128-ամեայ, սակայն երիտասարդ աւիւնով իր ազգանուէր աշխատանքը շարունակող Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը թեւակոխեց եւս մէկ տարեդարձ: Տարեդարձներ, որոնք շաղկապուած եղած են ու կ՛ըլլան հայ ժողովուրդի վերիվայրումներով լի պատմութեամբ: Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումէն ակունքաւորուած Դաշնակցութեան 128-ամեակի հանդիսութիւնը նշանաւորուեցաւ դեկտեմբեր 20-ին ՀՄԱԿ-ի կեդրոնատեղի «Կոմիտաս» սրահին մէջ: «Մշակ բանուոր» քայլերգով սկիզբ առած ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսիկ Իւնանէսեանը, որ հրաւիրեց «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Սուրիկ Աբնուսեանին:
Սուրիկ Աբնուսեանը իր ելոյթը սկսաւ` ՀՅԴ անխոնջ գործիչ, մտաւորական հանգուցեալ Հրայր Մարուխեանի անմեռ յիշատակը մեծարելով, որուն ծննդեան օրը կը համընկնէր դեկտեմբեր 20-ին: Ան ողջունելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 128-ամեակը` ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը յանուն հայ ժողովուրդին` կը պայքարէր նոյնիսկ իր գոյութենէն առաջ, քանզի այն հաւաքականութիւնն էր բոլոր այն կազմակերպութիւններու ու խումբերու, որոնք առանձին-առանձին կ՛աշխատէին յանուն մէկ նպատակի` ծառայել հայ ժողովուրդին: Ան անդրադարձաւ այն չորս հիմքերուն, որոնց հիման վրայ կազմաւորուած է Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը` ազգային, ժողովրդավարական, ընկերվարական ու յեղափոխական եւ ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը հիմնուած է ազգին, ժողովուրդին եւ եկեղեցիին ծառայելու վրայ:
Ձեռնարկին որպէս բանախօս հրաւիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեանը, որ իր համապարփակ ելոյթի առաջին բաժինով անդրադարձաւ իրանահայ համայնքի իւրայատկութեան եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած դերակատարութեան` ընդգծելով. «Իրանահայ համայնքի իւրօրինակութիւնը կայանում է նաեւ նրանում, որ եթէ Մերձաւոր Արեւելքի մի շարք երկրների հայ համայնքները հիմնականում ձեւաւորուել կամ վերակազմաւորուել են նոր եւ նորագոյն ժամանակներում, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութիւնից եւ արեւմտեան Հայաստանի հայաթափումից յետոյ, Իրանի հայ համայնքը գոյութիւն է ունեցել խորը հնութիւնից սկսած, աչքի ընկնելով որպէս կատարելապէս ձեւաւորուած ու հաստատուն մի համայնք»: Բանախօսը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի հոլովոյթին մէջ Դաշնակցութեան աներկբայ դերակատարութեան եւ անդրադառնալով ներկայ պայմաններուն` ընդգծեց. «Հայաստանի անկախութեան վերականգնումից յետոյ էլ Դաշնակցութիւնը միշտ սատարել է մեր պետականութեան կայացմանը, նոյնիսկ` այն ժամանակ, երբ օրուան իշխանութիւնների կողմից քաղաքական հալածանքների էր ենթարկւում»: Ան ընդգծեց. «Մենք մաս ենք կազմել Հայաստանի կառավարութիւններին, համագործակցել ենք այդ օրուան իշխանութիւնների հետ: Սակայն, մաս կազմելով կառավարութեանը, մենք ունեցել ենք մեր ուրոյն ոճն ու ձեռագիրը` երբեք չնոյնանալով իշխող կուսակցութեան հետ, փորձելով ներսից շտկել կառավարութեան քաղաքականութիւնը` առաջնորդուելով «փոքր արդիւնքն արդիւնքի բացակայութիւնից աւելի լաւ է սկզբունքով: Սակայն իշխանութիւնը մեզ համար երբեք ինքնանպատակ չի եղել»: Բանախօսը ընդգծեց. «Մենք ունենք երկրի զարգացման մեր տեսլականը եւ պատրաստ ենք աջակցել ցանկացած նախաձեռնութեան, անկախ նրանից, թէ ո՛վ է հեղինակը, եթէ այդ նախաձեռնութիւնը համահունչ է մեր տեսլականին, եւ պայքարելու ենք այն նախաձեռնութիւնների դէմ, որոնք հակասում են մեր սկզբունքներին ու երկրի հետագայ զարգացման մեր պատկերացումներին»:
Տօնակատարութեան եզրափակիչ խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը, որ ողջունելով Դաշնակցութեան 128-ամեակը` ընդգծեց. «Դաշնակցութիւնը ազգային եւ ընկերվարական կուսակցութիւն լինելով` իր գաղափարախօսութեամբ որեւէ մէկ հասարակութեան մէջ իր ներկայութեամբ բարիք է բերում, որովհետեւ որպէս ազգային գաղափարախօսական կուսակցութիւն` ինքը իր ներքին, ազգային արժէքներով կը լիցքաւորէ եւ կը լիցքաւորուի: Իսկ միջազգային թատերաբեմի վրայ` որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն, կարողանում է իր ժողովուրդին լաւագոյն կերպով իր ծառայութիւնը եւ նպաստը բերել»: Թեմակալ առաջնորդը ընդգծեց. «Այս հանգամանքներով պատուանդանուած քաղաքական կազմակերպութիւնը եւ կուսակցութիւնը, ըստ իս, որեւէ ընկերութեան եւ հասարակութեան եւ երկրի համար բարիք միայն կը բերի: Մեր ազգային իրականութեան մէջ Դաշնակցութիւնը, առանց չափազանցութեան, միակ կուսակցութիւնը եղած է, որ հայրենիքին եւ ազգային արժէքներին ամէն օր իր կեանքը զոհած է»:
Հանդիսութեանը ներկայ էին նաեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեանը, Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեանը, Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ժողովի անդամ Թովմաս Թովմասեանը, Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը, Թեհրանի հայոց թեմական Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհուրդի, ազգային մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկի ծրագրին մէջ ներառուած էին նաեւ տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ ազգային ազատագրական պայքարը ներկայացնող պարային կատարումներ, որոնք զուգորդուած էին ասմունքով: Պարային կատարումը կը ներկայացնէր ՀՄԱԿ-ի «Արարատ» պարախումբը, իսկ ասմունքը` Այրինա Նորաւեանը: Հանդիսութեան Նոր Ջուղայէն հրաւիրուած էին երիտասարդ երգիչ-երգչուհի Վանայ Շիրուանեանը եւ Հարմա Կարապետեանը, որոնք ներկայացուցին ազգային-յեղափոխական երգերու շարան: