ՄԱԿ-ի համաշխարհային օրացոյցին վրայ 9 դեկտեմբերի նշումը` որպէս Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օր, ընդունուած է աշխարհի մէջ: Թուականը պատահական չէ, այլ կը խորհրդանշէ 1948-ի դեկտեմբերի 9-ը, որ ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի հիմամբ, Ցեղասպանութիւններու յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի որոշումի ընդունման օրն է` Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ ցեղասպանութիւն բառեզրի իրաւական բնութագրումով:
Այս առիթով Յունաստանի Երկոտասնեան կղզախումբի Ռոտոս կղզիին մէջ իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մը տեղի ունեցաւ` հովանաւորութեամբ Յունաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Ռոտոսի քաղաքապետութեան ու գործակցութեամբ` ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, Համազգայինի Ռոտոսի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղին, Ռոտոսի կիպրացիներուն եւ Ռոտոսի պոնտական «Տիղենիս Աքրիթաս» միութիւններուն:
Կիրակի, 16 դեկտեմբերի առաւօտեան, «Էվանկելիսթրիա» մայր տաճարին մէջ, Ռոտոսի մետրոպոլիտի հանդիսապետութեամբ, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ` հայոց եւ յունաց ցեղասպանութիւններու, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ թրքական ներխուժման ու գրաւման պատճառով զոհուած անմեղ հոգիներու յիշատակին: Ներկայ եղան` հարաւային Եգէականի փոխմարզպետը, Ռոտոսի քաղաքապետ Ֆոթիս Խածիտիաքոսը, ծովային, ցամաքային եւ օդային զինուած ուժերու զինուորականներ, ոստիկանական ուժերու պետը: Ներկայ էին նաեւ` Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մշակութային հարցերու պատասխանատու Պաւել Բժիկեանը, Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Յուլիանա Մանուկեանը եւ Ռոտոսի Համազգայինի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղի ատենապետ Վասիլիս Վասիլիու-Պարտիզպանեանը եւ անդամները:
Յաջորդեց «Հայրենիքի համար զոհուածներ»-ու յուշարձանին առջեւ դափնեպսակներու զետեղում, ուր հայութեան անունով դափնեպսակ զետեղեց Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Խաչիկ Խաչատուրեանը:
Նկարներու Ցուցադրութիւն
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ռոտոսի հին բերդաքաղաքին մէջ գտնուող «Սպանական մշակոյթի տան» դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայոց եւ յունաց ցեղասպանութեանց նիւթով նկարներու ցուցադրութեան: Պատմական այս գեղեցիկ վայրին մէջ մէկ շաբթուան վրայ երկարող ցուցադրութիւնը շրջանի ժողովուրդին համար առիթ պիտի հանդիսանայ իրազեկ դառնալու ցեղասպանութեան պատմական փաստին ու քննելու հետեւանքները եւ քաղաքական հետեւութիւնները: Յատուկ աշխատանք տարուած է, որպէսզի մինչեւ 21 դեկտեմբեր դասաւորուի այցը Ռոտոսի դպրոցական աշակերտական խումբերուն, որոնք տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ պիտի ստանան եւ պիտի դիտեն Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով վաւերագրական լուսանկարներու հաւաքածոն, հայկական աւանդական տարազները, հայկական խաչքարերու նկարներ եւ այլն:
Քաղաքական Ձեռնարկ
Հայկական եւ պոնտական ցեղասպանութեանց ուրացման Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, ճշմարտութենէն խուսափելու անոր շարունակական ճիգը անհանդուրժելի են միջազգային մարդկութեան կողմէ: Նոյն դահիճին դէմ երեք ժողովուրդներու ազգային դատերուն ու պահանջատիրութեան վերաբերող եւ միացեալ ջանքերով յաջողած այս ձեռնարկը ցոյց կու տայ, որ հայերու եւ պոնտոսցիներու ցեղասպանութիւններու ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, մարդկային իրաւանց յարգումը համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող հարցեր են:
Այս իրականութիւնը մատնանշող խօսքերով հանդէս եկան` Կիպրոսի եւրոերեսփոխան Էլենի Թէոխարուսը, լրագրող Սաւաս Գալենտերիտիսը եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը: Համադրումը կատարեց Ռոտոսի կիպրացիներու միութեան նախագահ Եորղոս Սիմէոնիտիսը:
Հրաւիրեալ երկու ականաւոր անձնաւորութիւնները` հայութեան արդար պայքարներու քաջարի պաշտպան Էլենի Թէոխարուսը եւ յայտնի լրագրող ու հետազօտող Սաւաս Քալենտերիտիսը, անդրադարձ կատարեցին հայութեան փորձառութեան, որ իր շարունակական պայքարներուն ընդմէջէն յաջողեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը հասցնել բարձրագոյն մակարդակի: Մօտ երկու ժամ տեւած ձեռնարկին ընթացքին երեք զեկուցաբերները ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցին եւ շեշտը դրին պայքարը շարունակելու եւ արդարութիւնը հետապնդելու միացեալ ճիգին վրայ: