի փողոցներուն մէջ, բա՛յց երբեք չէր կրնար երեւակայել, որ այդ նոյն թերթերը իր մասին պիտի գրէին ապագային:

 

 

Նախորդը

Վերանում Է Նաեւ Ջաւախահայութեանը ՀՀ-ի Հետ Կապող Օղակը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղ. «Միասնաբար Օգնենք Ուրիշին» Կարգախօսով Բարեսիրական Աշխատանք

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.