Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամանորեայ Մթնոլորտ Ինչպէս Ամէն Տեղ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ Եւս Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի Ուրախ Ու Խանդավառ Մթնոլորտ Տիրեց

Յունուար 4, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 դեկտեմբերին, որմէ ետք աշակերտներ եւ  ուսուցիչներ մենեցան իրենց տուները` դիմաւորելու Նոր տարին եւ վայելելու արձակուրդը:

Ամանորեան շաբաթը բացուեցաւ տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած Կաղանդի աւանդական տօնավաճառով: Երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին վարժարանի  «Սիրան Մանուկեան» սրահը հագած էր իր տօնական զգեստը. մուտքին հսկայ մսուր մը, իսկ ներսը` ամէն կողմ գունագեղ սեղաններ, որոնց վրայ տեղադրուած էին` Նոր տարի բուրող զարդեղէն, ուտեստեղէն, հայկական չիր ու չամիչ, խաղալիքներ եւ նուէրներ: Քառօրեայ տօնավաճառ այցելեցին ծնողներ, բարեկամներ եւ աշակերտներ, իսկ մթնոլորտը մնայուն կերպով խանդավառեցին մանկապարտէզի ու նախակրթարանի աշակերտները` Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի երգերով ու շարականներով:

Հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի Ա.-Դ. դասարաններու, ինչպէս նաեւ երկրորդականի աշակերտները հաւաքուեցան սրահ, ուր ստացան ս. հաղորդութիւն, ապա` իւրաքանչիւր բաժանմունք իր ձեւով տօնեց ու դիմաւորեց Կաղանդ պապուկը:

Մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի փոքրիկները Ամանորի շատ գեղեցիկ յայտագիր մը ներկայացուցին իրենց ծնողներուն: Անոնք դասարան առ դասարան գունագեղ տարազներով, Ամանորի երգերով եւ Սուրբ Ծննդեան շարականներով, պարերով ու չափական մարզանքով տօնական մթնոլորտ մը ստեղծեցին, իսկ երբ Կաղանդ պապուկը ժամանեց, փոքրիկները անոր հետ պարեցին, երգեցին ու ստացան իրենց նուէրները: Ապա ծնողները բեմ բարձրանալով` նկարուեցան իրենց զաւակներուն հետ:

Ա., Բ., Գ. եւ Դ. դասարաններու աշակերտները Ամանորը նշեցին հայկական աւանդական ձեւով: Արդարեւ, անոնք հաւաքուելով քոլեճի փոքր սրահին մէջ, նախ լսեցին հայկական աւանդական Ամանորի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ, չոր ծառ մը զարդարեցին չիր ու չամիչով, թարմ պտուղներով ու լաթէ զարդերով, ապա համտեսեցին իրենց ուսուցիչներուն կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտեստները` փաթոթը (սարմա), ծեծածով մածունը (սպաս), հատիկը եւ «տարին» հացը, որուն մէջ զետեղուած էր նուշի հատիկ մը, որ համաձայն հայկական սովորութեան, շերտի մը մէջ պահուած էր, եւ այն աշակերտը, որուն բաժին ելաւ այդ շերտը, օրուան բախտաւորը հռչակուեցաւ:

Գեղարուեստական բաժինով աշակերտները ներկայացուցին իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները, ինչպէս նաեւ թատրերգութեան մը ընդմէջէն ներկայացուցին, թէ ինչպիսի՛ ձեւերու կը դիմէին մեր նախնիները յաջող տարի մը ունենալու համար, ինչպէս նաեւ հայկական մաղթանքներ փոխանակեցին իրարու:

Ապա ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ նուէրներ բաժնեց բոլոր մանուկներուն, որոնք նոյն ատեն ստանալով իրենց պատրաստած Ամանորի ձեռային աշխատանքը` ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան արձակուրդի:

Ե.եւ Զ. դասարաններու աշակերտները  ուրբաթ առաւօտուն Ս. հաղորդութիւն ստանալէ ետք, տօնական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ նախաճաշեցին, ապա ուղղուեցան «Լը Մոլ», ուր դիտեցին «Քրիսթմըս պրէյք ին» ժապաւէնը:  Դպրոց վերադառնալով` անոնք շարունակեցին իրենց տօնակատարութիւնը.  երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկը եւ իրարու հետ նուէրներ փոխանակեցին:

7-րդ դասարանի աշակերտները նախընտրեցին դպրոցին մէջ իրենց դաստիարակին հետ տօնել Կաղանդը: Հաղորդութենէն ետք հաւաքական նախաճաշ մը ըրին, որմէ ետք խրախճանքի պատրաստուեցան: Երգեցին, պարեցին, կատակեցին եւ ընդունեցին կաղանդ պապուկը իր նուէրներով: Կէսօրին ուրախ եւ գոհ մեկնեցան իրենց տուները:

Քոլեճի Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտները Ամանորի առիթով օրինակելի նախաձեռնութեամբ մը այցելեցին «Զուարթնոց» կեդրոն:

Անոնք օրեր առաջ ծրագրեցին, նուէրներ պատրաստեցին եւ ուրբաթ, 21 դեկտեմբերին, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան «Զուարթնոց» կեդրոն, ուր դիմաւորուեցան կեդրոնի տնօրէնուհիին կողմէ, որ անոնց բացատրեց կեդրոնին առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը:

Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին կեդրոնի աշակերտները երգեցին ու նուագեցին. ապա մեր աշակերտները նուագեցին, արտասանեցին եւ խաղեր խաղացին անոնց հետ: Ժամանեց Կաղանդ պապան իրեն հետ բերելով նուէրներ եւ հիւրասիրութիւն:

Աշակերտները գոհունակ սրտով բաժնուեցան կեդրոնէն, որովհետեւ ուրիշները ուրախացնելով` իրենք եւս ուրախացան:

Երկրորդականի աշակերտները չորեքշաբթի երեկոյեան ունեցան Կաղանդի իրենց խրախճանքը: Անոնք, սակայն, քաջ գիտակցելով, որ գոհունակութիւնը միայն ուրախանալով չէ, այլ նաեւ` ուրախացնելով, կատարեցին մարդասիրական աշխատանք մը: Իւրաքանչիւր աշակերտ սիրայօժար ուտեստեղէն եւ քաղցրաւենիք բերած էր պատրաստելու համար սնտուկներ, որոնք ԼՕԽ-ի միջոցով պիտի նուիրուէին մանուկներ ունեցող կարիքաւոր ընտանիքներու: Աշակերտները յաջողեցան պատրաստել 44 տուփեր եւ հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերին ԺԱ. դասարանը, իր դաստիարակին ընկերակցութեամբ, այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը` յանձնելու համար տուփերը: Աշակերտներուն աշխատանքը հոն չաւարտեցաւ. անոնք նաեւ օժանդակեցին կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող տարեցներու Կաղանդի խրախճանքին` սեղաններուն սպասարկումը եւ ուտեստեղէնի բաշխումը ստանձնելով: Ապա ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը` խանդավառելով եւ ուրախացնելով ներկաները:

Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի ամանորեան շաբաթը իր աւարտին հասաւ ուրբաթ, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան, երբ տնօրէն խորհուրդ, ուսուցիչներ եւ պաշտօնեաներ դարձան հիւրը խնամակալութեան եւ ընկերային յանձնախումբին, որոնք զիրենք ուրախութեան սեղանի մը հրաւիրած էին «Պաչիկ» ճաշարանը: Տօնական ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ վարժարանի ընտանիքը ապրեցաւ հաճելի պահեր, բարձրացան կենացներ եւ փոխանակուեցան բարեմաղթութիւններ…

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1969)

Յաջորդը

Թրքական Տարօրինակ Լուրեր` Տօնական Օրերուն Ընթերցողները Զուարճացնելու Համար

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?