Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութիւնը կազմակերպեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, գրող Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայրը» գիրքին գինեձօնը, չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Անի» սրահին մէջ:
Օրուան հանդիսավար Մարինա Պոզեաքալեան-Պազարպաշեանը, բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց «Արեւի Բնակավայրը» գիրքի հեղինակին կենսագրութիւնը` յիշելով անոր հեղինակած գիրքերը, բեմագրութիւնները եւ վարած պաշտօնները:
Գեղարուեստական յայտագիրով հալէպահայ երգիչ Արամ Խաչատուրեանը մեներգեց «Տուն իմ հայրենի»-ն:
Այնուհետեւ «Արեւի բնակավայրը» ժողովածուն ներկայացուց Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Աւօ Գաթրճեանը: Ան գրախօսականը սկսաւ ընդգծելով հեղինակին գործունէութիւնը` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, յայտնելով, որ հեղինակը կամրջումի լաւագոյն օրինակներէն է` ազգային տագնապներով եռուն իր ներաշխարհով: «Հեղինակին լաւ ճանչցողը գիտէ, որ ան ազգային կեանքի մէջ աշխուժ գործիչ է, իսկ «Արեւի բնակավայրը» գիրքը ընթերցողը պիտի հաստատէ, որ հեղինակը հայրենիքի եւ սփիւռքի հարցերով հաւասարապէս տագնապող անձնաւորութիւն մըն է», ըսաւ Գաթրճեան:
Ապա յայտնեց, որ «Արեւի բնակավայրը» գիրքը լոյս տեսած է 2016-ին, Երեւանի «Տիգրան Մեծ» հրատարակչատան կողմէ: Արեւելահայերէն այս հատորը կը բաղկանայ 335 էջերէ: Խմբագիրն է Արշակ Բանուչեանը: Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր դստեր` Նազենիի անմար յիշատակին: Ժողովածուն կ’ընդգրկէ յիշատակներ` Երեւանէն, Հայաստանէն, Արցախէն, ապա նաեւ սփիւռքի հայահոծ շրջաններէն: Գիրքին մէջ կը կարդանք 7 դեկտեմբեր 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժին, Արցախի գոյապայքարին, Շուշիի ազատագրման, Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, Մարկատէի, Տէր Զօրի, Շետտետէի, Քեսապի, արցախեան ազատամարտիկներու եւ այլ նիւթերու մասին պատմուածքներ: Խորագիրը ցոլքն է բովանդակութեան:
Գաթրճեանը անդրադարձաւ հեղինակին մատչելի ոճին, պատկերաւոր նկարագրութեան ու հայրենատրոփ գրիչին: «Ժողովածուին պատմուածքները իրական կեանքէ քաղուած են, որովհետեւ արմատներու մասին կը խօսին: Հոն են Հալէպի, Դամասկոսի, Քեսապի, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ օրհասէ փրկուած հայու բեկորները եւ անոնց բանաւոր յիշողութիւնները», ըսաւ ան:
Ապա ներկաները հրաւիրեց կարդալու «Արեւի բնակավայրը» գիրքը` հեղինակին յիշատակներուն եւ ապրումներուն ընդմէջէն հաղորդուելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու: Գիրքը յիշողութիւններու շտեմարան մը ըլլալով մէկտեղ` արխիւային վաւերաթղթածրար մըն է:
Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի ուսանող Նուէր Ներսէսեանը գիրքէն կարդաց «Հալէպում հայը չի կորչի» պատմուածքը:
«Ցայգերգ» ստեղծագործութիւնը հնչեցուց հայրենի ջութակահար Արմէն Ճէնտերէճեանը երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Ապա հեղինակը իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան փորձեց պարզել, թէ ինչպիսի՛ ապրումներ ունեցած է Հալէպ մուտք գործած առաջին իսկ վայրկեանին` տեսնելով յետպատերազմեան Հալէպի վիճակը եւ զայն համեմատելով իր յիշողութեան մէջ դրոշմուած Հալէպի պայծառ օրերուն հետ: Ղարաբաղցեանը ըսաւ, որ պատերազմի ուրուականը անընդհատ կը հալածէ մեզ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը` ձեռամբ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսին, քահանայ հօր, գիրքի հեղինակին, Համազգայինի Կեդր. վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչին եւ օրուան բանախօսին:
Զարեհ քհնյ. Շաքարեանը իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան առաջնորդ սրբազան հօր շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքը յայտնեց գիրքի հեղինակին եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան: Քահանայ հայրը լուսարձակի տակ առնելով «Արեւի բնակավայրը» խորագիրը` հայ ժողովուրդը համարեց անսպառ արեւ մը, որ աստուածային նախախնամութեամբ սէգ լեռներու մէջ կերտած իր հայրենիքին մէջ կը շարունակէ գոյատեւել եւ յառաջդիմել:
Աւարտին հեղինակը իր գիրքէն օրինակներ մակագրեց ու նուիրեց ներկաներուն: