Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոհաբանական Պաշտամունք Առ Աստուած

January 21, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կենաց խօսքը ամուր բռնելով, որպէսզի կարենամ պարծենալ Քրիստոսին օրը, թէ պարապ տեղ չեմ քալած ու պարապ տեղ չեմ աշխատած» (Փիլ. 2.16)

Հաւատք, նուիրում, խոնարհութիւն, ծառայութիւն` այս բոլորը մէկտեղուած նոյն անձին մէջ դժուար գտանելի երեւոյթ է, աւելի՛ն, 42 տարուան անձնուրաց հովուական ծառայութեան ընթացքին, անշեղօրէն, անվարան, Տիրոջ խօսքին հաւատարիմ մնալ` կ՛ենթադրէ տոկուն նկարագիր եւ անխախտ հաւատք: Այս տողերուն մէջ կարելի է ամփոփել վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի անցած  կեանքի եւ հովուական ուղին:

Ծնած է Քեսապ, աւարտած` Պէյրութի Աստուածաբանական ճեմարանը , իսկ Հայկազեան համալսարանէն ստացած է պսակաւոր արուեստից վկայական` պատմութեան ճիւղին մէջ: Ան իր հովուական ծառայութիւնը սկսած է Քեսապի մէջ` երեք տարի տեղւոյն եկեղեցիին ծառայելով: 1984-ին կը ձեռնադրուի հովիւ եւ 18 տարի կը ծառայէ Հալէպի Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցիին, նաեւ` որպէս փոխհամայնքապետ: 1996-ին ընտանեօք Պէյրութ կը փոխադրուի, ուր մինչեւ հանգստեան կոչուիլը կը ծառայէ Հայ աւետ. Էշրեֆիէի եկեղեցիին` կողքին ունենալով իրեն սատար կանգնող երէցկինը` տիկին Եսթերը:

Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի 42 տարուան ծառայութեան աւարտին ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Հայ աւետ. Էշրեֆիէի եկեղեցիի հոգաբարձութեան, գոհաբանական պաշտամունք առ Աստուած տեղի ունեցաւ կիրակի, 13 յունուար 2019,  կ.ե. ժամը 6:00-ին, եկեղեցւոյ մէջ:

Պաշտամունքը առաջնորդեց Ճան Սաղըրեան, Աստուածաշունչի ընթերցումն ու պատգամը տուաւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան նախ կարդաց Աստուածաշունչէն սաղմոս 92.12-15 համարները եւ իւրաքանչիւր խօսքի վրայ կեդրոնանալով մեկնաբանեց սաղմոսերգուին փառաբանական եւ շնորհակալական խօսքերը` ուղղուած Տէրոջ:

Ան ըսաւ, որ այս հատուածը միակն է, որ գրուած է հանգիստի օրուան համար, մինչ միւս բոլորը աշխատանքի մասին են: Հոս շեշտը կը դրուի ամբարիշտին եւ արդարին վրայ: Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ: Սաղմոսերգուն ճիշդ երգը կ՛երգէ, ճիշդ ժամանակին եւ կ՛ուղղէ ճիշդ հասցէին:

Ան ըսաւ. «Արդարը պիտի ծաղկի, արմաւենիին նման  դէպի երկինք պիտի սլանայ, որպէս յաւիտենական կեանքի նշան: Պիտի ծաղկի, բայց յատկապէս իր պտուղները օգտակար պիտի ըլլան եւ ոչ միայն ծաղիկները:  Անապատին մէջ զովութիւն եւ հանգիստ պիտի պարգեւեն: Իսկ եղեւինները կամ մայրիները ամուր հիմերու վրայ հաստատուած ապահովութիւն պիտի տան: Արդարները ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան: Արդարը կը մնայ, միայն Տէրը սէր ու շնորհ կը բաշխէ իր թագաւորութեան մէջ:  Իսկ մենք կը մնանք անոր խոնարհ ու տկար ծառաները»:

Պատգամաբերը անդրադառնալով Մատթէոս 12.15-21 համարներուն` մատնանշեց, որ Տէրը կ՛ըսէ. «Ահա՛ իմ ծառաս, զոր ընտրեցի եւ իմ սիրելիս, որուն հաւնեցաւ իմ անձս»: Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր պատգամը եզրափակելով` գնահատեց վեր. Սողոմոն եւ Եսթեր Քիլաղպեաններուն կատարած ծառայութիւնը:

Եկեղեցիի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Կարպիս Տէյիրմենճեանը, որ դրուատեց վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանին նուիրումը` յիշելով, որ քիչեր իրենց ծառայութեան աւարտին կը գնահատուին իրենց իսկ ապրած երկրին մէջ:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց աւետարանական համայնքի Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան վեր. Էտկար Թրապուլսի: Ան ըսաւ, որ 21 տարեկանին Հայ աւետ. Էշրեֆիէի եկեղեցիէն  մեկնարկած է  հովուական ծառայութեան, իսկ այսօր  կ՛ուզէ խորապէս շնորհաւորել եկեղեցիի ընտանիքը, որ գիտէ գնահատել երկար տարիներ ծառայած իր հովիւը` հետեւելով տասը պատուիրաններէն «Պատուէ հայրդ ու մայրդ»  պատուիրանին: Ապա վերապատուելին աւելցուց` շեշտելով, որ վեր. Սողոմոնին ցանած հաւատքի սերմերը պտուղ պիտի տան հիմա եւ  միշտ, որովհետեւ Աստուած  չի մոռնար իր անուանը փառք բերողները:

ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը շնորհակալութիւն յայտնեց վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանին, տիկին Եսթերին, զաւակներուն` Բալիկին եւ Շահանին, տարբեր միջոցներով իրենց արտայայտած նուիրուածութեան եկեղեցիին եւ Աստուծոյ խօսքին նկատմամբ: Վեր. Մ. Գարակէօզեան ըսաւ, որ տարիներու հովուական ծառայութեան, ժողովուրդի հոգեւոր հոգածութեան, եկեղեցիի առաջնորդութեան կողքին, վեր. Ս. Քիլաղպեանը ստանձնած է կազմակերպչական եւ միութենական զանազան պարտականութիւններ: Ան եղած է Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, տարբեր յանձնախումբերու մէջ գործած է հաւատարմութեամբ եւ անշահախնդրօրէն: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Եսթերին, որ անսակարկ նուիրումով եւ հաւատքով նեցուկ եղաւ վեր. Սողոմոնին` Տէրոջը եկեղեցիի սահուն ընթացքը ապահովելու ջանքին մէջ, նաեւ զաւակներուն` Բալիկին ու Շահանին:

Պաշտամունքի ընթացքին Մինաս Ադամեանը եւ Դալար Հայտոսթեան հոգեւոր երգերով յուզեցին ներկաները, իսկ եկեղեցիին երգչախումբը, գլխաւորութեամբ Ճան Սաղըրեանի, երգեց օրուան պատշաճող «Մեծ է հաւատարմութիւնդ»  հոգեւոր երգը:

Հայ աւետ. եկեղեցիի կողմէ եկեղեցիի պրոնզէ մանրակերտը` որպէս յիշատակի նուէր,  յանձնուեցաւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանին:

Նուագախումբին անդամներն էին` Կարպիս Տէյիրմենճեան, վեր. Նշան Պագալեան, Կարին Հայտոսթեան, Շահան Քիլաղպեան, Նարեկ Դաւիթեան, Արէն Տէյիրմենճեան:

Պաշտամունքը աւարտին հասաւ վեր.  Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ: Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանը ու տիկին Եսթերը շնորհաւորանքներ ընդունեցին յիշատակի սրահին մէջ, պատշաճ հիւրասիրութեան կողքին:

Նախօրէին` շաբաթ, 12 յունուար 2019,  երեկոյեան 8:00-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան Գերմանիկ սրահին մէջ հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ընթացքին պատուըւեցաւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանը: Հանդիսութիւնը վարեց Կարպիս Տէյիրմենճեանը, սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան Հայ աւետ. Էշրեֆիէի եկեղեցիի մէջ գործող տարբեր օղակներու առաջնորդները,  որոնք յիշեցին Քիլաղպեան ամոլին ունեցած ներդրումը` եկեղեցիի բարեզարդման եւ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի աճման մէջ: Սուրիոյ Հայ աւետ. համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանը շնորհակալութիւն յայտնեց վեր. Քիլաղպեանին,  յատկապէս` Սուրիոյ մէջ մատուցած իր ծառայութիւններուն համար:

Օրուան գեղարուեստական բաժինը ճոխացուցին Կեդրոնական բարձ. վարժարանի աշակերտները`  պարով, ասմունքով, իսկ եկեղեցիին նուագախումբը` նուագով ու երգով:

Բծախնդրօրէն կազմակերպուած ընկերային հանդիպումը իր աւարտին հասաւ յատուկ  կարկանդակի հատումով:

ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

15  յունուար 2019

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Դրական Կարգապահութեան Վարժանիստ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անմոռանալի Երեկոյթ Մը` Ընտիր Երիտասարդներու Հետ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.