Ձուկը Գլուխէն Կը Փտի
ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱՔԵԱՆ Կ՛ըսեն, թէ փտածութիւնը պոռնկութենէն վատ է: Վերջինը թէկուզ կը վտանգէ անձի մը բարոյականը, սակայն առաջինը հաստատօրէն կը վտանգէ զանգուածի մը առաքինութիւնը: Ի՞նչ է փտածութիւնը եւ ինչպէ՞ս կը սկսի: Կեանքի յոռի ընթացքը կը սկսի մանկութենէն, երբ երեխան ննջելու ժամուան վերաբերող իր մօր թելադրանքը կ՛արհամարհէ` հօրմէն ուրիշ թելադրանք մը ապահովելու «սրամիտ» քաղաքականութիւն վարելով: Փտածութիւնը, պարզ սահմանումով, վատ արարքի մը գործադրութիւնն...




