Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Առողջապահական Յանձնախումբ. Տոքթ. Էտի Րագուպեան Ներկայացուց «Տարեկան Անհրաժեշտ Տարրալուծարանային Քննութիւններ» Նիւթը

Դեկտեմբեր 31, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին երրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 19 դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Օրուան նիւթն էր` «Տարեկան անհրաժեշտ տարրալուծարանային քննութիւններ»:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան մէջբերեց` «Մէկ կրամ նախազգուշութիւն աւելի կ՛արժէ, քան` հազար կրամ դարման» ասացուածքը եւ յայտնեց, որ ասիկա կ՛իմաստաւորուի, երբ հրամայական անհրաժեշտութիւն կը դառնայ պարբերական ընդհանուր քննութիւններ կատարելն ու ընտանեկան բժիշկին դիմելը: Ան ըսաւ, որ մարդ արարածին համար չկայ աւելի անտեսուած եւ մոռցուած բան, քան` իր առողջութիւնը: Այս դիտանկիւնէն մեկնած` յառաջադէմ բոլոր երկիրներուն մէջ առողջապահական ընկերային ապահովագրութիւնը պարտադիր դարձուցած է պարբերաբար կանոնաւոր քննութիւններ կատարելը, հակառակ պարագային` կը մերժէ վճարել հետագային կատարուելիք բժշկական խնամքին ծախսերը: Ուստի, մենք ալ, մեր կարգին, կանխարգիլելու համար վտանգաւոր առողջական վիճակներ պէտք է պարբերաբար բժշկական պարտադիր քննութիւններ կատարենք: Ապա հրաւիրեց տարրալուծարանագէտ տոքթ. Էտի Րագուպեանը` ներկայացնելու իր նիւթը:

Տոքթ. Էտի Րագուպեան նշեց, որ մեր ապրելակերպը ընդհանրապէս առողջական հարցերու դուռ կը բանայ: Մենք` իբրեւ մարդ արարածներ, պէտք ունինք  արեւու, բնական սննդականոնի, շարժումի, քալելու, որպէսզի առողջ մնանք: Մեր շարժուն չըլլալը, օդի ապականումը եւ ծխախոտը կարեւոր ազդակներ են հիւանդութիւններու տարածման: Բուրգերու մէջ գտնուող մոմիաներու մարմինները քննած են ու` տեսած, որ ոեւէ մէկը շաքարախտ եւ քաղցկեղ չունի:

Ան նշեց, որ ներկայիս տարածուած շաքարախտ հիւանդութիւնը կը յառաջանայ, երբ  աւելորդ շաքար, ճերմակ հաց, խմորեղէն կ՛ուտենք: Գիրութեան պատճառով այս հիւանդութեան հաստատումը բազմաթիւ բարդութիւններ կը յառաջացնէ մեր մարմնին մէջ, օրինակ` երակները կը չորցնէ, երիկամներուն կը վնասէ: Ապա տոքթ. Էտի յայտնեց, որ Ամերիկայի մէջ շաքարախտի հիւանդութեան աւելի կարեւորութիւն կ’ընծայեն, քան` քոլեսթերոլին: Լաւ շաքար պարունակող ուտելիքը միայն պտուղն է: Մենք առանց հաց ուտելու` կրնանք ապրիլ: Եթէ հիւանդ մը քոլեսթերոլի հիւանդութիւնը ունի, անիկա երկար ժամանակ կը տեւէ, որպէսզի իր բարդութիւնները տարածէ, մինչդեռ շաքարախտին բարդութիւնները շատ արագ կը յայտնաբերուին: Ամերիկայի մէջ շաքարախտը անուանած են «լուռ սպաննող»: Քոլեսթերոլը ճաշերէն յառաջ կու գայ, իսկ մաս մըն ալ մեր մարմինը կ՛արտադրէ: Բժիշկը յանձնարարեց երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք ճաշ չուտել, այլ` միայն պտուղ: Ան նաեւ ըսաւ, որ քալելը կարեւոր է, որովհետեւ երբ շարժում ընենք եւ ճիգ թափենք, արիւնը կը սկսի աւելի արագ դառնալ, եւ սիրտը աւելի արագ զարնել, ու մարմինին մէջ որեւէ հիւսուածք, որ աշխատցնես, առողջ կը մնայ: Օրական կէս ժամ պէտք է քալենք: Շաքարախտաւորին համար հիմնականը պէտք է շտեմարանը բնական վիճակի մէջ ըլլայ: Տոքթ. Էտին ապա խօսեցաւ քաղցկեղի մասին եւ ըսաւ, որ ամէնէն շատ տարածուածը թոքերու քաղցկեղն է, որուն պատճառը ծխելն է: Ան նշեց նաեւ, որ ուսումնասիրութեան մը համաձայն, չծխողներ քաղցկեղ հիւանդութիւն չեն ունեցած, իսկ ծխողները միշտ հակամէտ են քաղցկեղի:

Ապա տոքթ. Էտի Րագուպեան խօսեցաւ տարրալուծարանային քննութիւններու մասին: Ան յայտնեց, որ երբ մանուկը ծնի, քննութիւններու միջոցով կը ստուգուի նշիկներու գործունէութիւնը: Ենթական մինչեւ քառասուն տարեկան զերծ կը կացուցուի ընդհանրապէս քննութիւններէ: Քառասուն տարեկանէն ետք սխալ ապրելակերպի հետեւանքներ արդէն ի յայտ կու գան: Ընդհանրապէս քառասուն տարիքէն ետք կիներ պէտք է կուրծքի նկար (mammography) ընեն, ընդհանուր արեան, շաքարի եւ քոլեսթերոլի քննութիւնները հերթական դրութեամբ պէտք է կատարուին, իսկ յիսուն տարեկանէն ետք` տարեկան դրութեամբ: Իսկ տղամարդոց պարագային, յիսուն տարիքէն ետք պէտք է շագանակագեղձի քննութիւն կատարեն: Շաքարի տարողութիւնը (շտեմարանը) տոկոսային  դրութեամբ է, եւ ան կարմիր գնդիկներուն փակած կ՛ըլլայ. անիկա վեց տոկոսէն պակաս պէտք է ըլլայ: Դասախօսը վերջին բաժինով խօսեցաւ կիրի յառաջացման պատճառներուն մասին եւ նշեց, որ անիկա մեր շարժումներուն հետ կապուած է: Եթէ մեր շարժումները քիչ կամ չափազանց են, անիկա կիր կը յառաջացնէ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, ապա առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս տոքթ. Էտի Րագուպեանին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1968)

Յաջորդը

Դաշնակցութեան 128-ամեակի Հանդիսութիւն Թեհրանի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?