Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղ. «Միասնաբար Օգնենք Ուրիշին» Կարգախօսով Բարեսիրական Աշխատանք

December 28, 2018
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2018-ին, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ  տեղի ունեցաւ «Միասնաբար օգնենք ուրիշին» կարգախօսով բարեսիրական աշխատանքը` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին:

Այս աշխատանքին յաջողութեան համար նախապէս տարուեցաւ քարոզչական աշխատանք` ապահովելու մեծ թիւով մասնակցութիւն:

Ձեռնարկին նախօրեակին սկաուտները գիշերը անցուցին` իրագործելու իրենց ձեռային աշխատանքով պատրաստուած գեղեցիկ տօնածառ մը:

Ձեռնարկին օրը, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 սկաուտները ստանձնեցին մասնաճիւղի մարզիկներուն, բարեկամներուն, ծնողներուն եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի այցելուներուն բերած նուիրատուութիւնները: Իրենց կարգին, սկաուտական բոլոր խումբերը իրենց հետ բերած զանազան տեսակի ուտեստեղէնները` կաթնեղէն, ձէթ, ընդեղէն, քաղցրեղէն, պահածոներ, ինչպէս նաեւ տան մաքրութեան անհրաժեշտ նիւթեր զետեղեցին տօնածառին առջեւ:

Սկաուտները շատ մեծ խանդավառութեամբ տարին այս աշխատանքը` տօնական օրերու իրենց ուրախութիւնը կիսելու հայ կարիքաւոր ընտանիքներու անդամներուն հետ: Առաջնորդուելով «Միշտ օգնել ուրիշին» սկաուտական դաւանանքով` այս աշխատանքը առիթ մըն է գործադրելու սկաուտական հիմնական խոստումներէն մէկը եւ նոր սերունդին ջամբելու  կարիքաւորը  յիշելու եւ անոր օգնելու գիտակցութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի սկաուտներուն հաւաքած ուտելիքները հաւասարապէս տեղադրուեցան 40 տուփերու մէջ, որոնք տօնական օրերուն ընթացքին պիտի բաշխուին 40 հայ կարիքաւոր ընտանիքներու: Տուփերուն մէկ մասը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ) միջոցով պիտի բաժնուի, իսկ մաս մըն ալ սկաուտական խմբապետները անձամբ պիտի յանձնեն ընտանիքներուն` աւելի մօտէն ճանչնալու համար հայ  համայնքի անդամներուն հետ:

Նախորդը

Յուշ-Երեկոյ` Շարլ Ազնաւուրի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Ան Ցերեկները Թերթ Կը Վաճառէր Փարիզի Փողոցներուն Մէջ, Բա՛յց Երբեք Չէր Կրնար Երեւակայել, Որ Այդ Նոյն Թերթերը Իր Մասին Պիտի Գրէին Ապագային

Յաջորդը

Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Միջազգային Օրուան Առիթով Նկարներու Ցուցադրութիւն Եւ Քաղաքական Ձեռնարկ` Ռոտոս Կղզիին Մէջ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.