Շաբաթ, 5 յունուար 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային մարզիկները Ս. Ծննդեան տօնին առիթով յատուկ այցելութիւն մը տուին ՔԱՀԼ-ի ծերանոց` իրենց հետ տանելով տարբեր տեսակի նուէրներ եւ ուտեստեղէն:
Անոնք ուզեցին իրենց ուրախութիւնը բաժնել հայ ծերունի պապիկներուն եւ մամիկներուն հետ:
Հանդիպումը ընթացաւ շատ ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, որմէ ետք ակադեմիային մարզիկները իրենց հետ բերած նուէրները տուին ծերունիներուն: Այնուհետեւ անոնք միասնաբար կատարեցին կարկանդակի հատում եւ խոստացան այլ առիթներով ալ այցելել ՔԱՀԼ-ի ծերանոց:




