Շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2018-ին «Ֆենիսիա» պանդոկի «Կրանտ պոլրում» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիք մը` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, նախագահութեամբ Վարուժան Պարսումեանի, ներկայութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի, Լիբանանի կաթողիկէ հայոց Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի, Հայ աւետ. եկեղեցիներու կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ անդամներու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ընդհանուր քարտուղար, գործադիր տնօրէն միջազգային պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ասիոյ ցամաքամասի Յակոբ Խաչերեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեանի, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիի, Այնճարի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ Պետրոս Ֆէսլեանի, քաղաքապետութիւններու անդամներու, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, Լիբանանի զանազան ֆետերասիոններու նախագահներու եւ անդամներու:
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց Լիբանանի, Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի քայլերգները:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Հայկ Թապագեան, իսկ արաբերէնով խօսք առաւ Սիլվա Սաղըրեան: Հայկ Թապագեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը հարիւր տարիներու ընթացքին եղաւ հայ պարմանին ու պարմանուհիին հոգեկան ու ֆիզիքական կրթութեան ամենավառ օճախը, դարձաւ անոնց երկրորդ ծնող` ծառայութեան, մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոցը: Ան ըսաւ. «Սփիւռքի մէջ ծաղկած եւ միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի իրագործման համար ֆիզիքական տոկուն եւ հոգեկան բարձր արժանիքի տէր հայեր եւ տիպար քաղաքացիներ պատրաստելու ՀՄԸՄ-ի նպատակը` արդէն իսկ Լիբանանի շրջանիս մէջ 1924-էն ի վեր իր սկաուտներով, մարզիկներով եւ անդամներով, սերունդներ դաստիարակած է` տարածելով եւ մղիչ ուժը դառնալով աշխարհատարած մեր միութեան գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերուն: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը 100-ամեակի այս առիթով յանձնառու է շարունակելու հիմնադիրներուն առաքելութիւնը` պատրաստելու առողջ, ինքնուրաց եւ պարտականութեան գիտակից արի եւ վեհանձն սերունդներ»:
Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն մէջ ներկայացուեցան Կեդրոնական վարչութեան 100-ամեակի ձեռնարկները:
Եւրոպական երգերով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեանը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու տուչութիւն` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանին, ԿԿ-ի անդամ Վիգէն Աւագեանին, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, Այնճարի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ Պետիկ Ֆէսլեանին, Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիին, ձեռնարկի նախագահ Վարուժան Պարսումեանին, ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէին, երիտասարդութեան նախարարութեան եւ ֆետերասիոններու նախագահներուն:
Տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի կարկանդակի հատում:
ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան առիթով եղաւ աւելի քան 100 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատութիւն, ապա ելոյթ ունեցաւ հայրենի վաստակաւոր երգիչ Վարդան Պատալեանը:








