Ալեքսանտրեթի (թրք. անուանումը` Իսքենտերուն) հայերը 2019 յունուար 5-ի երեկոյեան տեղի Քառասուն Մանկանց հայկական եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած են Սուրբ Ծննդեան նախօրէին կատարուող Ճրագալոյցի պատարագին, որ մատուցուած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Թաբաշեանի ձեռամբ: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Ըստ աղբիւրին, հոգեւորական Թաբաշեանը արարողութեան ընթացքին խօսած է սոյն տօնի նշանակութեան մասին` մասնաւորապէս նշելով.
«Յիսուս Քրիստոսը մեզի սէր տուած է: Աստուած կ՛օրհնէ սիրով կատարուած ամէն բան: Ձեր կեանքին մէջ պահպանեցէք սէրը, եւ մնացած ամէն ինչ դիւրին կերպով կը տրուի ձեզի: Թող աստուածային սէրը աւելնայ ձեր հոգիներուն մէջ»:
Պատարագէն ետք կատարուած է նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Քրիստոսի ծնունդը աւետող շարականներու ուղեկցութեամբ օրհնուած աղը, հացն ու ջուրը բաժնուած է տեղի հայերուն:
Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս տօնական ձեռնարկներու ընթացքին յայտնուած է Կաղանդ պապան եւ նուէրներ բաժնած` ներկայ մանուկներուն:
 
			


