Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանը Ամբողջ Մէկ Շաբաթ Շնչեց Ու Ապրեցաւ Սուրբ Ծննդեան Խորհուրդներով

Դեկտեմբեր 28, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ տօներուն նախորդած շաբթուան ընթացքին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքը աշակերտներով, ուսուցիչներով եւ ծնողներով մասնակիցը դարձաւ շարք մը ձեռնարկներու, որոնք յագեցած էին ուրախութեան, յոյսի, սիրոյ եւ հաւատքի ապրումներով, որ մեծ աւետիսը կը պարգեւէ բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն:

Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի մեր փոքրիկներուն համար այդ շաբաթը եղաւ ժամանակը` Սուրբ Ծննդեան թեմաներով աշխատանքներ կատարելու, երգեր սորվելու, գիտելիքներ ձեռք բերելու եւ, անշուշտ, Կաղանդ պապայի այցով եւ բերած նուէրներով ուրախանալու: Այս տարի եւս օրինակելի բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր մանկապարտէզի «կենդանի մսուրը», որուն ներկայ եղան մեծաթիւ ծնողներ` իրենց քաջալերանքով նաեւ ամրապնդելու համար հաւատքը մեր փոքրիկներուն մէջ:

Սուրբ Ծննդեան պատարագը յատկանշուեցաւ մանաւանդ աշակերտներու մասնակցութեամբ. անիկա տեղի ունեցաւ ծայրէ ի ծայր լեցուն Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի սղութեան հարկադրանքով բարձր դասարաններու աշակերտները իրենց գիրկերը առին կրտսեր դպրոցականները: Պատարագիչ քահանան` Րաֆֆի Յովհաննէսեանը ստեղծեց աղօթքի եւ խորհրդածութեան մթնոլորտ մը, ուր  իրենց ապրումները բարձրաձայնեցին աշակերտներ եւ ուսուցիչներ: Կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք` Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով: Մինչ այս` նախորդ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած էին աշակերտներու խոստովանանքն ու մկրտութեան խոստումի վերահաստատման արարողութիւնը:

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով եւ հակառակ տեղացող անձրեւին` կատարուեցաւ Յիսուս մանուկի մսուր փոխադրութեան արարողութիւնը. քահանայ Րաֆֆիի առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան ծառայող վարդապետ Ղազար Պետրոսեանի, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մեսրոպեանի շրջափակի կեդրոնը գտնուող տօնածառը, անոր տակ պատրաստուած մսուրին մէջ զետեղելու համար խորհրդանիշը` մարդացած Աստուծոյ: Արարողութեան առիթով Սուրբ Ծննդեան ուղերձներ արտասանեցին ուսուցիչներ,  հնչեցին հոգեւոր երգեր` վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Կաղանդ պապայի այցելութեան աւանդական հաւաքոյթին եւ նուէրներու բաշխման զուգահեռ, տեղի ունեցաւ ուտելիքներու եւ խաղերու պազար, որուն յաջողութեան համար իրենց ջանքերը միացուցին ծնողներն ու աշակերտները: Այս բոլորին նախորդած էին աշակերտներու շարք մը արտադպրոցական տօնական պտոյտներ եւ այցելութիւններ` կրկէս եւ թատրոն:

Սուրբ Ծնունդի տօնին նախապատրաստուելուն անմասն չմնացին նաեւ ծնողները: Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ Մեսրոպեանի ծնողական  հանդիպում մը, որուն ընթացքին Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանը դասախօսեց Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին եւ իմաստին մասին` հիմնուելով սուրբգրային վկայութիւններու վրայ:

Ուսուցիչները ի մի եկան դարձեալ աւանդական դարձած հոգեւոր զարգացման հաւաքին, որ կայացաւ հարաւի Ժուն գիւղի յոյն կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անոնք տնօրէնութեան կողմէ հրաւիրուեցան տօնական ագապին:

Տօներու նախօրեակին Մեսրոպեանի մէջ կայացած հոգեւոր բնոյթի բոլոր ձեռնարկները ղեկավարեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանը` գործակցութեամբ` հայր Ղազար Պետրոսեանի, հայր Խաչիկ Գույումճեանի, կրօնի դասատու Սալբի Քէշիշեանի, բաժիններու պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներու: Տօնական ձեռնարկներու կազմակերպման  իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերին ծնողական եւ աշակերտական խորհուրդները: Ի վերջոյ, տօնական միջավայր եւ մթնոլորտ ստեղծելուն ուղղուած Մեսրոպեանի տնօրէնութեան ջանքերն ու տրամադրած միջոցները կատարելապէս արդարացուցին իրենք զիրենք` վարժարանի ընտանիքի մեծ թէ փոքր բոլոր անդամներուն հաղորդելով Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը ներկայացնող ուրախութեան, յոյսի, սիրոյ եւ հաւատքի լիարժէք ապրումներ:

 

Նախորդը

Թրամփ Ինկաւ Թրքական Ծուղակին Մէջ

Յաջորդը

Ընկերային Ցանցը Ձեզի Օգտակա՞ր Է, Թէ՞ Վնասակար

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?