Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին քրիստոնեայ աշխարհը կը պատրաստուի դիմաւորելու Սուրբ Ծննդեան հրաշափառ խորհուրդը:
9 դեկտեմբերը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յատուկ յիշատակութեամբ արձանագրուած է Անարատ յղացեալ մօր տօնը:
Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան տօնին առիթով վարժարանիս հոգաբարձու մարմինը նախաձեռնեց տօնախմբելու եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդները, եւ այսպէս, նախակրթարանի վեց դասարանները պատրաստուեցան լաւագոյն ձեւով արժեւորելու եւ ապրեցնելու իրենց ծնողները:
Կիրակի, 9 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ ծնողներու խուռներամ բազմութեամբ արտասովոր ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութենէն ետք ծափողջոյններով բացուեցաւ բեմին վարագոյրը: Բեմը ոչ միայն բարեփոխուած էր, այլեւ իր գեղատեսիլ յարդարանքով եւ լոյսերու շողշողուն փայլքով ներկաները փոխադրեց եթերային աշխարհ:
Բեմին բարեփոխութիւնը կատարուած էր տնօրէն խորհուրդին եւ ծնողաց վարչութեան ջանքերով. անոր կատարելագործումը վստահուած էր վարժարանիս ծնողներէն արուեստագէտ Րաֆֆի Ետալեանին, որ իր հսկողութեամբ կարճ ժամանակին մէջ անկարելին դարձուց կարելի:
Տօնահանդէսի յայտագիրին բացման խօսքը արտասանեց 9-րդ դասարանի աշակետուհիներէն Լիւսի Եթերեանը, որ իր խօսքին մէջ պատմական ակնարկ մը նետեց Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ծնունդին վրայ: Անոնք աւելի քան 171 տարիներէ ի վեր իրենց առաքելութեամբ կը նուիրուին հայ սերունդներու դաստիարակութեան: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի 97 տարիներու ընթացքին հայ քոյրերու անբասիր հաւատքով ծառայութեան ոգին, ապա ներկաները հրաւիրեց Ս. Ծննդեան կատարողութիւններով ուրախութեամբ պատրաստուելու եւ դիմաւորելու տօնական յառաջիկայ օրերը:
Մերթ ընդ մերթ կենդանի պատկերներու ներկայացումներով նախակրթարանի առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները բեմ բարձրացան իրենց տօնական զգեստներով եւ խմբային ու մենակատարութեան ճոխ երգացանկով: Անոնք երգեցին հինգ լեզուներով` հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ իտալերէն, ինչ որ մեծ զարմանք պատճառեց բոլոր ներկաներուն:
Օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որպէսզի իր սրտի խօսքը արտասանէ եւ բարեմաղթութիւնները կատարէ:
Ան ըսաւ. «Սիրելինե՛ր, աւելի քան մէկ ժամուան հոգեկան ապրումը կը պարտինք վարժարանիս մեծ անձնակազմին` սկսեալ առաքինազարդ քոյրերէն, ուսուցիչներէն, պատասխանատուներէն պատկան գործօն եւ գործակից մարմիններէն, որոնք ժրաջան աշխատեցան եւ ոչինչ խնայեցին լաւագոյնը տալու համար»:
«Այսօր սուրբ եկեղեցւոյ հետ մենք` Անարատ յղութեան հայ քոյրերս, յատուկ կը նշենք Աստուածամօր անարատ յղութիւնը` միաբանութեն պաշտպան մեր տօնը: Մարիամ առանձնաշնորհեալը կիներու մէջ տուաւ մեզի մարդացեալ Աստուածը` Յիսուս: Մօտալուտ այս օրերուն պիտի տօնենք Յիսուսի սուրբ ծնունդը` տարուան ամենագեղեցիկ տօնը, մանուկներո՛ւ տօնը», նշեց ան:
Տօնահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ծնողները առիթ ունեցան մտերմիկ զրոյցներով ջերմացնելու Հռիփսիմեանց ընտանեկան մթնոլորտը եւ լաւագոյն մաղթանքներով հրաժեշտ տուին իրարու:




