Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պօղոս Ղուկասեան» Պուրակի Բացում

December 31, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2018-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ անցեալ տարի մահացած Պօղոս Ղուկասեանի հոգեհանգիստը: Ապա գիւղի կեդրոնական հրապարակին վրայ, քաղաքապետարանի շէնքին դիմացը գտնուող տարածութեան մէջ բացումը կատարուեցաւ ընկերոջ անունը կրող եւ իր յիշատակը անմահացնող պուրակը, ուր տեղ գտած է իր նախասիրած բոյսերու եւ ծառատեսակներու հաւաքածոն: Այնճարի քաղաքապետարանի կենսոլորտի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, այս պուրակին բացումը կատարեց յանձնախումբի նախագահ Արփա Սնապեան-Անտոնեանը, որ վեր առաւ ընկերոջ անխոնջ ու մասնագիտական ներդրումը ընդհանրապէս գիւղի բնապահպանական եւ կենսոլորտի բարելաւման զանազան բնագաւառներուն մէջ: Արաբերէնով նոյնիմաստ խօսք մը արտասանեց իր տարիներու գործընկերը` Ուաժտի Պըրպերին: Ապա խօսք առաւ քաղաքապետը, որ բարձր գնահատելէ ետք հանգուցեալ ընկերոջ գործունէութիւնը, ընդգծեց անոր բերած օգտաշատ դերակատարութիւնը Լիբանանի բազմաթիւ գիւղերու մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անպայման որ ստացած է իր մշակած ծրագիրներու բարիքները, որոնք կը վերաբերէին ուտելիքներու բնական եւ ոչ ճարտարագիտական միջոցներով պատրաստելու եւ պահպանելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց ողբացեալ ընկերոջ գործօն եւ աշխուժ ներդրումը գիւղին մէջ գործող բոլոր հաստատութիւններուն մէջ` որպէս անոնց լիիրաւ անդամ:

Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց ընկերոջ այրին` տիկին Սիլվան, որ ակնյայտօրէն զգացուած էր պուրակի ստեղծման գաղափարէն, որուն համար իր եւ ընտանիքին անունով սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութիւնը իրականացուցած բոլոր մասնակիցներուն:

Ի վերջոյ, գիւղի քահանայ հօր օրհնութեամբ կատարուեցաւ բացման արարողութիւնը, որմէ ետք բոլոր ներկաները խուռներամ բազմութեամբ շրջեցան պուրակին մէջ եւ ծանօթացան հետաքրքրական մանրամասնութիւններու: Տեղի ունեցաւ գիւղական պատշաճ հիւրասիրութիւն:

***

 Ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին Այնճարի 3-11 տարեկան երեխաները քաղաքապետութեան կողմէ հրաւիրուած էին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահ, ուր գործակցաբար Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին` իրենց համար պատրաստուեցաւ շատ հաճելի Կաղանդի յայտագիր մը: Աւելի քան 250 երեխաներ տօնական մթնոլորտով ուրախացան եւ պարեցին, ինչպէս նաեւ ստացան նուէրներ:

***

26 դեկտեմբեր 2018-ին, դարձեալ քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, գիւղի տարեցներու եւ այլ ընտանիքներու բաժնուեցան Կաղանդի առիթով սննդամթերք, որ գլխաւորաբար կ՛ընդգրկէր անուշեղէն պատրաստելու որոշ տեսակներ, որ տօնական օրերու ընթացքին իւրաքանչիւր երդիքէ բարձրանայ Ս. Ծննդեան խմորեղէնները յատկանշող ու խորհրդանշող բուրմունքը:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. 120-ամեայ Շաղախ

Յաջորդը

Խոհեր` Նոր Տարուան Առիթով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.