Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուլիս 15-ը` Բացատրուած Հարցումներով

Փետրուար 4, 2017
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1.  Ի՞նչ պատահեցաւ 15 յուլիս 2016-ին:

Թուրքիոյ մէջ թրքական բանակը յեղաշրջման ձախող փորձ մը կատարեց Էրտողանի կառավարութիւնը տապալելու նպատակով:

2. Էրտողան զո՞վ կ՛ամբաստանէ յեղաշրջման այս փորձին համար:

Էրտողան կ՛ամբաստանէ Ֆեթուլլա Կիւլենի կազմակերպութիւնը` «ՖԵԹՕ»-ն:

3. Ինչո՞ւ այս անգամ «ՖԵԹՕ»-ն եւ ոչ` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը:

Որովհետեւ արեւելեան Թուրքիոյ մէջ թուրք-քրտական պատերազմը արդէն շատոնց սկիզբ առած էր, եւ քիւրտերը որպէս Էրտողանի առաւելագոյն իշխանութեան հասնելու գլխաւոր խոչընդոտը արդէն իսկ դժուար վիճակի մատնուած էին: Ուրեմն առաջին խոչընդոտը վերցնելէն ետք, կար միւս յայտնի դէմքը` Կիւլենը, որ կրնայ զօրաւոր մրցակից մը ըլլալ Էրտողանի եւ անոր երազի իրականացման առիթը խլել իրմէ: Ինչպէս նաեւ այս ամբաստանութիւնը առիթը պիտի ստեղծէր թրքական բանակային եւ պետական պաշտօնեաներու շարքերը մաքրել կիւլենականներէ եւ «ՖԵԹՕ»-ի դիրքը տկարացնել Թուրքիոյ մէջ:

4. Լաւ, իսկապէս ո՞վ էր յեղաշրջման փորձ կատարողը:

Եթէ ենթադրենք, որ «ՖԵԹՕ»-ի յայտարարութիւնը սուտ չէր եւ իսկապէս «ՖԵԹՕ»-ն չէր յեղաշրջման փորձ կատարողը, եւ որովհետեւ բանակը այլեւս քեմալականներու ազդեցութեան տակ չէր ու հիմնականին մէջ Էրտողանի հրահանգներով է, որ կը շարժի… ապա այն ատեն կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ Էրտողան «ինքնիրեն դէմ» յեղաշրջման փորձ կատարեց:

5. Վերադառնանք սկիզբ: Ի՞նչ պատահեցաւ 15 յուլիս 2016:

Էրտողան անհամբեր է իր սալթանութեան գլուխը անցնելու, տեսաւ, որ կրնայ քիւրտերուն զէնքի ուժով չէզոքացնել, բանակը եւ պետական պաշտօնեաները կրնայ իրեն աւելի հաւատարիմ դարձնել ու շարքերը «ոչ Էրտողանամէտ»-ներէն մաքրել եթէ կիւլենականները խլէ իրենց պաշտօնները եւ, վերջապէս վերջնականօրէն կրնայ ազատիլ ձախակողմեան շարժումներէն, եթէ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութիւնը մէջտեղէն հանէր: Հետեւաբար, այս բոլորը միասնաբար կարելի էր ընել «յեղաշրջման ձախող փորձով» մը, որուն ընթացքին ինք պիտի չնահանջէր այլ ժողովուրդը փողոց պիտի թափէր արարքը չմեծցնելու ու վերջակէտ մը դնելու համար: Եւ ճիշդ այս բեմագրութիւնն էր պատահածը յուլիս 15-ի Թուրքիոյ անքուն գիշերը:

6. Էրտողանի ծրագիրը որքանո՞վ յաջողեցաւ:

Պետական եւ բանակային շարքերը բիւրեղացան եւ տակաւին առօրեայ դրութեամբ կիւլենականներ եւ երբեմն ոչ կիւլենականներ յանկարծ իրենց պաշտօններէն կը վտարուին, Ժ.Ժ.Կ.-ի երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութեան իրաւունքը խլուեցաւ եւ աւելի ուշ, նոյեմբերին, կուսակցութեան ղեկավարները անակնկալօրէն ձերբակալուեցան իրենց տուներէն, Տեմիրթաշ դատապարտուեցաւ 142 տարի բանտարկութեան իսկ Եուքսեքտաղ` 83 տարի: Ազգային մեճլիսէն վտարելով ընդդիմադիրները` շատ մեծ դիւրութեամբ կրցաւ անցընել սահմանադրութիւնը էրտողանականացնող փոփոխութիւնները, եւ եթէ հանրաքուէն ի նպաստ ըլլայ այս փոփոխութիւններուն, Թուրքիան կը դադրի հանրապետութիւն մը ըլլալէ:

Նախորդը

«Վսեմ Գաղափարների Պաշտպաններ»

Յաջորդը

Մեր Խօսքը. Յեղաշրջման Ուղիով

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?